Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Իպրահիմ Քալըն Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի եւ արտաքին գործոց նախարարի` քաղաքական հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտի հետ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները ներառած են շարք մը արդիական հարցեր, որոնց շարքին քննարկուած են Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնն ու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցային հոլովոյթը:
Սպիտակ տունը իր կարգին հաղորդեց, որ Սալիվըն երեքշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր եւ աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալընի հետ:
Սպիտակ տունը կը նշէ, որ այլ հարցերու կողքին «անոնք քննարկած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան բանակցութիւններու, ինչպէս նաեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր»: