Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ շուրջ 8 տարի երկարած տեղակայումէն պիտի չհրաժարին:
Սպիտակ տան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարեց. «Անցնող քանի մը օրուան պատահածին պատճառով Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ներկայութեան որեւէ փոփոխութիւն չկատարուեցաւ»: Ան աւելցուց. «ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ առաքելութիւնը կը շարունակուի»:
Ուրբաթ օր Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելքը Տեր Զօրի մէջ Քոնիքօ եւ Օմր քարիւղի դաշտերուն մէջ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի երկու ռազմակայաններ հրթիռային յարձակումի ենթարկուած են:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն մեկնաբանելով այդ հարուածները Օթաուայի մէջ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ «Իրանի հետ հակամարտութեան չեն ձգտիր»:
Յարձակումին պատճառով ամերիկացի զինուոր մը սպաննուեցաւ եւ վեց ուրիշներ վիրաւորուեցան անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումի հետեւանքով: Ամերիկեան բանակը հակադարձեց իրանեան կեդրոններ բուռն կերպով ռմբակոծելով:


