ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Համաարաբական երկիրներու կիներու խորհուրդի անդամ
Միացեալ Նահանգներու մէջ Գոհաբանութեան տօնը կը նշուի նոյեմբերի չորրորդ հինգշաբթի օրը` իբրեւ երախտագիտութեան եւ ուտելիք կիսելու օր: Ընտանեկան խաղաղ սեղանին ետին, սակայն, կը թաքնուի աւելի բարդ պատմութիւն մը: Առ այդ, կ՛արժէ քննարկել Գոհաբանութեան տօնին նշանակութիւնը, անոր ընկերային եւ հոգեբանական ազդեցութիւնը, եւ այն, թէ այդ տօնը ինչպէ՛ս խորապէս կապուած է կիներու հարցերուն` դրական կամ բացասական կերպով:
Աւանդաբար Գոհաբանութեան տօնը կը նշանակէ շնորհակալութիւն յայտնել բերքի, ընտանիքի եւ գոյատեւման համար: Պատմութիւնը կը նկարագրէ, թէ 1620 թուականի նոյեմբերին անգլիացի ուխտաւորներ հասնելով Փլիմութ քաղաքը, Մասաչուսեց նահանգ, իրենց հետ բերին հիւանդութիւններ, որոնք ոչնչացուցին իրենց գաղութին կէսը` հիւանդութեան եւ դաժան ձմեռնային եղանակին պատճառով: 1621-ին գարնան բնիկ տեղացի ժողովուրդը` ուամփանոակ կոչուած, առաջնորդեցին այս վերաբնակիչները եւ անոնց սորվեցուցին եգիպտացորեն ցանել, ձուկ որսալ եւ գոյատեւել այդ հողին վրայ, ինչ որ առաջնորդեց դիւանագիտական դաշինքի մը: Առաջին բերքի յաջողութենէն ետք Փլիմութի նահանգապետ Ուիլիըմ Պրետֆորտ կազմակերպեց տօնական խնճոյք մը, որուն միացաւ տեղացի ժողովուրդը, եւ կիսելով իրենց յաջող բերքը` համերաշխութեան մթնոլորտ մը ստեղծեցին:
1621-ի այդ միացեալ ճաշը միասնութեան խորհրդանիշ մը ըլլալէ զատ, հիմնած է քաղաքական փխրուն պահու մը` կարիքի վրայ, մանաւանդ որ իրենց բնակչութեան մեծ մասը ոչնչացած էր համաճարակի պատճառով եւ գաղութարարներու ժամանումով:
Գոհաբանութեան տօնը ազգային տօն դարձաւ շատ աւելի ուշ` 1863-ին, երբ նախագահ Աբրահամ Լինքըլն այդպէս հռչակեց քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ (երկար արշաւէն ետք գրող եւ խմբագիր Սարա Ճոզեֆա Հէյլի, որ 13 նախագահներու դիմած էր ասիկա իբրեւ երկիրը միաւորելու միջոց մը դարձնելու համար): Այսպէս, Գոհաբանութեան տօնը դարձաւ պաշտօնական տարեկան ազգային տօն, որ պիտի տօնուէր նոյեմբերի վերջին հինգշաբթի օր:
Անհրաժեշտ է յիշել, որ շատ մը բնիկ ամերիկացիներ եւ անոնց դաշնակիցները Գոհաբանութեան տօնի օրը կը հաւաքուին Փլիմութի մէջ` նշելու ազգային սուգի օր, պատուելով բնիկ ժողովուրդներու դիմադրողականութիւնը, յիշելով անոնց ապրած դժուար օրերը` հիւանդութիւններ, մահեր, գաղութացումէն ետք արձանագրուած ցաւալի պատմութիւնը, հողի գողութիւն, ցեղասպանութիւն եւ մշակութային սպանդ:
Մինչ այդ յիշենք, որ բնիկ ամերիկացի կիները կարեւոր դեր ունէին համայնքի գոյատեւման մէջ: Անոնք կը մշակէին բերքը, կը պահպանէին սնունդը, կը կառավարէին տուները, կը փոխանցէին բժշկական գիտելիքներ եւ կը պահէին մշակութային սովորութիւնները: Գաղութացումէն ետք կիները դարձան շարունակականութեան կարեւոր խարիսխներ` պաշտպանելով լեզուն, ծէսերը եւ պատմութիւնը, երբ իրենց համայնքները կը դիմագրաւէին հսկայական ճնշումներ:
Սակայն ընդհանուր հասկացողութեամբ, Գոհաբանութեան տօնը ունի իր դրական եւ բացասական ազդեցութիւնները: Դրական ազդեցութեան հիմնականը կը կայանայ ընկերային կապ հաստատելու, ընտանեկան հաւաքներու, յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ մտերմիկ պահուան մը ստեղծման մէջ, երբ բոլորը անգամ մը կանգ կ՛առնեն ու երախտագիտութիւն կը դրսեւորեն: Հեռաւոր երկիրներէ ծնողք, զաւակ կը ճամբորդեն իրարու քով եւ ընտանեկան ու ընկերային աւելի ամուր կապեր կը հաստատուին: Մինչ այդ սնունդի նուիրատուութիւնները, համայնքային ճաշերը եւ առատաձեռն նուիրատուութիւնները կ՛աւելնան Գոհաբանութեան տօնին առիթով:
Ինչ կը վերաբերի կիներուն, Գոհաբանութեան տօնին երախտագիտութիւնը կը կեդրոնանայ ներքին գնահատանքը վերածել արտաքին տօնակատարութեան վրայ` ընդունելով կեանքի պարգեւները, պահելով ընտանեկան ջերմ կապերը` հայր, մայր, զաւակ, ընտանիք եւ համայնք: Մինչ երախտագիտութիւնը սրտի ներքին զգացումներու դրսեւորում մըն է, Գոհաբանութեան տօնը զայն երախտագիտութեան աշխուժ եւ լսելի արտայայտութեան կը վերածէ:
Թէեւ կիները յաճախ տօնական օրերուն ֆիզիքական, զգացական եւ նիւթական մեծ ճնշումի տակ կ՛ըլլան մեծ մասամբ անտեսանելի աշխատանքի եւ ընկերութեան բարձր ակնկալութիւններուն պատճառով: Մինչ տօնը կը կեդրոնանայ երախտագիտութեան եւ միասնութեան վրայ, կիները յաճախ կը կրեն ընտանեկան յարաբերութիւնները կառավարելու ծանր բեռը: Ան կը վերաբաշխէ աշխատանքը, պատմելով ամբողջ պատմութիւն մը եւ սեղանը ապահով ու ներառական կը դարձնէ բոլորին համար:
Այս տօնին բացասական կողմը այն է, որ բազմաթիւ կիներ ապահով չեն, այս տօներուն յաճախ կ՛աւելնայ ընտանեկան չարաշահումը, ոգելից ըմպելիի օգտագործումը, նիւթական դժուարութիւնները աւելի ցցուն կը դառնան, բռնարարքները կը բազմանան ընտանիքներուն մէջ: Իսկ միայնակ մայրերն ու տեղահանուած կիները տօնին առիթով կը դժուարանան նոյնիսկ ընտանեկան ճաշ մը պատրաստելու: Դժուար վիճակի մէջ յայտնուած այս կիներուն համար Գոհաբանութեան տօնի երախտագիտութիւնը կը կայանայ գոյատեւման, բաւարար սնունդ եւ ապահով տուն ունենալու, նաեւ բռնութենէ պաշտպանուելու մէջ:
Հոս, որպէս հայ ազգի զաւակ, պէտք է յիշենք, որ մենք ալ ունեցած ենք այդպիսի դաժան դէպքեր, ջարդեր եւ տեղահանութիւն: Նաեւ ունեցած ենք բռնութեան տակ գործող մայրեր եւ քոյրեր, որոնք, սակայն, միշտ կառչած մնացին մեր ազգին եւ գոյատեւման ըմբռնումին, շարունակեցին պահել իրենց լեզուն եւ էութիւնը, բնիկ ամերիկացիներու հոգեբանութեամբ:
Ուրեմն Գոհաբանութեան տօնը միայն հնդկահաւի եւ երախտագիտութեան մասին չէ, անոր նշանակութիւնը կրկնակի է` երախտագիտութեան տօնակատարութեան եւ անհաւասարութեան հայելի:
Իսկական երախտագիտութիւնը պէտք է ներառէ արդարութիւն, կիները բռնութենէ պաշտպանել եւ քաջալերել այն կիները որոնք միշտ կը պահեն իրենց համայնքը, պատմութիւնն ու ազգը եւ տօնական սեղանը հաճելի, պատմական եւ կրօնական, ազգային վայր մը կը դարձնեն ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար:

