Թուրքիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացումը մօտիկ ապագային օրակարգի վրայ չէ, սակայն երկիրները կ՛աշխատին սահմանային անցակէտերու բացման ուղղութեամբ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, այս մասին «Ահապեր» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
«Մօտիկ ապագային (Հայաստանի դեսպանատան բացումը) կրնայ տեղի չունենալ, որովհետեւ նախ պէտք է այլ քայլերու ձեռնարկել, մենք Հայաստանի համար բացած ենք մեր օդային տարածքը, բեռնափոխադրումներ կը կատարուին, փոխադարձ օդային հաղորդակցութիւն սկսած է: Սակայն ցամաքային անցակէտեր բանալու համար, քաղաքական պայմաններուն զուգահեռ, նախ պէտք է ճամբաներ պատրաստել, վերականգնել կամուրջը: Եւ մենք արդէն ունինք կամուրջի կառուցման համաձայնութիւններ», ըսած է ան:
Չաւուշօղլու, սակայն, մանրամասնած է, որ ցամաքային սահմանի բացումը կ՛ենթադրէ իրականացնել «դիւանագիտական անձնագիրներ սեփականատէրերու կամ երրորդ երկիրներու սովորական քաղաքացիներու համար»:
Միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ իւրաքանչիւր քայլ, որ կը ձեռնարկուի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, կը կատարուի Ազրպէյճանի հետ խորհրդակցութիւններէ ետք:


