– Ի՞նչն Է Տեժա-Վիւ Յառաջացնողը
– Սննդային Թունաւորում` Յղութեան Ժամանակ
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Ի՞նչն Է Տեժա–Վիւ Յառաջացնողը
«Արդեօ՞ք այս բոլոր պատահածները քիչ մը ծանօթ կը թուին»: Տեժա-վիւ կոչուող այս զգացողութիւնը կրնայ պատահիլ երբ ձեր ուղեղը կը ճշդէ իր սեփական սխալները
Սարսափելի զգացողութիւն է. կը քալես տեղէ մը եւ գիտես, որ նախապէս երբեք այդտեղ չես եղած, բայց քեզ կը պատէ ծանօթութեան զգացումը` յիշողութիւն մը, որուն դժուար է հասնիլ ու հանգոյցը քակել: Այս բոլորը նախապէս պատահա՞ծ են:
Մարդոց մեծամասնութիւնը կեանքի մէկ պահուն, կը զգայ այս մէկը, որ ծանօթ է «Տեժա-վիւ» անունով: Այնուամենայնիւ, դժուար է զայն ուսումնասիրել, որովհետեւ անիկա հակուած է ինքնաբերաբար յառաջանալու եւ դիւրութեամբ փարատելու, կ՛ըսեն գիտնականները: Ուսումնասիրելու համար գիտաշխատանոցի մէջ այդ մէկը վերստեղծելը բարդ գործ է:
Այնուամենայնիւ, գիտնականները կը կարծեն, որ տեժա-վիւն իրականութեան մէջ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ տեսնելու, թէ ինչպէս` կ՛աշխատի յիշողութեան համակարգը, երբ ան քիչ մը շեղում արձանագրէ: «Զգացողութիւնը կրնայ յառաջանալ, երբ ձեր ուղեղի այն հատուածները, որոնք կը ճանչնան ծանօթ իրավիճակները, անպատշաճ ձեւով գործուն դառնան», կ՛ըսէ Սկովտիայի Սեն Անտրիուսի համալսարանի ճանաչողական հոգեբան Աքիրա Ռոպերտ Օ՛Քոնորը, որ կը զբաղի տեժա-վիւի ուսումնասիրութեամբ: Երբ այդ տեղի կ՛ունենայ, ուղեղի մէկ այլ հատուած մը այնուհետեւ կը ստուգէ ծանօթութեան այս զգացումը անցեալի փորձառութիւններու ձեր յիշողութեան համեմատ: Երբ իրական համընկնումներ չեն գտնուիր այդ երկուքի միջեւ, արդիւնքը կ՛ըլլայ քիչ մը անհանգստացնող. զգացողութիւն մը, որ այս բոլորը տեսած էք, կ՛ուղեկցի անոր գիտելիք մը, որ կ՛ըսէ, թէ այս բոլորը չէք տեսած:
Չորացում ունեցող որոշ մարդոց մօտ ծանօթութեան այս զգացումը տեղի կ՛ունենայ առանց սխալի (error) ճանաչման: Այդ պարագային մարդիկ կրնան զբաղիլ իրենց գործով այնպէս, կարծես իրականութեան մէջ տեսած են այդ ամէնը նախկինին մէջ, բողոքելով, որ հեռատեսիլէն իւրաքանչիւր հաղորդում կը կրկնուի կամ անոնք կը հրաժարին բժիշկի այցելելէ, որովհետեւ անոնք վստահ են, որ արդէն այցելած են:
Տեժա-վիւ ֆրանսերէնով կը նշանակէ «արդէն տեսած»: Հասկացողութիւն մը, որ, հնարաւոր է, յօրինած է ֆրանսացի փիլիսոփայ Էմիլ Պոյրաք 1876 թուականին Revue Philosophique de la France et de l’Étranger ամսագիրի խմբագիրին ուղղոուած նամակին մէջ: Պոյրաք կ՛ենթադրէր, որ հաւանաբար շատոնց մոռցուած ընկալումներու մնացորդները յառաջացուցած են այդ զգացումը: Այժմ որոշ գիտաշխատանոցային ապացոյցներ կան, որոնք ցոյց կու տան, որ մէկ տեսարանի եւ ուրիշի մը անորոշ նմանութիւնները իսկապէս կրնան յանգեցնել տեժա-վիւի: Քոլորատոյի պետական համալսարանէն ճանաչողական հոգեբան Անն Քլերի եւ անոր գործընկերները մշակած են գիտաշխատանոցին մէջ տեժա-վիւի կիրարկման միջոց մը` մասնակիցներուն ցոյց տալով տեսողական պատկերներ, որոնք ունին որոշ նուրբ նմանութիւններ իրարու հետ, ինչպէս, օրինակ, կահոյքի մը դրուած ձեւի նմանութիւնը գծուած նկարի մը, որ կախուած է պատէն: 2009-ի ուսումնասիրութեան ժամանակ հետազօտողները պարզած են, որ այս գաղտագողի նման տեսարանները դիտելը աւելի հաւանական է, որ յառաջացնէ տեժա-վիւի զգացողութիւն, քան` տարբեր տեսարաններ դիտելը: Այս մէկը կը յուշէ, որ շատ հաւանաբար ուղեղին համար միջավայրային խթան մը կայ յիշելու` «Հէ՜յ, ես գիտեմ այս մէկը», նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ նախապէս այս տեսարանը չէ եղած:
Թէեւ Քլերիի հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ պզտիկ ծանօթութիւն մը կրնայ յանգեցնել տեժա-վիւի, սակայն յստակ չէ, որ իրական ծանօթութիւնը անհրաժեշտ է այդ զգացողութիւնը յառաջանալու համար:
Ինքնաբուխ տեժա-վիւի պարագաներուն, Օ՛Քոնըր կ՛ըսէ, միանգամայն կարելի է, որ ծանօթութեան զգացումը պատահական ըլլայ: Երբեմն ուղեղի այն մասը, որ պատասխանատու է ծանօթութեան յայտնաբերման` medial temporal lobe-ը, որ մեծ դեր կը խաղայ յիշողութիւններու քոտաւորման եւ վերականգնման գործին մէջ, կրնայ գերխանդավառութեամբ բռնկիլ առանց որեւէ պատճառի: Պատահական այս վարկածը կը պաշտպանէ այն փաստը, որ երիտասարդները իրականութեան մէջ աւելի շատ տեժա-վիւ կ՛ապրին, քան` տարեցները: Երիտասարդ ուղեղները քիչ մը աւելի գրգռուած են, հակուած են աւելի արագ «կրակելու», քան` «զսպելու»:
Տարեց մարդիկ կրնան նաեւ աւելի համբակ «փաստ ստուգողներ» ըլլալ, երբ ծանօթութեան կեղծ զգացումներ յառաջանան, կ՛ըսէ Քրիս Մուլեն` Ֆրանսայի Կրենոպըլ Ալպեր համալսարանի ճանաչողական ջղահոգեբան: Ուղեղի փաստերու ստուգիչը կը գտնուի ճակատային կեղեւին մէջ (frontal cortex), ճակատին ետեւը: Երէց երիտասարդներու մօտ այս շրջանը կրնայ աւելի քիչ արգելակել կեղծ ծանօթութեան զգացումը:
Մեծահասակները դեռ կրնան ճանչնալ նման կեղծ ծանօթութիւն: «Ոչ թէ տարեցներու մօտ կեղծ ծանօթութիւն չի յառաջանար,- կ՛ըսէ Մուլեն,- «պարզապէս անոնք այլեւս չունին վստահութիւն, որ այն, ինչ անոնք կ՛ապրին, կեղծ է»:
Սա ծերացման բնական մասն է, եւ ոչ թէ` տեժա-վիւի շփոթումը իրականութեան հետ, որ կրնան չորացում ունեցող մարդիկ զգալ: Այսպիսով, վայելեցէք այն զգացողութիւնը, զոր զգացած էք այդ ամէնը անցեալին, քանի դեռ այդ մէկը կայ: «Ես տարիքով կը մեծնամ, այդ մէկը կը հիասթափեցնէ զիս,- կ՛ըսէ Մուլեն,- որովհետեւ անցեալին ես աւելի շատ տեժա-վիւ ունէի, քան` հիմա»:
Աղբիւր- Scientific American
Սննդային Թունաւորում`
Յղութեան Ժամանակ
Յղութեան ժամանակ սովորական է առաւօտեան սիրտխառնուք ունենալը: Բայց երբեմն ձեր ախտանիշները կրնան յառաջանալ մէկ այլ բանէ` սննդային թունաւորումէ:
Ինչպէ՞ս կրնաք որոշել, որ ձեր փսխելը սննդային թունաւորման հետեւանք է: Եւ երբ ճշդէք, որ այդ մէկն է, ինչպէ՞ս կրնաք ապահով ձեւով բուժուիլ անկէ, երբ երեխայ մը կը կրէք ձեր մէջ:
Սննդային թունաւորումներու տեսակները
Երբ յղի էք, ձեր դիմադրողական համակարգը սովորականէն աւելի տկար կ՛ըլլայ, ուստի ձեր մարմնին համար աւելի դժուար կ՛ըլլայ պայքարիլ այն մանրէներուն դէմ, որոնք կրնան գտնուիլ ձեր ուտելիքին մէջ եւ ձեզ անհանգստացնել:
Դուք կրնաք սննդային թունաւորում ունենալ, երբ ուտէք հետեւեալներով վարակուած ուտեստեղէնները.
- Պաքթերիաներ
- Մակաբոյծներ (Parasites)
- Ժահրեր
- Որոշ քիմիական նիւթեր
Սննդային թունաւորումներու բազմաթիւ տեսակներ կան. ոմանք աւելի տարածուած են եւ աւելի վտանգաւոր, երբ դուք յղի էք: Ահա` անոնցմէ քանի մը հատը.
- Listeriosis– Ասիկա կու գայ լիսթերիա պաքթերիայէն: Յղի կիներ 13 անգամ աւելի հաւանական է, որ հիւանդանան լիսթերիայով, քան` այլ մարդիկ: Այդ մէկը կրնայ գոյանալ փաթեթաւորուած ու տուփեղէն միսերու մէջ, ինչպիսիք են հոթ-տոկը եւ պաղ մսեղէնները: Ծովամթերքը եւ կաթնամթերքը նոյնպէս կրնան ունենալ լիսթերիա, յատկապէս եթէ անոնք փասթէօրացուած (1) չեն (pasteurize): Այս մէկը կրնայ աճիլ նոյնիսկ սառնարանին մէջ` պաղ ուտեստեղէններուն վրայ:
- Escherichia coli (E. coli)- Այս պաքթերիան բնական կերպով կ՛ապրի ձեր աղիքներուն մէջ: Այնուամենայնիւ, դուք կրնաք հիւանդանալ, եթէ ուտէք E. coli-ի որոշ տեսակներով աղտոտուած պտուղ եւ բանջարեղէն, հում կամ ոչ եփած միս կամ չփասթէօրացուած կաթ եւ պտուղներու հիւթեր:
- Սալմոնելլա- Այս պաքթերիան կը յառաջացնէ salmonellosis կոչուած հիւանդութիւնը: Յաճախ զայն կը ստանաք ոչ եփած կամ հում հաւկիթէ, միսէ, հաւէ կամ չփասթէօրացուած մթերքներէ: Դուք կրնաք նաեւ զայն ստանալ, եթէ ուտէք ուտեստեղէններ, որոնք դպած են հողին կամ սալմոնելայով վարակուած անասուններու կղանքին:
- Campylobacter- Այս պաքթերիան կը ստանաք հիմնականօրէն աղտոտած հաւի կամ չփասթէօրացուած մթերքներու ճամբով:
- Norovirus- Միացեալ Նահանգներու մէջ սննդային հիւանդութիւններու հիմնական պատճառն է: Ժահրը դիւրութեամբ կը տարածուի աղտոտած սնունդի եւ խմիչքի միջոցով:
Յղութեան ընթացքին սննդային թունաւորման ախտանիշները
Կրնայ դժուար ըլլալ ճշդորոշելը, թէ ե՛րբ սննդային թունաւորումը մեղաւոր է ձեր հիւանդութեան համար: Երբեմն սննդամթերքի մանրէները կրնան ձեզ անմիջապէս հիւանդացնել: Երբեմն ալ անոնք ձեր մարմնին մէջ կախուած կը մնան օրերով կամ նոյնիսկ շաբաթներով` նախքան ախտանիշներու յայտնուիլը:
Սովորաբար այդ մէկը կը յառաջացնէ`
- Ստամոքսի ցաւ
- Փսխում
- Փորլուծութիւն
- Պրկումներ
- Ջրազրկում
Յաճախ սննդային թունաւորումը կրնայ զգացուիլ կրիփի նման, որովհետեւ կրնաք ունենալ տաքութիւն, գլխացաւ եւ մարմինի ցաւ:
Յղութեան ժամանակ սննդային թունաւորումներու բուժման տնային միջոցներ
Երբ յղի էք, իրավիճակը պարզապէս ձեր անձնական առողջութենէն աւելին է: Սննդային թունաւորումներու որոշ նոպաներ կրնան խնդիրներ յառաջացնել ձեր երեխային համար, որուն դիմադրողական համակարգը դեռ բաւականաչափ ուժեղ չէ մանրէներու դէմ պայքարելու համար:
Երբ սկսիք սննդային թունաւորման թուացող ախտանիշներ ունենալ, անմիջապէս դիմեցէք ձեր բժիշկին: Անոնք կրնան օգնել ձեզի պարզելու, թէ արդեօ՞ք այդ մէկը սննդային թունաւորում է, եւ եթէ` այո, ապա ինչէ՞ն կրնայ ըլլալ այդ մէկը յառաջացած է:
Երբեմն դուք անձնապէս կրնաք կարգաւորել ձեր ախտանիշները տան մէջ` ձեր բժիշկի ցուցմունքով: Այնուամենայնիւ, եթէ դուք կը փսխէք եւ փորհարութիւն ունիք, կրնաք բուժման կարիք ունենալ բժիշկի բուժարանին կամ նոյնիսկ հիւանդանոցին մէջ: Մի՛ առնէք առանց դեղագիրի դեղորայք` առանց նախապէս ձեր բժիշկին հետ խորհրդակցելու:
Եթէ ձեր դէպքը բաւականին մեղմ է եւ կարելի է զայն տան մէջ բուժել, փորձեցէք հանգստանալ եւ ջուր խմել: Սպառեցէք հեղուկներ` ձեր ուզած ձեւով, ինչպէս` սառի չիփսերով, սովորական կամ ելեկտրալոյծերով (electrolyte) օժտուած ջուրերով: Սպասեցէք, մինչեւ համոզուիք, որ ձեր փսխումը վերջացաւ, նախքան ուտել փորձելը: Դանդաղ եւ զգուշ կերէք ձեր առաջին կերակուրները եւ փորձեցէք անոնցմէ թեթեւ համեմներով եւ ոչ իւղոտը ուտել:
Ե՞րբ յղութեան ժամանակ դիմել բժիշկի սննդային թունաւորումի համար
Ձեր սննդային թունաւորումը մասնագիտական բուժման կարիք ունի, եթէ ունիք`
- Ջրազրկումի նշաններ, ինչպիսիք են` չափէ աւելի ծարաւ ըլլալը, չոր շուրթերը, մէզի չգոյութիւնը կամ գլխապտոյտը
- Անդադար փսխում կամ փորհարութիւն
- Ուժեղ փորի ցաւ
- 38,3 սելսիուսէն բարձր տաքութիւն
- Արիւն կամ թարախ ձեր կղանքին մէջ
- Կղանքի սեւ գոյնը
Անմիջապէս հեռաձայնեցէք ձեր բժիշկին, եթէ ունիք այս խնդիրներէն մէկը կամ քանի մը հատը: Անոնք ձեզմէ արեան կամ/եւ կղանքի քննութիւններ կը պահանջեն` պարզելու, թէ ի՛նչն է ձեզ հիւանդացնողը: Ձեզի կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ հակակենսայիններով բուժում: Անոնք նաեւ կրնան վստահ ըլլալ, որ ձեր մարմինը բաւականաչափ հեղուկներ ունի: Ուստի ձեզի կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ հեղուկներու ներարկում, որպէսզի օգնէք ձեր մարմինին` աւելի արագ վերականգնելու:
Յղութեան ժամանակ սննդային թունաւորման բարդութիւնները
Սննդային թունաւորումներու որոշ տեսակներ շատ վտանգաւոր են ձեր չծնած երեխային համար:
Եթէ listeriosis ունենաք, կրնաք ընդհանրապէս ախտանիշներ չունենալ: Այնուամենայնիւ, կրնաք զայն փոխանցել ձեր երեխային: Այդ մէկը կրնայ յառաջացնել լուրջ առողջական խնդիրներ, ինչպիսիք են`
- Անդամալուծութիւն
- Կուրութիւն
- Նոպաներ
- Ուղեղի, սրտի կամ երիկամներու հետ կապուած խնդիրներ
Վատագոյն պարագային listeriosis-ը կրնայ յառաջացնել վաղաժամ ծննդաբերութիւն, երեխայի թեթեւ ծանրութիւն եւ նոյնիսկ` վիժում կամ «մահացած ծնունդ»:
Salmoneliosis-ը կրնայ նաեւ փոխանցուիլ ձեր երեխային եւ զայն ենթարկել այնպիսի լուրջ բարդութիւններու, ինչպիսին է խելապատապը (meningitis):
Campylobacter-ը կրնայ յառաջացնել վիժում, եթէ անով վարակուի յղութեան սկիզբի շրջանին: Այդ նաեւ շատ վտանգաւոր է, եթէ զայն ունիք ծննդաբերութեան պահուն եւ փոխանցէք ձեր նորածինին: Վարակը նոր երեխայի կեանքին կրնայ վտանգ ներկայացնել:
Ձեզի համար, ընդհանուր առմամբ, սննդային թունաւորումէն ամենատարածուած բարդութիւնը ջրազրկումն է: Որոշ սննդային հիւանդութիւններ, յատկապէս E. coli-ը, կրնան նաեւ երիկամներու վնաս պատճառել:
Յղութեան ժամանակ սննդային թունաւորումներու կանխարգիլում
Դուք ձեզ կրնաք պաշտպանել բազմաթիւ տեսակի սննդային թունաւորումներէ, անկախ անկէ, յղի՞ էք, թէ՞ ոչ, զգուշ ըլլալով, թէ ի՛նչ կ՛ուտէք եւ ինչպէս կը վարուիք անոր հետ:
Սննդամթերքի անվտանգ մշակման խորհուրդներ.
- Սննդեղէնին դպնալէ առաջ եւ յետոյ ձեռքերը մանրակրկիտ ձեւով լուացէք օճառով եւ ջուրով:
- Հում միսը շփման մէջ մի՛ դնէք այն հում վիճակի կամ նախապէս արդէն պատրաստուած ուտեստեղէններուն հետ, զորս դուք պիտի ուտէք:
- Շուտով փճացող մթերքները պահեցէք սառնարանին մէջ կամ սառեցուած վիճակի:
- Պտուղներն ու բանջարեղէնները ուտելէ կամ եփելէ առաջ մաքրեցէք:
- Լուացէք ամանները եւ սնունդի պատրաստման տարածքները` զանոնք օգտագործելէ ետք:
- Կերակուրը եփել այնքան բարձր ջերմաստիճանի, որ մանրէները սպաննուին:
- Մնացորդները անմիջապէս դրէք սառնարանին մէջ: Մի՛ ուտէք այն սնունդը, որ դուրս մնացած է կամ ժամկէտը անցած է:
Որոշ մթերքներ պէտք է դուրս գան ձեր ցանկէն` մինչեւ երեխային ծնիլը: Մի՛ ուտէք կամ խմէք զանոնք: Անոնցմէ են.
- Չփասթէօրացուած կաթնամթերք, օրինակ` հում կաթ եւ որոշ ապրանքանիշներու փափուկ պանիր
- Հում կամ ոչ եփած կովու կամ հաւու միս, հաւ, ձուկ կամ խեցեմորթ
- Քիչ խաշուած կամ հում հաւկիթ, կամ զանոնք պարունակող ուտեստեղէններ
- Հոթ-տոկ կամ պաղ միսեր (բացի եթէ տաքցուած են մինչեւ 165 աստիճան)
- Սառեցուած փաթէ, սակայն անոնցմէ պահածոյացուածը հարց չէ
- Խոզապուխտով նախապէս պատրաստուած հաւու, կամ ծովամթերքի աղցաններ
- Ապխտած ձուկ
- Չփասթէօրցուած հիւթ
(1) Փասթէօրացնել- (կաթ, գինի կամ այլ մթերքներ) ենթարկել զանոնք մասնակի մանրէազերծման գործընթացի, յատկապէս` տաքութեան կամ ճառագայթման գործընթացի: Այդպիսով արտադրանքը անվտանգ դարձնելով սպառման համար եւ բարելաւելով անոր պահպանման որակը:
Աղբիւր` WebMD