Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Ազգային Ուխտի Ու Սահմանադրութեան Խախտումները, Ինչպէս Նաեւ Նախագահական Դատարկութեան Բնականոնացումը Արտօնելի Չեն»

March 2, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ նախանցեալ օր խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստին ընթացքին արձանագրուած գայթակղութիւնը, որ մաս կը կազմէ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան գործած օրինազանցութիւններուն:

Համախմբումի նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ վարչապետի պաշտօնակատարը կը շրջանցէ քաղաքական աշխատանքին բարոյական սահմանները: «Միքաթի ո՛չ միայն հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնը շրջանցած է, այլ կը վարուի այնպէս մը, որ կարելի ըլլայ կեղծել իրականութիւնները` կարծէք երկրին մէջ հաշուետուութեան ոչ մէկ առիթ կամ միջոց կայ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Համախմբումին հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ համախմբումը կը մերժէ Ազգային ուխտի ու սահմանադրութեան խախտումները` աւելցնելով նաեւ, որ արտօնելի չի գտներ նախագահական դատարկութեան բնականոնացումը:

Համախմբումը կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու` երկրին սահմանադրական հաստատութիւններու աշխատանքը վերաշխուժացնելու համար:

«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով անհրաժեշտ կը գտնենք, որ երկրին քաղաքական ուժերը փոխադրուին այլ փուլ մը, որ հիմնուած է երկխօսութեան եւ խորհրդակցութեան վրայ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Համախմբումը զարմանք յայտնեց նաեւ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի որոշումին համար, որուն հիման վրայ կարգ մը դրամատուներու գծով սկսած հետաքննութիւնները դադրեցան:

Համախմբումը նկատել տուաւ, որ նման որոշում վնաս կը հասցնէ դրամատուներուն մէջ գումար ունեցող լիբանանցիներուն:

ՆՇԵՆՔ, որ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պասիլ կը փորձէ ամէն ձեւով եւ քաղաքական բացայայտ նպատակներու համար կառավարութեան` յանձին վարչապետին վերագրել բաներ, որոնք ճշմարտութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին: Ան շեշտեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները չի շրջանցեր` աւելցնելով, որ Պասիլ եւ անոր երեսփոխանական պլոքը պէտք է յանձնառու մնան հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:

Նախորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Քննարկեց Օտար Երկիրներու Մէջ Լիբանանեան Դեսպանատուներու Հաշիւներուն Հարցը

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմի Պաշտօնավարութեան Աւարտին` Հրաժեշտի Պաշտօնական Արարողութիւն

RelatedPosts

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

September 21, 2026
Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

September 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.