Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Կ՛ողջունենք Արդարադատական Բարեփոխումները Յետաձգելու Նեթանիահուի Որոշումը»

Մարտ 29, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան բանբեր Քարին Ժան-Փիեռ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` վիճայարոյց արդարադատական բարեփոխումները մինչեւ յառաջիկայ ամիս յետաձգելու որոշումը»:

«Վարչակազմը իսրայէլացի ղեկավարները կը յորդորէ կարելի եղածին չափ շուտ փոխզիջումնային լուծում գտնելու», աւելցուց ան:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, որ մինչեւ ամառ կը կասեցնէ դատական բարեփոխումները, որոնց նախաձեռնումը յանգեցուցած է զանգուածային բողոքի ցոյցերու եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հրաժարականներու:

Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի, Նեթանիահու խոստացած է, որ եթէ Զատկուան տօներուն ժամանակ դատաիրաւական բարեփոխումներուն շուրջ համաձայնութիւններ ձեռք չբերուին, անոնք պիտի ընդունուին Քնեսեթի ամառնային նստաշրջանի ընթացքին:

Աւելի ուշ, Նեթանիահու հաստատած է դատաիրաւական բարեփոխումներու օրինագիծի որդեգրման յետաձգումը: «Երբ երկխօսութեան միջոցով քաղաքացիական պատերազմէն խուսափելու կարելիութիւն կայ, ես թայմ աութ կը վերցնեմ այդ երկխօսութեան համար», յայտարարած է ան:

Իսրայէլի աշխատաւորական միութիւններու դաշնակցութեան ղեկավարը իր կարգին դատաիրաւական բարեփոխումները կասեցնելու Նեթանիահուի որոշումէն ետք յայտարարած է երկրին մէջ ընդհանուր գործադուլի աւարտը:

Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ ջնջուած էին «Պեն Կորիոն» օդակայանէն բոլոր թռիչքները` ի նշան բողոքի դատաիրաւական բարեփոխումներու եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի պաշտօնանկութեան դէմ:

 

Նախորդը

«Սուրիոյ Մէջ Մեր Մնայուն Տեղակայումէն Ետդարձ Պիտի Չկատարենք» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Յաջորդը

Լաւրովն Ու Ապտոլլահեանը Այսօր Պիտի Քննարկեն Անդրկովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?