Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Սաապ. «Տիրող Տարակարծութիւնը Կը Փաստէ, Որ Նախագահական Ընտրութիւնը Այդքան Ալ Դիւրին Չէ Կայացնել»

March 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որ սակայն չշարունակուեցաւ, որովհետեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխանները պոյքոթի ենթարկեցին իրենց մասնակցութիւնը:

Նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ կառավարութեան գումարած նիստերուն սահմանադրական ըլլալուն մասին քաղաքական տարակարծութիւնը հասած է խորհրդարան` աւելցնելով, որ այս հարցը լուծելու լաւագոյն ձեւը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու ուղղութեամբ աշխատիլն է:

Ան նկատել տուաւ, որ տիրող տարակարծութիւնը կը փաստէ, որ նախագահական ընտրութիւնը այդքան ալ դիւրին չէ կայացնել:

Պու Սաապ հաստատեց, որ ոչ ոք իր թեկնածուն կրնայ այլոց վրայ պարտադրել:

Իր կարգին, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ երբ երեսփոխաններուն միջեւ համայնքային խտրութեան վտանգաւոր եւ արտակարգ մագլցում արձանագրուած է, ինք Պու Սաապի հետ փորձած է արգիլել խորհրդարանէն հեռացող երեսփոխանները եւ համոզել զանոնք իրենց տեղերը վերադառնալու, սակայն անոնք չեն ընդառաջած:

«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխանները լքեցին դահլիճը, անոնց հետեւեցան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանները եւ ուրիշներ: Այսօր ամբողջացաւ երկիրը անդամալուծելու օղակը, երբ ան հասաւ խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստին, մինչդեռ ժողովուրդին բեռը այլ տեղ կը գտնուի: Բաժանումի արտակարգ տեսարան մը… Աստուած պահպանէ Լիբանանը», ըսաւ ան:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ իրենք միացեալ նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած են, որովհետեւ Իրաքի կողմէ տրամադրուելիք նաւթի օրինագիծը կը կրէր միայն 5 կամ 6 նախարարի պաշտօնակատարներու ստորագրութիւնը:

Ապի Ռամիա աւելցուց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն երեսփոխանները կը զօրակցին իրենց կեցուածքին:

Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ կառավարութենէն հասած օրինագիծը հակասահմանադրական է, որովհետեւ բոլոր նախարարի պաշտօնակատարներուն ստորագրութիւնը չի կրեր: «Հանրապետութեան նախագահի բացակայութեան կարելի չէ նման թեթեւ վերաբերում ցուցաբերել», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ պէտք է ուղղուիլ երկխօսութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել եւ պետական հաստատութիւններուն ընթացքը կանոնաւորել:

Պասիլ նկատել տուաւ նաեւ, որ 17 հոկտեմբեր 2019-ի ժամանակաշրջանին իրենց դռները փակած դրամատուները հարիւր միլիոնաւոր տոլարի փոխանցում կատարեցին: «Հետեւաբար դուրս փոխանցուած գումարները կը գերազանցեն Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ մեզի տրամադրուելիք 3 միլիառ տոլարը», հաստատեց ան:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահը երկրի իշխանութիւններուն բանալին է` աւելցնելով, որ անոր բացակայութեան հաստատութենական աշխատանքը պակասաւոր պիտի մնայ:

Իր կարգին, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան խորհրդարանի միասնականութեան, անոր բոլոր տարբերութիւններով եւ բազմազանութեամբ: «Բոլոր լիբանանցիները գիտեն, թէ ո՛վ կոչ ուղղեց երկխօսութեան եւ ո՛վ խանգարեց այդ երկխօսութեան կայացումը», յայտնեց ան:

 

Նախորդը

Իշխանութեան Պետերը Շիայի Հետ Քննարկեցին Երկրին Իրադարձութիւններն Ու Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Տոլարի Փոխարժէքը Կը Շարունակէ Սաւառնիլ, Իսկ Հանրախանութներուն Մէջ Ապրանքներուն Սակերը` Ամերիկեան Տոլարով

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.