Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Վերապրող Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան

Ապրիլ 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան (1876-1952)

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան զաւակն է Այնթապի երեւելիներէն Յովհաննէս Ճէպէճեանի, հայրը` բժիշկ Ռոպերթ Ճէպէճեանի ու մեծ հայրը` դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանի: Ծնած է Այնթապ, 1876-ին:

Վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցէն, 1903-ին: Որոշ ատեն Ուրֆայի մէջ ծառայելէ ետք աշխատանքը շարունակած է Այնթապի Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ: Մասնագիտանալու եւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար ծառայած է նաեւ Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: Ծառայած է օսմանեան բանակին մէջ` իբրեւ սպայ բժշկապետ, ղրկուած է տարբեր ճակատներ:

Շուրջ 30 հազար հայերու  սպանութեան պատճառ դարձած Ատանայի ջարդերուն օրերուն,  1909-ին, իր կինը առաջին զաւկին յղի եղած է: Ճէպէճեան որոշած է վերադառնալ իր ծննդավայրը` Այնթապ, որովհետեւ Օսմանիէի ճամբուն վրայ իր աներոջ սպանութենէն ետք կացութիւնը իրեն համար սկսած է անտանելի դառնալ:

1914-1919 ան գործած է պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ զինուորականի ու բժիշկի բարոյականութեամբ: Աշխատած է թրքական հիւանդատար նաւու մը վրայ, ուր դարմանած է մալարիայէ վարակուած հազարաւոր բանակայիններ:

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան վիրահատութեան մը պահուն

Ան գրած է իր օրագրութիւնը, որ կը սկսի 3 նոյեմբեր 1914-ին եւ կը վերջանայ դեկտեմբեր 1919-ին: Ան գրած է հայատառ թրքերէնով: Գիրքը հրատարակուած է Պէյրութ, 1986-ին, հայերէնով, «Վիոլեթ Ճէպէճեան» գրադարանին կողմէ:

Անոր յուշերը այլազան են: Ան գեղեցկօրէն նկարագրած է Արեւմտահայաստանի տարբեր քաղաքները: Յուշերը լեցուն են` յուզումով, ցաւով, կարօտով, վախով ու ողբերգութեամբ: Նկարագրած է հայոց տեղահանութիւնը, տառապանքը, ջարդերը, այլ խօսքով` Ցեղասպանութիւնը: Նկարագրած է ցաւալի տեսարաններ` ամէն կողմ գանկեր, ոտքեր եւ ոսկորներ, այլանդակուած մարմիններ: Ականատես եղած է հայկական պարպուած գիւղերու եւ հազարաւոր հայ գաղթականներու վիճակուած տաժանելի պայմաններուն: Հանդիպած է հայու բեկորներու` Տիգրանակերտի տարածուն հովիտին մէջ, տեսած է սիրտ ճմլող պատկերներ:

Ապրած է պատերազմի տգեղութիւններն ու արհաւիրքը: Ան նկարագրած է հայուն անսահման վիշտը, որուն պատճառով երբեմն իր օրագիրը չէ կրցած ամբողջացնել: Ան գրած է. «12.000 գաղթականներ անցան Մարաշի քովէն. անգութ, անհամար տեսարաններ ու նկարագրութիւններ. այդ պատճառով ալ սիրտ չունեցայ օրագիրս շարունակելու: Խապուզէ հայկական գիւղը` ամբողջովին պարպուած… մնացած էին հինգ ընտանիքներ միայն, որոնց այցելեցի: Երկրորդ հանգրուանը եղաւ Կլուշկերտ անուն հայկական ուրիշ գիւղ մը: Այս կողմերը հարիւրաւոր նման հայկական գիւղեր կան, բոլորը դատարկ, բնակչութիւնը` տեղահան: Կլուշկերտէն ելլելով` հասանք Բալուէն մէկ ու կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ Խօշմաթ հայկական գիւղը, ուր սկսանք հաստատուիլ: Երեք հարիւր տուն ունեցող գիւղին մէջ մնացած էին չորս կամ հինգ ընտանիքներ: Քիւրտ տարագիրներ փլած էին բոլոր տուները»:

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեանի հայատառ թրքերէն օրագիրէն էջ մը

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան Ա. Աշխարհամարտին արձանագրուած բազմաթիւ վիրաւորները դարմանելուն ժամանակ լսած է, որ իր ազգականները սպաննուած են: Իր եղբայրը` Գրիգորը, Սուրիա աքսորուած է եւ պատերազմէն ետք անկարող եղած է վերադառնալ:

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան թրքական բանակի սպայի տարազով

Աւետիս հետեւած է իր հարազատներու գողգոթային ու ապրած է անոնց ողբերգութիւնները: Ան իմանալով իր աներձագին` վերապատուելի Տիգրան Գունտագճեանին վախճանումը, իր քրոջը` Նոյեմիին, սուրիական անապատ քշուած ըլլալը ու անոր երկու զաւակներուն` Գէորգին ու Կարապետին մահը, շատ տխրած է ու մատնուած  է հոգեկան փլուզումի:

Ան սիրած է բնութիւնը եւ անոր գեղեցկութիւնը: Հիացումով գրած է Արարատ լերան մասին` «Մասիսն ու Արարատը եզակի հմայիչ տեսարան մը կը գոյացնեն: Շատ հաճելի զգացումներու տուն կու տան ինձ մօտ: Աննման, շքեղ ու օգոստափառ լեռ մըն է Արարատը»:

Զինադադարէն ետք ազատ արձակուած է թրքական բանակէն: Ազատ արձակման գիշերը չէ կրցած քնանալ: Սկսած է իր տուն դարձի երկար ճամբորդութիւնը: Ան քալած է մինակ, իր ընտանիքին կարօտով ու հայ ժողովուրդի ապրած ողբերգութեամբ ու ցաւով: Ան 40 օր քալած ու հասած է Վան, որ արժանացած է իր նկարագրութեան. «Լիճը` Վարագայ եւ Սիփան լեռներով, շատ հաճելի տեսարան մը կը հայթայթէ»: Ան  շարունակած է իր ճամբան` անցնելով դատարկուած Պայազիտէն, Գարա Քիլիսայէն եւ Ճելիքեանէն: Վերջապէս  հասած է Տրապիզոն, որմէ ետք ծովու ճամբով անցած է Պոլիս եւ ի վերջոյ երկաթուղիով` Հալէպ: Հոն բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեանի հետ հաստատած է դարմանատուն մը: Դարմանած է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ հիւանդներ:

Հալէպի մէջ ունեցած է ազգային հասարակական եւ եկեղեցական աշխուժ գործունէութիւն, եղած է հալէպահայ գաղութը կազմակերպող կարեւոր անձնաւորութիւններէն մէկը:

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան մահացած է Հալէպ, 1952-ին:

Մոնրէալ, 22 փետրուար 2023

Աղբիւրներ.

  1. Հարպոյեան, «Բժիշկ Կարպիս, Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան, հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին», Մոնրէալ, 2018:
  2. Ճէպէճեան, դոկտ. Հրայր, «Տուն դարձի երկար ճամբան…», Գեղարդ, 22 յունուար 2015:
  3.  Ճէպէճեան, դոկտ. Հրայր, «Փորձենք խաղաղութիւն ընտրել», Գեղարդ, Թորոնթօ, 12 յունուար 2019:
Նախորդը

Քննարկում «Հաւաքական Ուժ` Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք» Խորագրով

Յաջորդը

Տին Սմիթ Նշանակուեցաւ Չելսիի Ժամանակաւոր Գլխաւոր Մարզիչ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?