Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի 14 փետրուարին Պաքուի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը, խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ «Լաչինի ճամբուն վրայ բողոքի ցոյցերու տարբեր երեւոյթներ»:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Պայրամով ըսած է. «Հակառակ Ազրպէյճանի կառուցողական մօտեցումին, խաղաղութեան հոլովոյթին վերաբերեալ առաջարկներ ներկայացնելուն, Հայաստան մշտապէս կը դանդաղեցնէ այդ հոլովոյթը»: Ան պնդած է, որ Հայաստան պոյքոթած է անցեալ տարուան դեկտեմբերին նախատեսուած` խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու հերթական փուլը:
Ըստ հաղորդագրութեան, Պայրամով նաեւ յայտարարած է, թէ Բերձորի ճամբան չ՛օգտագործուիր եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած նպատակներով: «Նախարարը ընդգծած է, որ ցուցարարներու օրինական պահանջները տակաւին չեն կատարուած, հայկական կողմը ստեղծուած կացութիւնը կ՛օգտագործէ սեփական քաղաքական նպատակներուն համար եւ հարցը սխալ հունով կը տանի», նշուած է Պաքուի հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուս դիւանագէտը նոյն օրը հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահին հետ: Ըստ «Ինթըրֆաքս Ազրպէյճան»-ին, քննարկուած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակման ընթացքը:
Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձած են ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն եւ զանոնք բարձր գնահատած:
Խովայեւ Ազրպէյճանի նախագահին տեղեկութիւններ հաղորդած է շրջան կատարած այցելութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի պատրաստութեան ուղղուած Ռուսիոյ ջանքերուն մասին:
Իկոր Խովայեւ 9-10 փետրուարին այցելած էր Երեւան, ուր հանդիպում ունեցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:


