Ապտոլլահեան. «Մօտ Օրէն Հանդիպում Պիտի Ունենամ Սէուտցի Պաշտօնակիցին Հետ, Եւ Կ՛աշխատինք Պահրէյնի Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնման Նախնական Համաձայնութեան Համար»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարեց, որ մօտ օրէն հանդիպում պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհանի հետ` նշելով, որ վերջինիս հետ համաձայնած է թեքնիք պատուիրակութիւններու դեսպանատուներ այցելութեան եւ անոնց վերաբացման նախապատրաստման շուրջ: «Սէուտական Արաբիոյ հետ Զուիցերիոյ դեսպանատան ճամբով նամակներ փոխանակեցինք` երկկողմանի հանդիպում մը գումարելու եւ Փեքինի համաձայնութիւնը գործադրելու համար: Ռիատին սէուտցի պաշտօնակիցիս հետ հանդիպումին համար իբրեւ վայր երեք երկիրներ առաջարկեցինք»:
«Աշխատանք կը տանինք Սէուտական Արաբիոյ հետ գործակցաբար շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:
Ապտոլլահեան նաեւ ողջունեց Յորդանանի հետ յարաբերութիւններու դիւանագէտներու մակարդակի բարձրացումը եւ յոյս յայտնեց, որ Իրանի եւ Պահրէյնի միջեւ խոչընդոտները վերցուին, եւ մօտ օրէն համաձայնութիւն գոյանայ:
«Մենք աշխատանք կը տանինք Պահրէյնի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման համար նախնական համաձայնութիւն գոյացնելու համար», յայտնեց Ապտոլլահեան»` նշելով. «Մենք կ՛ողջունենք Իրանի եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը»:
Ան նշեց, որ պատժամիջոցներու հարցը Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնումէն անջատ է, «եւ երկիրը հիւլէական բանակցութիւններուն պատանդ պիտի չդարձնենք»:
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահի գրասենեակի քաղաքական հարցերով օգնական Մոհամետ Ժամշիտի յայտարարեց. «Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն Ռիատ այցելելու եւ շրջանային համագործակցութիւնը ամրապնդելու հրաւէր մը ստացաւ»:
«Ռայիսի ողջունեց Ռիատ այցելելու Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հրաւէրը եւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ», նշեց ան: