«Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերը ոեւէ մէկուն դէմ ուղղուած չեն», Պրիւքսելի մէջ կայացած խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ բանագնաց Թոյվօ Քլաար:
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, այդ քննարկման ընթացքին Քլաար նշած է, որ Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի մէջ ներգրաւման մակարդակը աճած է յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք:
«Շրջանի դրական զարգացումը կը բխի Եւրոպական Միութեան շահերէն: Այդ հոլովոյթին մեր մասնակցութիւնը որեւէ երրորդ կողմի դէմ ուղղուած չէ: Հարաւային Կովկասը դրացի շրջան է, եւ մեր ցանկութիւնն է, որ այստեղ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ըլլայ», նշած է եւրոպացի պաշտօնատարը: