Եւրոպական Միութեան մէջ Ազրպէյճանի ներկայացուցչութեան ղեկավար, Պելճիքայի եւ Լիւքսամպուրկի մէջ դեսպան Վաքիֆ Սատիքով յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան Ազրպէյճանի սահմանին մօտ ներկայութիւնը Պաքուի մէջ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Ասիկա երկկողմանի խնդիր է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ, սակայն ատիկա տեղի կ՛ունենայ մեր սահմանային յենակէտերէն քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ եւ խիստ ռազմականացուած գօտիի մէջ, ուր մենք ունինք ռուս սահմանապահներ, հայ սահմանապահներ, ռուսական կանոնաւոր ստորաբաժանումներ, հայկական կանոնաւոր ստորաբաժանումներ եւ Իրանի սահմանին աւելի մօտ` իրանեան զինեալ ուժերը: Այժմ մենք ունինք նաեւ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը: Այսպիսով, մենք ունինք անվտանգութեան օրինական հարցեր», «Փոլիթիքօ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Սատիքով:
Անոր համաձայն, այս առաքելութիւնը կարելի է նկատել իբրեւ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ իր ներկայութիւնը ամրապնդելու Պրիւքսելի փորձ:
Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական ծառայութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը իր կարգին, անանուն մնալու պայմանով, «Փոլիթիքօ»-ին ըսած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը Պաքուի հետ յարաբերութիւններուն մէջ «այլ բեմագրութեան յոյս ունէր», նշելով, որ Պրիւքսելը Ազրպէյճանին կը փոխանցէ տեղեկութիւն` Հայաստանի մէջ սահմանին պարեկութեան մասին:
«Մենք Ազրպէյճանի կը ներկայացնենք բոլոր համապատասխան տեղեկութիւնները պարեկութեան եւ այլնի մասին, որովհետեւ որեւէ խնդիր չենք ուզեր», յայտարարած է եւրոպացի պաշտօնատարը:


