Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճատրակի Պատանիներու Ախոյեանութիւն. Վահէ Սուքիասեան` Եւրոպայի Ախոյեան

November 16, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային վարպետ Վահէ Սուքիասեան դարձաւ Եւրոպայի ճատրակի պատանիներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեան:

Վահէ Սուքիասեան կարելի 9 կէտերէն վաստկեցաւ 7,5 կէտ եւ կէս կէտով գերազանցեց Բ. դիրքը գրաւող ազրպէյճանցի Թունար Տաւուտովը եւ թուրք Չան Տուրաքը:

Յատկապէս վճռական էր Սուքիասեանի յաղթանակը Տաւուտովի դէմ (8-րդ հանգրուանին), ուր ան հետզհետէ հաստատեց պարագլուխի դիրքին վրայ: Վերջին հանգրուանին ալ հաւասարութիւն մը բաւարար եղաւ թուրք Տուրաքի հետ:

Այս ձեւով Վահէ Սուքիասեան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով շահեցաւ 18 տարեկանէն վար պատանիներու Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը, հակառակ անոր որ ան 8-րդ դասուած էր:

Թիւ 1 դասուած գերմանացի Մարիուս Տոյըր 6,5 կէտերով գրաւեց 6-րդ դիրքը:

Նարէ Իսախանեան դարձաւ Եւրոպայի մինչեւ 12 տարեկան պարմանուհիներու փոխախոյեան:

Իսախանեան 9-էն 7,5 կէտ հաւաքեց եւ կէս կէտով ետ մնաց լեհ Լիլա Ռատովսքայէն, որ դարձաւ ախոյեան:

14-րդ դիրքի վրայ դասուած Նարէ Իսախանեան առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի լաւագոյններէն:

ՖԻՏԷ-ի վարպետ Տիգրան Համբարձումեան դարձաւ Եւրոպայի մինչեւ 14 տարեկաններու պրոնզէ մետալակիր:

Տիգրան Համբարձումեան կարելի 9 կէտերէն ձեռք ձգեց 7 կէտ` կէս կէտով ետ մնալով իսրայէլացի ճատրակի երկու վարպետներէ, որոնք գրաւեցին առաջին երկու դիրքերը:

Նոամ Սասոն եւ Ռահաւ Էլիրան Շիլոն 7,5 կէտեր ձեռք ձգած էին:

 

Նախորդը

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Յաղթեց Քարլսենին

RelatedPosts

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան Յաղթեց Քարլսենին
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Յաղթեց Քարլսենին

November 16, 2026
Քիք Պոքսինկ.  Տիգրան Յարութիւնեան` Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Քիք Պոքսինկ. Տիգրան Յարութիւնեան` Եւրոպայի Ախոյեան

November 16, 2026
Ըմբշամարտ.  Ծառուկեանի Տպաւորիչ  Ելոյթը Եւ Յաղթանակը
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ծառուկեանի Տպաւորիչ Ելոյթը Եւ Յաղթանակը

November 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.