Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վոլոտին. «Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորումը Պէտք Է Հիմնուած Ըլլայ Եռակողմ Յայտարարութեան Վրայ»

Փետրուար 16, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ խորհրդարանի` Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովա 13 փետրուարին համաձայնագիր ստորագրած են երկու կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Տումայի կայքը:

Բացի ատկէ, օրէնսդիր մարմիններու ղեկավարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող կացութիւնը: Կաֆարովա նշած է, որ Պաքուն բարձր կը գնահատէ այս հարցին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներդրումը:

Վոլոտին յայտարարած է շրջանին մէջ կացութեան կարգաւորման գործին մէջ եւրոպական կառոյցներու ներգրաւման անթոյլատրելիութեան մասին` նշելով, որ յետպատերազմեան ամբողջ լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան վրայ: Ան յորդորած է ամէն ինչ ընել այս համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու համար:

«Եկէք ելլենք անկէ, որ կայ որոշում, ընդունուած` Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու մակարդակով: Մենք ասով կ՛առաջնորդուինք եւ մեր կողմէ ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի այդ համաձայնութիւնները կեանքի կոչուին: Իսկ անոնք, որոնք յայտարարութիւններ կ՛ընեն եւրոպական կառոյցներու ուղղութեամբ, կրնան պարզապէս կորսնցնել երկիրը: Եւրոպական խորհրդարանին դիմելէ եւ այս մարմինին որոշ հարցերու լուծման ներգրաւելէն առաջ պէտք է պատասխանեն` առհասարակ Եւրոպական խորհրդարանի, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի մասնակցութեամբ որեւէ սուր հարց կամ հակամարտային կացութիւն լուծուա՞ծ է: Նման օրինակ չկայ: Տեսէք, թէ ի՛նչ կատարուեցաւ Ուքրանիոյ մէջ, ի՛նչ յայտարարութիւններ ըրին Գերմանիոյ վարչապետ Մերքելը, իսկ յետոյ Ֆրանսայի նախագահ Օլանտը: Ինչպէս հիմա պարզուեցաւ, անոնք խաբեցին ամբողջ աշխարհը, անոնք ստեցին, անոնք ստեցին եւ սկսան պատերազմի պատրաստուիլ: Ուստի, ցանկալով ներգրաւել Եւրոպական խորհրդարանը եւ ԵԽԽՎ-ն, անոնք պէտք է 10 անգամ մտածեն եւ կշռադատեն, թէ ատիկա ինչպէ՛ս կրնայ աւարտիլ` հաշուի առնելով Ուքրանիոյ, Եուկոսլաւիոյ եւ այլ երկիրներու օրինակները: Ով որ կ՛ուզէ խաղաղութիւն, ով որ կ՛ուզէ լուծել կացութիւնը, պէտք է ո՛չ միայն հեռու մնայ այս կիսախորհրդարաններէն` ԵԽԽՎ-էն եւ Եւրոպական խորհրդարանէն, այլ յստակ գիտակցի, որ անոնց ներգրաւումը պիտի սրէ կացութիւնը, աւելի ու աւելի շատ խնդիրներ պիտի ստեղծէ: Իսկ եթէ ատիկա կ՛ընեն, ուրեմն պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն հետեւանքներուն համար», ընդգծած է Վիաչեսլաւ Վոլոտին:

Նախորդը

Աշխատաւորական Եւ Փոխադրութեան Համադաշնակցութիւններու Ճշդած Այսօրուան Ընդհանուր Գործադուլը Կ՛առկախուի

Յաջորդը

Պայրամով Եւ Խովայեւ Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Հոլովոյթը, Բերձորի Միջանցքի Հարցը

RelatedPosts

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովը Տեղահանուած Արցախահայութեան Անունով Դիմած Է ԵԱՀԿ-ի Մասնակից Պետութիւններուն

Օգոստոս 21, 2025
Ռուպիօ Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Ռուս-Ուքրանական  Բանակցութիւններն Ու Հայ-Ազրպէյճանական  Հռչակագիրի Ստորագրումը
Հայկական

Ռուպիօ Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւններն Ու Հայ-Ազրպէյճանական Հռչակագիրի Ստորագրումը

Օգոստոս 21, 2025
Թրամփ Պատմած Է Փաշինեանի  Եւ Ալիեւի Հետ Հանդիպումին Մասին
Հայկական

Թրամփ Պատմած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ Հանդիպումին Մասին

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?