Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաուլաուի. «Լիբանանի Արաբական Ներկայութիւնը Եւ Արաբական Օրինականութեան Հանդէպ Անոր Յանձնառութիւնը Կարելի Չէ Ապահովել Բացի Օրինական Պետութեան Կերտումով»

March 3, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի Թունուզի մէջ մասնակցեցաւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու 40-րդ խորհրդաժողովին:

Այս առիթով Մաուլաուի արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի արաբական ներկայութիւնը եւ արաբական օրինականութեան հանդէպ անոր յանձնառութիւնը կարելի չէ ապահովել բացի օրինական պետութեան կերտումով:

Ան նշեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կ՛աշխատի ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ, ինչպէս նաեւ դէպի արաբական երկիրներ թմրեցուցիչի փոխադրութիւնը սանձել:

Ան նշեց, որ այս իմաստով 2022-էն ի վեր 1512 յանցագործներ ձերբակալուած են, աւելի քան 15 միլիոն քեփթակոնի դեղահատ, 6 հազար քկ. հաշիշ, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչի այլ տեսակներ գրաւուած են:

Միւս կողմէ, խորհրդաժողովին կողքին, Մաուլաուի հանդիպում մը ունեցաւ սէուտցի իր պաշտօնակիցին` Ապտել Ազիզ պըն Սէուտ պըն Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ իշխանին հետ:

Մաուլաուի շեշտեց, որ Լիբանան միշտ յանձնառու կը մնայ Սէուտական Արաբիոյ ապահովութեան եւ սէուտցիներուն անվտանգութեան` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը կը պայքարի թմրեցուցիչի մաքսանենգումին դէմ եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ, որ Լիբանանէն դէպի արաբական երկիրներ թմրեցուցիչի մաքսանենգում կատարուի:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Լիբանան եւս կը փափաքի գործակցիլ Սէուտական Արաբիոյ հետ:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ իրենց ջանքերը կեդրոնացած են լիբանանեան պետութիւնը կերտելու եւ արաբական ընտանիքին վստահութիւն ներշնչելու աշխատանքին վրայ:

Մաուլաուի հանդիպում մը ունեցաւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին` հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Թաուֆիքի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ ապահովական գործակցութեան կարեւորութիւնը` տեղեկութիւններու եւ փորձառութիւններու փոխանակման իմաստով: Գործակցութեան մարզերն են ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու թմրեցուցիչի մաքսանենգման սանձումը:

Մաուլաուի վերահաստատեց Լիբանանի երախտագիտութիւնը Եգիպտոսին, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին ու լիբանանցիներուն:

Մաուլաուի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Պահրէյնի իր պաշտօնակիցին` շէյխ Ռաշետ պըն Ապտալլա Ալ Խալիֆէի, Քաթարի վարչապետ շէյխ Խալետ պըն Խալիֆա պըն Ապտել Ազիզ Ալ Թանիի, Քուէյթի Ա. փոխվարչապետ, ներքին գործոց նախարար շէյխ Թալալ Խալետ Ահմետ Սապահի, Օմանի իր պաշտօնակիցին` Համմուտ պըն Ֆայսալ Պուսուէյտիի, Թունուզի իր պաշտօնակիցին` Թուֆիք Շարաֆէտտինի եւ Իրաքի իր պաշտօնակիցին` Ապտել Էմիր Շամրիի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Մաուլաուի ընդգծեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր կը մնայ արաբական երկիրներու ապահովութեան, ինչպէս նաեւ անոնց հետ ապահովական մարզին մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարներուն:

 

Նախորդը

Մքերի. «Ֆրանսա Յանձնառու Կը Մնայ Լիբանանի Փրկութեան, Իսկ Ամերիկացիները Կը Դիւրացնեն Նախագահական Ընտրութիւնը»

Յաջորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Լիբանան-Կիպրոս Ծովային Սահմանագծումի Մանրամասնութիւնները Աւարտեցինք» Շեշտեց Ալի Համիէ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.