Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում ունեցած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսիի հետ: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան միջեւ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ հիւլէական անվտանգութեան հարցեր, անդրադարձ կատարուած է հայկական Մեծամօրի հիւլէական կայանին:
Պայրամով ըսած է, որ Ազրպէյճան մեծ նշանակութիւն կու տայ հիւլէական անվտանգութեան ապահովման` կարեւոր նկատելով Մեծամօրի հիւլէական կայանի շահագործման ընթացքին գործակալութեան կողմէ սահմանուած անվտանգութեան չափանիշերու պահպանումը: Ան նաեւ պնդած է, որ Հայաստան հինցած ճարտարագիտութիւններ կ՛օգտագործէ:


