Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցած ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին, Ուրարտուի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Սերկէյ Մկրտչեան, ծանր վնասուածք ստացած էր Լոքոմոթիւ Մոսկուայի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին ընթացքին:
Նկատի ունենալով, որ անոր ստացած վնասուածքը բաւական ծանր էր, ան ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան:
Անոր ակումբը յայտնեց, որ յաջող վիրաբուժութեան ենթարկուած Մկրտչեան լաւապէս ապաքինելու համար պէտք ունի 4-6 ամսուան հանգիստի:


