ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Խօսքը սփիւռքահայ այն իրաւ արուեստագէտներու մասին է, որոնք կրցած են մարդկութեան տալ գեղարուեստական այնպիսի աւանդ մը, որ արուեստը քայլ մը առաջ տանելու կամ աստիճան մը վեր բարձրացնելու (թէկուզ` փոքր) գեղարուեստական ուժը կը պարունակէ իր մէջ: Ինչպէս` Այվազովսկի, Արշիլ Կորքի, Ռուբէն Նաքեան, Երուանդ Քոչար, Խորէն Տէր Յարութեան, Լեւոն Թիւթիւնճեան, Հայկ Բադիկեան, Գառզու, Ժանսեմ, Փ. Կիրակոսեան, Գեղամ Թազեան, Արթօ Չաքմաճեան, Եուրոզ… եւ այլն: Գուցէ չկայ հայ իրաւ արուեստագէտ մը, որուն վրայ հետք ձգած չըլլայ Ցեղասպանութիւնը:
Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ադոյեան) ստեղծագործական կեանքը լաւագոյնս կրնայ դրսեւորել յետեղեռնեան սերունդի ոգեղէն հայրենիք «որոնելու» տագնապներն ու անոնց անդրադարձը ազգային ու մարդկային խնդիրներու վրայ: Ան ծնած է Վանայ լիճի մօտ` Խորգոմ գիւղը, 1904-ին: 1915-ին Ոստանիկ կը մասնակցի Վանի ապրիլեան ինքնապաշտպանական կռիւներուն` իբրեւ մարտիկներու օգնական: Այգեստանի անկումէն ետք ընտանիքով կը հասնի Էջմիածին ու կը տեղաւորուի Երեւանի ամէնէն աղքատ թաղամասը` Կոնտ, ուր մայրը կը մահանայ անօթութեան իբրեւ հետեւանք: 1919-ին կ՛անցնի Թիֆլիս, ապա Պաթում, Պոլիս եւ Յունաստանի վրայով 1920-ին կը հասնի Միացեալ Նահանգներ, ուր լուրջ խժդժութիւններու կը հանդիպի: Իր արուեստի հասունացման ու ծաղկման շրջանին վերջ կու տայ իր կեանքին` ինքնասպանութեամբ:
Ցոյց տալու համար Արշիլ Կորքիի տեղն ու դերը արուեստի պատմութեան մէջ` մէջբերենք Անտրէ Պրեթոնի վկայութիւնը.
«Կորքին Միացեալ Նահանգներու արուեստի պատմութեան մէջ երբեւիցէ եղած գեղանկարիչներուն ամենամեծն է եւ իւրայատուկը»: Իր նամակներէն մէկուն մէջ Կորքի կը խոստովանի. «… Այս բոլորին համար ես պարտական եմ մեր հայ արուեստին»:
Կորքին նոր երեւոյթ էր, եւ այդ պատճառով ալ Ամերիկայի արուեստաբանները չկրցան տեղաւորել զինք որեւէ ԻԶՄ-ի մէջ: Պարպարա Ռոզ կը գրէ. «Տակաւին չէ ճշդուած այն հարցը, թէ Արշիլ Կորքի վերջին գերիրապա՞շտն (Surrealism) է, թէ՞ առաջին վերացական-արտայայտչապաշտը (Abstract-Expressionism):
Ամերիկացի արուեստաբաններէն շատեր, ինչպէս` Ճոն Կրահամ, Հարրի Ռանտ, Ճիւլիըն Լէյվի եւ տասնեակէ մը աւելի ուրիշներ բարձր կը գնահատէին անոր արուեստը, սակայն չէին հասկնար զինք: Կորքի կ՛առարկէ.
«Անոնք մօրս աչքերը փիքասոյական կը համարեն, իսկ հայոց թախիծը` բիւզանդական կամ ռուսական. երբ կ՛ուղղեմ անոնց սխալները, անոնք կը պատասխանեն, որ այդ ուղղումները, փոքր ազգերու յատուկ չափազանցուած ազգայնամոլութիւն են: Այս մէկը կը կատղեցնէ զիս… Արուեստը ազգայնամոլութենէ վեր է եւ կը ներկայացնէ համընդհանուր մարդկային աչքը»:
«Իմ արուեստը մեր դժբախտ ժողովուրդի ինքնաարտայայտութիւնն է»:
Այո՛, սփիւռքահայ կայացած կերպարուեստագէտներէն շատերու արուեստը կը տարբերի միւսներէն եւ դժուար կը տեղաւորուի որեւէ ԻԶՄ-ի մէջ, որովհետեւ անոնք էութեամբ ոգեպաշտ (hylozoist) են: Թէեւ ոգեպաշտութիւնը հին աշխարհի մէջ հայութեան մենաշնորհը չէ, սակայն ան խորապէս անթեղուած է հայ ազգային մշակոյթի հազարամեակներու խորքը ու հասած` մինչեւ մեր օրերը: Հակառակ անոր որ տիրող կարծիքը այն է, թէ Կորքին «վերացապաշտ-արտայայտչապաշտ (Abstract-Expressionism) դպրոցի հիմնադիրն է, բայց իրականութեան մէջ ան ընդոծին ոգեպաշտ (hylozoist) մըն էր: Կորքիի համար ապրող բոյսերէն, քարերէն ու ոսկորներէն աւելի կենսական նշանակութիւն ունէր «ապրող երազներ»-ու բնորոշումը, որոնք յիշողութեան ճամբով կը բացուէին իր արուեստին վրայ` իբրեւ տեսիլք, իբրեւ անցեալի երփներանգ վերապրում: Կորքի կ՛ըսէ. «Մենք կորսնցուցինք մեր գեղեցիկ Հայաստանը, եւ ես պէտք է վերականգնեմ զայն իմ ստեղծագործութիւններուս մէջ»: Ահաւասիկ` ուրկէ կը բխի ոգեղէն հայրենիք կերտելու անխուսափելի ցանկութիւնը, որ ակամայ կը շրջանցէր անկախութեան գաղափարն ու անոր գեղարուեստական դրսեւորումը:
Կորքիի ակնարկութիւնը առաւելաբար Արեւմտահայաստանին կ՛երթար, որովհետեւ ան ոչ միայն կ՛ընդունէր Խորհրդային Հայաստանը, այլ նաեւ բուռն կերպով կը ցանկար այցելել հոն: Այո՛, սփիւռքահայ արուեստագէտին համար մխիթարանք (ոմանց համար` նոյնիսկ հպարտանք) էր Խորհրդային Հայաստանի իրողութիւնը, թէեւ շատեր կը նախընտրէին ազատ, անկախ Հայաստան մը:
Կորքին ամենայն համոզուածութեամբ կը պնդէր. «Մենք կարճ ժամանակի ընթացքին հարկադրաբար շատ բան տեսանք ու ապրեցանք: Տեսանք թուրքերու ոճրագործութիւնները, կոտորածն ու Եղեռնը, մեր գաղթը, մեր երկրի կործանումը: Ես կը յիշեմ այս բոլորը: Մենք` ողջ մնացածներս, չենք կրնար այս բոլորին չհակադարձել հնարաւորին չափ մեծ ուժգնութեամբ»:
Այսպիսով, Կորքի ոչ միայն ինքզինք այլ նաեւ յետեղեռնեան ամբողջ սերունդը յանձնառութեան տակ կը դնէր` հակադարձելու հնարաւորին չափ մեծ ուժգնութեամբ: Սակայն խօսքը «ակն ընդ ական» վրէժխնդրութեան մասին չէ, այլ` գեղարուեստական հզօրութեան, ինքնահաստատման եւ յատկապէս ինքնատիպ ու բարձրորակ մշակոյթի մը պաշտպանութեան եւ նորի ստեղծման: Այդ ժամանակաշրջանին Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող կարծիքը այն էր, որ հայերը անմշակոյթ, թշուառ ու թափառաշրջիկ ցեղի մը մնացուկներն են, եւ այդ պատճառով ալ զանոնք կ՛անուանէին «սոված հայեր» (Starving Armenians): Այս ստորնացուցիչ արտայայտութենէն բացի` կար աւելի սարսափելի եւ ուղղակի թշնամական վերաբերումը: Օրինակի համար, տիտղոսաւոր ազգագրագէտ մը (կը վարանիմ անոր անունը հոս յիշելու) սնամէջ ամբարտաւանութեամբ կը յայտարարէր. «Հայերն ու յոյները շուներ են ու խոզեր: Սեփական ոչ մէկ բան ունենալով հանդերձ, ո՛չ հայրենիք, ո՛չ տուն, ո՛չ ունեցուածք, կը փորձեն չենթարկուիլ թուրքերուն»: Երբ նմանօրինակ կարծիքներ ու կեցուածքներ կային հայութեան հանդէպ աշխարհի տարածքին (սկսեալ` ամերիկեան ու եւրոպական երկիրներէն մինչեւ Ռուսիա ու նոյնի՛սկ Լիբանան), հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ սփիւռքահայ արուեստագէտի ազգային արժանապատուութեան վիրաւորանքը պիտի ըլլար այնքան մեծ եւ խոր, եւ որ իբրեւ բաց վէրք իր անդրադարձը պիտի գտնէր (թէկուզ` ենթագիտակցաբար) իր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Չարամիտներու կողքին թէեւ կային շատ աւելի մեծ թիւով գթասիրտ ու խղճամիտ անձնաւորութիններ, որոնք նոյնի՛սկ օգնութեան ձեռք կ՛երկարէին հայութեան, սակայն շատերու համար այս մէկը եւս տեղ մը տհաճ էր եւ վիրաւորական, որովհետեւ սեփական ազգային ուժ ստեղծելու եւ անոր վրայ յենուելու գաղափարը թէեւ կար, սակայն զայն իրագործելու կամ ծրագրաւորելու գործնականացումը չկար…
Կորքի եւ իր ժամանակակիցները քրիստոնէաբար պատասխանեցին այդ հակամարդկային կեցուածքներուն: Ահա թէ ինչո՛ւ անոնց արուեստին մէջ չկայ վրէժխնդրութիւն եւ կամ վայրագութեան հրահրում:
Ի հարկէ այսօր ժամանակները փոխուած են արդէն, եւ դժուար թէ նման յոռի արտայայտութիւններ տեղի ունենան հայութեան մասին… բացի մեր երդուեալ թշնամիներէն:
«Յիշողութիւնը արուեստագէտին սերմն է», կ՛ըսէ Արշիլ Կորքի:
Յիշողութիւնը իսկապէս սերմի դեր կատարեց սփիւռքահայ բազմաթիւ կերպարուեստագէտներու համար: Անոնցմէ շատեր յղացած են նաեւ Եղեռնի նուիրուած յուշակոթողներ, որոնց մէկ մասը սակայն դուրս գալով ցեղասպանութեան պարունակէն կ՛արտայայտէ Ազատութեան, Վերածնունդի եւ կամ Ըմբոստութեան ու Զայրոյթի գաղափարները: Օրինակի համար, Նիու Եորքի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ բակին տարածքին Եղեռնի առիթով դրուած են Ռուբէն Նաքեանի եւ Խորէն Տէր Յարութեանի ստեղծագործութիւնները: Առաջինը կը ներկայացնէ Վերածնունդը իսկ երկրորդը` Զայրոյթի: Ռուբէն Նաքեան խաչի փշրուած բեկորները հաւաքելէ ետք շարած է զանոնք բրգաձեւ` իբրեւ տառապանքի մէջ ջրդեղուած ժողովուրդի մը միասնականութեան ու վերածնունդի խորհրդանշան: Իր հասցէին բարձր գնահատանքներ արձանագրած են բազմաթիւ հեղինակաւոր արուեստաբաններ, որոնցմէ մէկը`Թոմաս Պ. Հես, 1962-ին կը գրէր. «Նաքեան ամերիկեան արդի երէց արուեստագէտներուն մէջ եզակի է… ողբերգականութեամբ»: Անոր արուեստի «ողբերգականութիւնը» ուժգնօրէն դրսեւորուած է շարք մը ստեղծագործութիւններու մէջ, ինչպէս` «Աստուածներու պարտէզը», որուն յագեցուած ողբերգականութիւնը կը տարածուի առհասարակ համամարդկային հարթակներու վրայ: Եւ ի զուր չէ, որ կը համարուի ամերիկեան «շարժուն քանդակագործութեան»(Action sculpture) հիմնադիրը: Անոր քանդակներէն շատեր զետեղուած են ամերիկեան կարեւոր հրապարակներու վրայ եւ թանգարաններու մէջ` Ալ. Քալտըրի եւ կամ Հենրի Մուրի նման մեծերու շարքին:
Իսկ Խորէն Տէր Յարութեանի յղացքը կը պատկերէ «Ցեղասպանը», ուր պատկերուած է գիշատիչ անգղ մը, որ լափելէ ետք մարդկային մարմին մը, կը պատրաստուի յօշոտելու երկրորդը: Անգղը սարսռազդեցիկ ու ահարկու տեսք ունի, ան կը դրսեւորէ կեանքը ոչնչացնելու գազանային մոլուցքը` արտայայտչական ապշեցուցիչ լարուածութեամբ: Այս բացառիկ յղացքով Խորէն Տէր Յարութեան կ՛արտայայտէ իր ողջ զայրոյթը ընդդէմ Ցեղասպանութեան ու անուղղակիօրէն ըմբոստութեան կը մղէ ակնդիրը: Ան ծնած է 1909-ին, Աղստաֆա (Արեւմտահայաստան): Եղեռնի դառնութիւնը ցմրուր ըմպելէ ետք 1921-ին կը հաստատուի ԱՄՆ, ուր կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ ցմահ` արժանանալով համաամերիկեան ճանաչման եւ գնահատման: Վաւերականօրէն յանձնառու այս արուեստագէտը իր բարեկամներէն մէկուն ուղղուած նամակի մը մէջ կը գրէ. «1926-էն մինչեւ կեանքիս վերջը ես ալ կռուած եմ եւ պիտի կռուիմ իմ մուրճով ու վրձինով` տգէտ ու բարբարոս թուրքին դէմ»: Ան իրագործած է ազգային հայրենասիրական բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, ինչպէս` «Ռմբաձիգը», իսկ յուշարձաններէն` «Վերածնունդ»-ը, որ դրուած է Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգիին կեդրոնը: Իսկ «Մուսալեռնցին» զետեղուած է Թել Աւիւի պետական համալսարանի բակը, որուն տարբերակներէն մէկը կը գտնուի Խորէն Տէր Յարութեանի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած Էջմիածնի թանգարանը, իսկ ուրիշ մը` Հայաստանի «Մուսա Լերան» յուշակոթողի ներքնամասին մէջ: Սակայն, այս առումով, իր ամենայատկանշական գործը «Փոքր Մհեր»-ն է, որ կը զարդարէ Ֆիլատելֆիոյ պետական պատկերասրահի եւ Օկիւստ Ռոտենի թանգարանի միջեւ ինկած «Ֆերմունթ» զբօսայգին: Այս խմբաքանդակի կեդրոնական կերպարը` Փոքր Մհերը, սուրը գլխիվայր խաչի վերածած յաղթականօրէն կանգնած է քառակուսի պատուանդանի մը վրայ, որուն չորս կողմերուն իրագործուած են հետեւեալ բարձրաքանդակները. Աւարայրի ճակատամարտը, Հայ մշակոյթի պաշտպանը, Վերջին վերապրողն ու հայ ազգի ապագան: Բացի յիշեալ յուշարձաններէն` ան ազգային-հայրենասիրական բովանդակութեամբ բազմաթիւ գործեր ունի, ինչպէս` «Եփրատի փրփուրները», «Յաղթանակ», «Ցեղասպանութիւն»-ներու շարքը, «Ֆետային», «Հերոսական Կիլիկիան» «Վերածնունդ» եւ այլն:
Յետեղեռնեան սերունդէն ուրիշներ եւս մեզի կտակած են ազգային եւ համամարդկային բովանդակութեամբ թաթաւուն մնայուն արժէքներ, ինչպէս` Փանոս Թերլեմեզեան, Հայկ Բադիկեան, Ռաուլ Հէյկ, Հենրի Լայըն, Սարգիս Խաչատուրեան, Երուանդ Քոչար,Գրիգոր Շիլդեան, Ճորտանօ (Ժիրայր Օրագեան), Աշոտ Զօրեան, Ժան Դարբինեան, Յով. Ասատրեան եւ այլն:
Յաջորդ սերունդները թէեւ ականատեսներէ լսեցին Ցեղասպանութեան մասին, սակայն անմասն չմնացին անոնց հետեւանքներէն: Ինչպէս` Գառզուի «Արարատ» վիմատիպներու շարքը, Ժանսեմի Եղեռնին նուիրուած շարքը, Փոլ Կիրակոսեանի «Եղեռն» եւ «Վերածնունդ» շարքերը, Զաւէն Խտըշեանի «Ազատագրում» եւ «Վերականգնում» քանդակները, Եուրոզի «Վերածնունդ» կտաւն ու անոր տարբերակները: Ինչպէս նաեւ` Կիւվ, Կիւվտէր, Գեղամ Թազեան, Պերճ Չաքէճեան, Արթօ Չաքմաքճեան, Մ. Մազմանեան եւ շատ շատեր անդրադարձած են այս թեմային..
Թէեւ «անկախութեան գաղափարը» լուսանցքայնացուած է սփիւռքահայ կերպարուեստի մէջ, սակայն փոխարինուած է մարդու էութեան ազատագրման, ոգեղէն հայրենիքի, վերածնունդի եւ այլ ազգային ու համամարդկային գաղափարներով: