ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 79.800 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.617.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.656.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.538.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.084.000 լ. ոսկի:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարութեան համաձայն, արաբական հացի կապին սակացոյցն է հետեւեալը. արաբական հացի փոքր կապը (353 կրամ)` 19.000 լ. ոսկի, արաբական հացի միջակ կապը (822 կրամ)` 32.000 լ. ոսկի, իսկ արաբական հացի մեծ կապը (1015 կրամ)` 38.000 լ. ոսկի:
ՍՆՆԴԵՂԷՆ ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ մաքսատնային տոլարի սակին փոխարժէքին 45.000 լ. ոսկիի վերածուելուն պատճառով գրեթէ բոլոր ապրանքատեսակներուն սակերը 2-10 առ հարիւրի բարձրացում պիտի արձանագրեն:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց դատական մարզին մէջ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գործակցութեան հեռանկարները: Խուրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Համիշ Քոուելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Բրիտանիոյ եւ Լիբանանի դատական մարզերուն վերաբերող միացեալ խորհրդաժողով մը կազմակերպելու նախապատրաստական աշխատանքները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ ֆրանսական Ծերակոյտի անդամ Հելեն Քոնուայ Մուրիէն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի: Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ լիբանանեան բանակին օժանդակութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատուեցաւ անոր դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նատա Պուսթանի գրառումի մը մէջ անդրադարձաւ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի դէմ կատարուած ամբաստանութիւններուն, որոնք կը վերաբերէին դէպի Ֆրանսա իւրացուած գումարներ փոխանցելու սուտին: «Դատական իշխանութիւններուն կողմէ այդ իմաստով արձակուած է վճիռ մը, որ անպարտ հռչակած է զօր. Աունը, հետեւաբար նման զրպարտութիւններ կատարելը աժան վարուելակերպ է: Իսկ բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ նման զրպարտութիւնները, քաղաքականացումն ու սուտասանութիւնը Լիբանանի պետական գանձարկղէն իւրացուած գումարները չեն վերադարձներ», ըսաւ ան:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ իրենց տրամաբանութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնն է` աւելցնելով, որ իրենք կը հաւատան, որ խորհրդարանը իրերայաջորդ նիստեր պէտք է գումարէ` կատարելու համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ լիբանանեան շուկային եւ տնտեսութեան տոլարայնացումէն ետք պէտք է պաշտօնապէս գուժել լիբանանեան դրամանիշին մահը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա յայտնեց, որ լիբանանցիներու տարրական իրաւունքներուն ապահովումն ու անոնց պահանջներուն իրագործումը կարիքը ունին հանրապետութեան նախագահի անյապաղ ընտրութեան: Ան շեշտեց, որ երկրին դիմագրաւած խոցելի այս վիճակին ընթացքին լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները առաջնահերթութիւն պէտք է ընծայեն ազգային շահերուն:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց ֆրանսական Ծերակոյտի անդամ Հելեն Քոնուայ Մուրիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Ժոմպլաթ իր ողջոյնները փոխանցեց Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ եթէ Հըզպալլա եւ անոր դաշնակիցները յաջողին նախագահական ընտրութեան իրենց թեկնածուին համար 65 քուէ ապահովել, ապա իրենք պոյքոթի պիտի ենթարկեն նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը:


