ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ. ԳԱԼԱՃԵԱՆ
«Թուրքը արտաքնապէս կոպիտ ու անտաշ, բայց ներքինով գերազանց խորամանկ, նրբամտութեան ու թաքնամտութեան խառնուրդ մը, կեղծիքի մէջ մագիստրոս մը»:
ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ
24 Ապրիլ 1915:
Թուական մը, ոչ սովորական, այլ` իմաստալից ու խորհուրդ խորին: Չարաշուք, անմոռանալի, անհերքելի թուական մը իւրաքանչիւր հայու, ի մասնաւորի` գիտակից հայ երիտասարդին համար:
Թուական մը, որ 20-րդ դարու սկիզբին դարձաւ ազգի մը բնաջնջման եւ այս աշխարհի երեսէն վերացման մահասարսուռ օր մը:
Թուական մը, երբ իւրաքանչիւր հայ երդիք անխտի՛ր կորսնցուց արիւնակից մը կամ հարազատ մը:
Երբ կարդանք հայոց պատմութեան արիւնալի, աղէտալի, ինչպէս նաեւ յաղթական էջերը, հոն պիտի տեսնենք, թէ ազգային հերոսներուն եւ եկեղեցական մարտիրոսներուն մասին արեամբ գրուած էջերը անհամար են, սակայն այս բոլորին գերազանցած է 24 Ապրիլ 1915-ը:
Դիւանագիտական ու տնտեսական շահերու ապահովման պատրուակով, 20-րդ դարու քաղաքակիրթ աշխարհը, արդէն իսկ որոշում կայացուցած էր բնաջնջել հայ ազգը: Բոլորիս ալ ծանօթ է, թէ ո՞վ ծրագրած եւ մշակած էր այս աղէտալի եւ արիւնարբու ծրագիրը: Իթթիհատ վէ թերաքքի կուսակցութիւնն էր, որ կը գործէր Օսմանեան պետութեան հովանիին ներքոյ, հակառակ այն իրողութեան որ հայ երիտասարդներ թեւ ու թիկունք հանդիսացած էին այս կուսակցութեան` Սուլթան Համիտի տապալման գործընթացին մէջ: Այս սխրանքներուն ու աջակցութեան իբրեւ արդիւնք, Օսմանեան կառավարութիւնը քաղաքացիական ազատութիւն խոստացած էր հայ ազգին: Սակայն, երբ իթթիհատականներ եկան գրաւելու կառավարական աթոռները, ուրախութիւնը վերածուեցաւ տխրութեան, յոյսը` յուսահատութեան եւ կեանքը` մահուան:
23 ապրիլէն 24 լուսցող գիշերն էր: Իթթիհատականները կ՛անցնին Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութիւնը իր պապենական հողերէն արմատախիլ ընելու ծրագիրին գործադրութեան: Պոլսոյ մէջ առաջին անգամ կը սկսին ի մի խմբել հայ մտաւորական խաւը եւ զանոնք աքսորել երկրին զանազան վայրերը: Երկու ամսուան ընթացքին կը գործադրեն այն անմարդկային եւ զազրելի արարքները, զորս աւերակործան աշխարհակալներու, արիւնարբու սուլթաններու միտքէն իսկ չէին անցած: Արդարեւ, աննկարագրելի եւ անպատմելի են սպանութեան այն ձեւերը, որոնց ենթարկուեցան մեր հարազատները` հիւսիսային Սուրիոյ անապատներուն մէջ: Անոնց վայրագութիւնները այն աստիճանի հասան, որ մեր արաբ եղբայրները ստիպուեցան իրենց արեան իսկ գնով ազատել հայերը, որոնք եաթաղանէն մազապուրծ ըլլալով, ապաստան գտած էին Սուրիոյ մէջ եւ հազիւ սկսած էին տուն տեղ ըլլալ անապատներու խորշակահար գիւղերուն մէջ:
Աներեւակայելիօրէն մեծ էր կորուստը հայ ազգին: Վանքեր, դպրոցներ, տուներ եւ ի մասնաւորի` մշակոյթը արմատականօրէն կործանած էին: Մշակոյթը կերտող ռահվիրաները չկային. հայ երիտասարդութիւնը բնաջնջուած էր, մտաւորական դասը` սպաննուած, իսկ հայ ժողովուրդը` աքսորի ճամբան բռնած:
24 ապրիլ 2023: Ահա դարձեալ մեր բոլորին սիրտերուն վէրքերը կը բացուին, եւ կրկին կը տեսնենք մեր սիրտերը կոտտացնող ու մեր միտքերը կսկծացնող վէրքին ահաւոր խորութիւնը: Վէրք մը, որ ոչ մէկ ազգ կրցաւ դարմանել, այլ միայն դարմանեց ինքզինք:
Հարիւր եւ ութ տարուան պատմութիւնը այսօր այլեւս յստակ կը դարձնէ մեր աչքերուն առջեւ թուրքին իսկ մտածած բնաջնջման պատճառները, որքան ալ յաջողած զգայ ինքզինք, իրողութիւնը այն է, որ հայ ժողովուրդը վերստին ծնաւ, վերստին կեանք հագաւ եւ շարունակեց իր ճամբան: Այսօր սփիւռքը մեծ իրականութիւն մըն է հայ ժողովուրդին գոյատեւման, պայքարի եւ անզիջողութեան:
Հայ ժողովուրդը այն ազգն է, որ իր ամէնէն տագնապալի ու փոթորկոտ վայրկեաններուն, ամէնէն յուսահատ ժամերուն վերստին իր մէջ հրկիզելով ապրելու տենչը` բոցավառած յոյսով աննախընթացօրէն զարկ կու տայ իր ուժերու կեդրոնացման: Զարկ կու տայ հոգեւոր ու աշխարհիկ կառոյցներու ծաղկման եւ ամէնէն կենսականը` զարկ կու տայ հայ դպրոցին:
Ժողովուրդի մը գոյատեւման անհրաժեշտութիւնը իր կամքն է, անցեալէն եկող, ներկային մէջ թաթախուած եւ ապագային լայն հորիզոններ բացող կամքը: Կամքն էր եւ է, որ հայ ժողովուրդը այսօր հասցուցած է իր ներկայ վիճակին` ծաղկուն, արեւու նման շողշողուն եւ լուսնի նման պայծառ:
Աշխարհը միշտ ալ եղած է «Բարի սամարացի»-ի կեղծ դիմակը հագած փարիսեցի մը:
Աշխարհը միշտ ալ եղած է ու կը մնայ իր շահերուն կառչած:
Աշխարհը միշտ լուռ է արդարութեան եւ պահանջքին նկատմամբ:
Այսօր, հարիւր եւ ութ տարի ետք, մէկուկէս միլիոն եւ աւելի սրբացեալ նահատակներ մեզի կը նային, ամէն վայրկեան ձայն կը բարձրացնեն ու կոչ կ՛ուղղեն մեզմէ իւրաքանչիւրին, մեր խիղճերուն, գիտակցութեան ու կամքին, որ մեր ձայնը միացնելով անոնց ձայնին, բարձրացնենք արդարութեան փողը, պայքարինք յանուն իրաւունքի, պայքարինք յանուն ամբողջական եւ միացեալ Հայաստան ունենալու տեսլականին, որպէսզի մեր ձայնը հնչեցնելով ամէնուրեք տեսնենք, թէ Աստուած յարմար ժամանակին պիտի լսէ մեր խնդրանքներն ու աղաչանքները:
Փա՛ռք մեր մէկուկէս միլիոն Սրբադասուած հայ նահատակներուն: Փա՛ռք ներկայ սերունդին, որ հաւատարիմ է նահատակներուն սրբազան կտակին եւ հաւատքին ու յանձնառու է յանուն հայրենիքին պայքարելու եւ ի հարկին` իր արիւնը թափելու: Փա՛ռք այն սերունդին, որ գերազանցօրէն պատասխանատու ոգիով ու հայու վայել վճռակամութեամբ կը գոյատեւէ եւ պատրաստ է դիմագրաւելու այս օրերուն մեր երթին դիմաց ցցուող բոլոր վտանգներն ու խոչընդոտները: Փա՛ռք այն սերունդին, որ անպարտելի ոգիով կը հնչեցնէ իր ձայնը` որպէս անլռելի զանգակատուն: