Ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցող մրցումներուն, Գ. խմբակին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցիչ Հայկ Մարտիրոսեան Գ. հանգրուանի իր ճակատումին յաղթեց աշխարհի թիւ 1 Մակնուս Քարլսենին:
Այս մրցումները տեղի կ՛ունենան 5 հանգրուաններու վրայ, ուր աշխարհի 24 լաւագոյն վարպետները բաժնուած են 4 խմբակներու եւ պիտի մրցին իրար դէմ:
Գ. խմբակին մաս կազմող Հայկ Մարտիրոսեան 11 կէտ ունի եւ կը գրաւէ Գ. խմբակին 3-րդ դիրքը, Բ. դիրքը գրաւող ռուս Իան Նեփոմնիաշչիի նման` 2 կէտով ետ մնալով Նետերլանտները ներկայացնող Անիշ Կիրիէն:
Հայկ Մարտիրոսեան Անիշ Կիրիի դէմ յաղթած էր առաջին ճակատումը, ապա պարտուած երկրորդ ճակատումին:
Բոլոր մասնակիցները երկու մրցումներ կը կատարեն իրար դէմ:
Հայկ Մարտիրոսեան Ա. հանգրուանին պարտութիւն կրելէ ետք ազրպէյճանցի մրցակից Շահրիար Մամետեարովէն, կրցած էր յաղթել երկրորդ ճակատումին, ապա մրցած Կիրիի դէմ: Գ. հանգրուանին, ինչպէս նշեցինք, Մակնուս Քարլսենի դէմ յաղթած եւ հաւասարած էր 2 մրցումներու, իսկ Դ. հանգրուանին Նեփոմնաշներէն հաւասարութիւն խլած առաջին ճակատումին, բայց պարտուած երկրորդին:
Վերջին հանգրուանին Հայկ Մարտիրոսեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ ամերիկացի Ապիմանիու Միշրան, որ խմբակին վերջին դիրքը կը գրաւէ:
Յաղթանակը 3 կէտեր կը պարգեւէ վարպետին, իսկ հաւասարութիւնը` 1 կէտ: Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Լեւոն Արոնեան Ա. խմբակի 4-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ վերջին հանգրուանին պիտի ճակատի խմբակի առաջին դիրքը գրաւող Ալիրեզա Ֆիրուժայի (Ֆրանսա) դէմ:
Պէտք է ըսել, որ 4 խմբակներու լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած է Բ. խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող Ֆապիանօ Քարուանա, որ իր 8 ճակատումներէն 4-ին յաղթած է, իսկ միւս 4-ին` հաւասարած:


