Աքքարի շէյխերէն Ահմետ Ռիֆայիի սպանութեան հետեւող Քարքաֆ գիւղաքաղաքի հետաքննութեան յանձնախումբը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ շէյխ Ռիֆայի անմեղ զոհ մըն է, որուն անարգ սպանութիւնը դատապարտուեցաւ, եւ որուն ընտանիքը լիբանանեան բոլոր շերտերը ներկայացնողներէն ցաւակցական եւ մխիթարական խօսքեր ստացաւ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ շէյխ Ահմետ Ռիֆայիի ընտանիքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ հանրապետութեան միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի եւ Աքքարի միւֆթի շէյխ Զէյտ Զաքարիայի` անոնց ցաւակցական խօսքերուն համար:
Շէյխ Ռիֆայիի ընտանիքը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որ ամէն ջանք ի գործ դրաւ լուրջ հետաքննութիւն բանալու այս իմաստով, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ուժերուն, որոնք իրենց արհեստավարժութեամբ կրցան բացայայտել յանցագործները եւ ձերբակալել զանոնք:
«Այս շրջագիծին մէջ մենք կառավարութենէն կը պահանջենք, որ շէյխ Ռիֆայիի սպանութեան հետաքննութեան թղթածրարը փոխանցուի Դատական գերագոյն ատեանին, որովհետեւ այս ոճիրը սովորական ոճիր չէ եւ անիկա բոլոր կարմիր գիծերը անցած է կրօնական, ընկերային, ընտանեկան եւ նոյնիսկ մարդկային արժանապատուութիւններուն սպառնալու առումով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:


