Ի կատարումն Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի 28 փետրուար 2023-ի նիստի ընթացքին տրուած որոշումին` ստեղծուած է աշխատանքային խումբ, որուն նպատակն է ազրպէյճանական կողմին հետ քննարկել հրատապ մարդասիրական հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդը:
Խումբի ղեկավարն է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեան:
Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, 1 մարտ 2023-ի ժամը 11:00-ին, խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարական կեդրոնին մէջ` զօրախումբի հրամանատար, զօրավար-հազարապետ Անտրէյ Վոլքովի մասնակցութեամբ, տեղի ունեցած է արցախեան եւ ազրպէյճանական կողմերու հանդիպում, որուն մասնակցած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ ձեւաւորուած համանման աշխատանքային խումբը` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան խորհրդարանի երեսփոխան Ռամին Մամետովի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպման օրակարգային հարցերն էին.
1.- Արցախի Հանրապետութիւն բնական կազի մատակարարման անխափանութեան ապահովումը եւ հետագայ կազի անջատումներու բացառումը:
2.- Արցախի Հանրապետութեան ելեկտրամատակարարման վերականգնման նպատակով Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախ մտնող միակ բարձրլարման գիծի` Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածի զննումի եւ «Արցախէներկօ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան մասնագէտներու կողմէ վերականգնողական աշխատանքներու իրականացման կարելիութեան ապահովումը:
3.- Կաշէնի եւ Դրմբոնի հանքավայրերու տարածքին մէջ ազրպէյճանական մասնագիտական խումբի կողմէ միանգամեայ տեսողական շրջայցի կազմակերպումը:
4.- Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի ամբողջական բացումը:
Բացման խօսքին մէջ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարը ներկայացուցած է հանդիպումին մասնակիցները` իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան կողմեր: Այնուհետեւ արցախեան խումբի ղեկավարը ազրպէյճանական կողմին բացատրած է իր գլխաւորած խումբի լիազօրութիւնները, այն է` վերը նշուած որոշակի հարցերու քննարկումը եւ անոնց վերաբերեալ լուծումներու որոնումը:
Հանդիպումի սկիզբի մասին մէջ ազրպէյճանական խումբի ղեկավարը փորձած է զրոյցը տանիլ Արցախի` Ազրպէյճանին համարկման անհրաժեշտութեան ուղղութեամբ` ներկայացնելով այդ պարագային հաւանական ընկերային-տնտեսական առաւելութիւններու ստացման հեռանկարներ, սակայն ատոր արցախեան խումբի ղեկավարը հակազդած է` յորդորելով քննարկում կատարել յստակ առաջադրուած հարցերով: Վերջինս ընդգծած է նաեւ, որ մարդասիրական եւ ենթակառուցային հրատապ հարցերով այդ հաղորդակցութիւնները չեն կրնար անդրադառնալ տագնապի համապարփակ լուծման հիմնական հարցերուն, եւ ատոր համար անհրաժեշտ է ձեւաւորել միջազգային լայն աջակցութեամբ ձեւաչափ:
Պէտք է նշել, որ ազրպէյճանական խումբի միւս անդամները զբաղուած են վերը նշուած չորս որոշակի հարցերու քննարկումով եւ լուծումներու որոնումով, ըստ այդմ` հանդիպման հետագայ ընթացքը ամբողջովին համապատասխանած է օրակարգով սահմանուած շրջանակներուն:
Օրակարգային բոլոր հարցերու քննարկման հիմամբ ձեռք բերուած են որոշակի համաձայնութիւններ, որոնք ազրպէյճանական կողմը պարտաւորուած է զեկուցել վերադաս մարմիններուն եւ յառաջիկայ օրերու ընթացքին, խաղաղապահ զօրախումբի միջոցով, արդիւնքներու մասին տեղեկացնել արցախեան կողմին:
Հանդիպումի ընթացքին ձեռք բերուած է նաեւ կողմերուն միջեւ յետադարձ կապի կայուն մեքանիզմի ձեւաւորման համաձայնութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը համաձայնած էին առայժմ հրապարակել միայն ընդհանուր գիծերով տեղեկատուութիւն` այն նկատառումով, որ հոլովոյթը տակաւին կը գտնուի աշխատանքային փուլի մէջ: Սակայն հանդիպումէն կարճ ժամանակ ետք, ազրպէյճանական խումբի ղեկավարը իր երկրի տեղեկատուական հարթակներուն վրայ հանդէս եկած է հարցազրոյցներով, որոնց մէջ բոլորովին այլ` բուն բովանդակութենէն ու հոլովոյթէն շեղուած ապատեղեկատուութիւն տարածած է, մասնաւորաբար յայտարարելով, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են «Ղարաբաղի շրջանի հայ բնակչութեան` Ազրպէյճանին վերահամարկելու հարցեր»:
Ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու եւ ազրպէյճանական մամլոյ միջոցներու այս զեղծարարութիւնը, դժբախտաբար, օգտագործուած է նաեւ հայկական լրատուադաշտի որոշ ներկայացուցիչներու կողմէ` ատով ստեղծելով թիւր տպաւորութիւն, թէ, իբրեւ թէ, արցախա-ազրպէյճանական հաղորդակցութիւններուն մէջ կը քննարկուին տագնապի համապարփակ լուծման առնչուող հարցեր: Մինչդեռ, ինչպէս նշեցինք, 1 մարտի հանդիպումը, որուն, կը կրկնենք, մասնակցած է նաեւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարը, նուիրուած եղած է միայն Արցախի շրջափակման ու ատոր առնչուող խնդիրներու վերացման քայլերու քննարկման:
Ազրպէյճանական յաջորդ ապատեղեկատուութիւնը, որուն համաձայն, կողմերու պաշտօնական ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը իբրեւ թէ «կրնայ տեղի ունենալ Գիանջայի կամ Աղտամի մէջ», առանց Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի մասնակցութեան, եւս չի համապատասխաներ իրականութեան:
Կը յորդորենք չտարուիլ ազրպէյճանական քարոզչամեքենայի յերիւրանքներով եւ համոզուած ըլլալ, որ վերը նշուած հոլովոյթի եւ ատոր արդիւնքներուն մասին հանրութեան պիտի տրուին սպառիչ տեղեկատուութիւն:


