Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմի Պաշտօնավարութեան Աւարտին` Հրաժեշտի Պաշտօնական Արարողութիւն

March 2, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան Պէյրութի կեդրոնատեղիին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն  հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի պաշտօնավարութեան աւարտին առիթով կազմակերպուած հրաժեշտի արարողութիւն մը:

Հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն առաջ Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարիի հետ:

Այս առիթով Պայսարի հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` շարունակելու Ապպաս Իպրահիմի ուղիով:

«Պիտի մնանք մեզի շնորհուած վստահութեան եւ պատասխանատուութեան մակարդակին վրայ», հաստատեց Պայսարի:

Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ կոչ ուղղեց բոլորին շարունակելու իրենց ստանձնած պարտականութիւնը եւ պաշտպանելու Լիբանանը:

«12 տարուան ընթացքին մնացինք միասին, աշխատեցանք միասին, ձեզի խոստացայ ստեղծել տնօրէնութիւն մը, որով հպարտանաք, իսկ այսօր ես հպարտ եմ ձեզմով, որովհետեւ դուք էիք տնօրէնութեան նեցուկը», շեշտեց ան:

Լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Ապպաս Իպրահիմ պատասխանելով նախագահական դատարկութեան փուլին տեւողութեան մասին հարցումի մը յայտնեց, որ Աստուած կրնայ անսպասելին ստեղծել, «սակայն ես մտահոգ եմ», աւելցուց ան:

Կառավարութեան մէջ նախարարութիւն մը ստանձնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` ան ըսաւ. «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը»:

Իպրահիմ նշեց, որ ինք պիտի շարունակէ քաղաքական իր գործունէութիւնը եւ ընել ամէն ինչ, որ օգտակար կրնայ դառնալ Լիբանանին` ընդգծելով, որ իր ծանօթութիւններէն ոչ մէկը պիտի խնայէ հայրենիքին ծառայութեան ի խնդիր:

ՆՇԵՆՔ, որ Ապպաս Իպրահիմ Քարանթինայի մէջ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի Պէյրութի մասնաճիւղին հիմնարկէքը կատարելու ընթացքին յայտնեց, որ իր ազգային եւ աշխատանքային պարտականութիւնը կը պարտադրէ, որ ինք ըլլայ այնպիսի դիրքի մը վրայ, որ կը ծառայէ մարդ արարածին: Ան հաստատեց, որ ազատութիւնը բազմազանութեան Լիբանանը պահպանելու երաշխիքն է: «Առանց այդ ազատութեան Լիբանանը իմաստազուրկ է: Մենք այդ ազատութեան շնորհիւ կրցանք յաղթել ահաբեկչութեան, սադրանքներուն, թշնամի Իսրայէլին, ինչպէս նաեւ կրցանք ամրապնդել մեր ազգային միասնականութիւնը», հաստատեց Իպրահիմ:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Ազգային Ուխտի Ու Սահմանադրութեան Խախտումները, Ինչպէս Նաեւ Նախագահական Դատարկութեան Բնականոնացումը Արտօնելի Չեն»

Յաջորդը

Զախարովա. «Յոյսով Ենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Միասնաբար Մշակուած Խաղաղութեան Նախաձեռնութիւնները Պիտի Իրագործուին»

RelatedPosts

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

September 21, 2026
Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

September 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.