Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

1925-ին, երբ Ժ. Ընդհանուր ժողովը կ՛որոշէր Դաշնակցութեան օրը տօնել ամէն տարի աշնան, գլխաւոր նպատակն էր ինքնաքննութեան, ամփոփումի փորձ մը կատարել:

Ակնարկ մը դէպի ետ, կտրուած ճամբան չափելու, չարն ու բարին դատելու եւ վաղուան աշխատանքին պատրաստուելու համար:

Ամփոփուիլ, խորհրդածել, քննել եւ դատել,- այս արժանիքները միշտ ալ ունեցած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ինքնապաշտպանութեան ամեհի փոթորիկներուն մէջ, երբ կը գործէր ամեհի փոթորիկներուն մէջ, երբ կը գործէր հայրենի հողին վրայ:

Տարին անգամ մը եւս հանդիսաւորապէս կատարել այդ պարտականութիւնը` կը նշանակէ` վերագնահատման եւ վերանորոգման ճիգ մը փորձել:

Այս միջոցին սարքուած տօնակատարութիւնները կը ձգտին ոգեկոչել անցեալը, իբրեւ ներշնչարան, բայց նաեւ իբրեւ ազդարարութիւն:

Այդ առթիւ, կը յիշենք «բազում գործս արութեան», որոնք նոր շրջան մը բացին մեր պատմութեան մէջ:

Յիշելով իսկապէս փառաւոր եւ աննախընթաց քաջագործութիւնները, չենք մոռնար, նաեւ, ճակատագրական վրիպումները:

Դաշնակցութիւնը կը մնայ միշտ անխոցելի, ցորչափ կը գործէ ինքնաքննութեան բնազդը:

Մեր կուսակցութեան հիմնական արժանիքներէն մին է ինքնավստահութիւնը,- տոկուն կեցուածք, սուր նայուածք եւ վճռականութիւն` խօսքի թէ գործի մէջ:

Մենք ինքնավստահութիւնը չենք շփոթեր ինքնահաւանութեան հետ:

Եթէ այդ մեղքը գործէինք, Դաշնակցութիւնը շատոնց կէս ճամբան մնացած պիտի ըլլար:

Ինքնավստահութեան, ինքնագործունէութեան այդ առնական կորովն էր, որ հաւատք ներշնչեց անճար ժողովուրդի մը, աստիճանաբար հարթելով անոր ազատութեան ճամբան:

Նոյն սուր նայուածքը եւ վճռականութիւնը այսօր ալ գլխու պտոյտ կը պատճառեն Դաշնակցութեան հակառակորդներուն:

Խեղճերը տակաւին չեն գտած մեր անսպառ ուժին եւ յարատեւութեան գաղտնիքը:

Չեն գիտեր, թէ Դաշնակցութիւնը անփոխարինելի է իբրեւ մղիչ ուժ եւ իբրեւ արթուն պահակ: Իբրեւ յառաջապահ ճակատ:

Հանրային գործունէութեան ո՛րեւէ ասպարէզի մէջ, ուր որ Դաշնակցութիւնը կրցած է դեր մը կատարել, միշտ զգալի եղած է վերանորոգման շունչը:

Դարերու ընթացքին, թմրած էր ժողովուրդին դիմադրութեան, ինքնապաշտպանութեան բնազդը:

Մարդիկ թեւեր ունէին, բայց կը վախնային վերցնել, երբ թշնամին անխնայ  կը զարնէր:

Դաշնակցութիւնը սորվեցուց ո՛չ միայն թեւերը վերցնել, այլեւ` զարնել:

Համատարած բռնակալութիւնը խոր թմրութեան դատապարտած էր նաեւ միտքը, ազգային թէ քաղաքական տեսակէտով:

Դաշնակցութիւնը արթնցուց, աշխուժացուց մտածումը:

Մշակոյթի ճակատին վրայ եւս, թարմութեան, ինքնուրոյն ստեղծագործութեան վտակներ բացուեցան, շնորհիւ Դաշնակցութեան սլացքին:

Նոյնիսկ մեր արդի աշխարհաբարը շատ բան կը պարտի Դաշնակցութեան շունչին, իր խոյանքով, խորութեամբ եւ նրբութեամբ:

Քաղաքական ասպարէզին մէջ չգտնուեցաւ ուրիշ հոսանք մը, որ կարենար գերազանցել Դաշնակցութեան վաստակը, գիրով թէ գործքով:

Քաղաքական գրականութիւն ունեցա՞ծ էինք մենք, Դաշնակցութենէն առաջ:

Դաշնակցութիւնը չ՛անտեսեր իր շարքերէն դուրս եղած ուժերը, երբ կ՛ուզեն ծառայել պարկեշտօրէն, այս կամ այն ճակատին վրայ:

Մեր կուսակցութիւնը ո՛չ աղանդ է, ոչ ալ փարախ:

Որքա՜ն անկուսակցական արժէքներ ծաղկեցան, ներշնչուելով Դաշնակցութեան դաւանանքէն եւ գործէն:

Պատնէշին վրայ, աւելի քան երբեք, ընկերներ եւ ուղեկիցներ:

Բայց, չմոռնանք, որ դիրքերը կը մնան ամուլ փառքեր, առանց նոր ուժերու եւ յարատեւ աշխատանքի:

ՇԱՒԱՐՇ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

6 նոյեմբեր 1954

 

Նախորդը

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
Համով Պաղպաղակ. Անհամ «Բարբարակ». Տառացի Տառադարձութեան Տառապանքը
Անդրադարձ

Համով Պաղպաղակ. Անհամ «Բարբարակ». Տառացի Տառադարձութեան Տառապանքը

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։