Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր համանախագահ Լուիս Պոնօ այս պաշտօնին վրայ առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէ Հարաւային Կովկասի շրջան:
Այցելութիւնը կը սպասուի յաջորդ շաբաթ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս` նշելով, որ Ուաշինկթըն կ՛ակնկալէ, որ Պոնոյի` շրջանային երեք երկիրներ այցելութիւնները պիտի ըլլան կանոնաւոր:
«Պոնօ կը նախատեսէ հանդիպիլ երկիրներու բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ` հայ-ազրպէյճանական խաղաղ հոլովոյթին աջակցելու եւ Վրաստանի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան մեր մնայուն հաւատարմութիւնը յայտնելու համար: Ինչպէս արդէն նշեցի, իր այցելութեան ընթացքին ան պիտի այցելէ բոլոր երեք երկիրներ` Պաքու, Երեւան եւ Թիֆլիս` այդ հերթականութեամբ», ըսած է Փրայս:
Ան աւելցուցած է, թէ իրենք յոյս ունին, որ շրջան այցելութիւնը Պոնոյին կարելիութիւն պիտի տայ շարունակելու երկխօսութիւնը, որ եղած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ:
«Մենք ոգեւորուած ենք խաղաղ հոլովոյթին արդիւնաւէտ մասնակցութեան համար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի վերջին ջանքերով: Պարոն Պոնոն ալ յոյսով է, որ այդ յառաջընթացը կը շարունակուի: Այս բոլոր երեք քաղաքներուն մէջ պարոն Պոնոն պիտի ընդգծէ, որ Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ են Հարաւային Կովկասի շրջանի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագան խթանելուն», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:


