Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Սամանթա Փաուըր, անդրադառնալով Թուրքիա մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու Հայաստանի քայլին, «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Յուզիչ է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս մէկ կողմ դրուած է տասնամեակներու թշնամանքը` օգնելու յուսահատ կարիքի մէջ գտնուող մարդոց: 35 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով բացուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանային անցակէտը, որպէսզի օգնութիւնը հասնի երկրաշարժէն վնասուածներուն: Հայաստան 100 թոն բեռ եւ փրկարարական խումբ կ՛ուղարկէ»: