Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ Պըրրի իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին վերահաստատած է, որ ինք բոլոր միջոցներուն պիտի դիմէ` նախագահական ընտրութեան առումով անկարելութեան պատը քանդելու:
Ան աւելցուցած է սակայն, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու հիմնական նախապայմանը էր եւ կը մնայ քաղաքական բոլոր ուժերուն ընդառաջումը, ինչպէս նաեւ անոնց գնահատումը` Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին:
Պըրրի հաստատեց, որ տակաւին կարելիութիւն կայ ներքին լիբանանեան լուծման մը յանգելու` կասեցնելով սրընթաց փլուզման հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները փրկելու իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններէն:
«Նախագահական ընտրութեան դիմագրաւած թնճուկը հանգուցալուծելու գլխաւոր նախապայմանը քաղաքական ուժերուն կողմէ համախոհութեան ուղիին որդեգրումն է, որովհետեւ անիկա միակ ճամբան է, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը իր պատանդի վիճակէն դուրս պիտի բերէ», ընդգծեց Պըրրի:
Վարչապետարանին մէջ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Շիա Այցելեց Նաեւ Ռայի Պատրիարքին Եւ Ժահժահին
Շիա այցելեց նաեւ Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բեմը յուզող իրադարձութիւնները:
Շիա ընդգծեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը:
Շիա այցելեց նաեւ Մեհրապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Փարիզի մէջ գումարուած Լիբանանի յատուկ հնգակողմանի ժողովը:
Քննարկուեցաւ նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ Ժահժահ հաստատեց, որ որեւէ բարեկարգում յաջողցնելու համար հիմնական մուտքը քաղաքականութիւնն է:
Ժահժահ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը պայման է` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ գերիշխան անձնաւորութիւն մը, որպէսզի բոլոր մակարդակներուն վրայ կարենայ իրագործել բարեկարգումը:
Շիա եւ Ժահժահ քննարկեցին նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին միջազգային հետաքննութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւն բանեցնել:


