Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

2024 թուականի հոկտեմբերին «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած «Կանխելով նոր Ալեքսանդրապոլ մը» խորագրեալ յօդուածիս մէջ անդրադարձած էի հայկական պետականութեան փխրուն բնոյթին՝ շեշտելով, որ առանց քաղաքական համաձայնութեան եւ ռազմավարական մտածողութեան` երկիրը կրնայ կրկնել իր անցեալի ողբերգական էջերը։ Այսօր՝ 2020-ի կործանարար 44-օրեայ պատերազմէն հինգ տարի եւ 2023-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումէն մօտ երկու տարի անց, Հայաստանի մէջ ճգնաժամը կը շարունակուի ոչ միայն գործնական մակարդակի, այլեւ հայ քաղաքացիներու մտածողութեան եւ հոգեբանութեան մէջ։

Վերջին տարիներու դէպքերուն խոր վէրքերը վիրաւորած են ազգը: Կեանքերու, հողերու եւ ապահովութեան զգացումին կորուստը ստեղծած է քաղաքական եւ զգացական անդամալոյծ վիճակ: Բայց պահուն ծանրութեան դէմ կանգնելու փոխարէն` Հայաստանի քաղաքական դասը շարունակած է բեկուիլ: Իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը, որ 2021-ի յունիսին դարձեալ մեծամասնութիւն կազմեց խորհրդարանին մէջ (հակառակ երկրին կրած ծանր զինուորական պարտութեան), ձախողած է իր խոստումներուն իրականացման մէջ, ներառեալ` բարեփոխումները, կայունութիւնը, խաղաղութիւնը եւ ազգային վերակերտումը: Իսկ Արցախի հայ բնակչութեան դէմ իրականացուած ցեղային զտման վերաբերեալ իր արձագանգը ծայրայեղ անբաւարար էր:

Միեւնոյն ժամանակ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը չկրցաւ միաւորուիլ բաւարար հաւատալի եւ վստահութիւն ներշնչող քաղաքական ուժի մէջ: Հակառակ բողոքի ցոյցերուն եւ անվստահութիւն յայտնելու (իմփիչմենթի) կոչերուն` անոնց ուղերձները մնացին ցրուած, իսկ դաշինքները` փխրուն: «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները անկարող եղան (ժողովուրդին կողմէ) հասկնալի յստակ ռազմավարութիւն մը առաջադրել:

Վերակառուցման եւ կազդուրման քաղաքականութեան փոխարէն` ականատես կ՛ըլլանք մեղադրանքներու քաղաքականութեան մը, որ շատ յաճախ կը բորբոքի եսասիրութեան եւ ժառանգութեան մարտերու մրցակցութեամբ: 2020-ի պատերազմին, Արցախի անկումին կամ Հայաստանի աճող մեկուսացման համար մեղադրանքները կը շարունակուին, մինչ ազգային պատասխանատուութեան զգացումը շատ յաճախ կը փոխարինուի աղմուկով:

2021-ին նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկաւ` առաջարկելով, որ երեք նախկին նախագահները ընտրական դաշինք մը կազմեն` ոչ թէ անձամբ առաջադրուելու համար, այլ` ընդդիմութիւնը միաւորելու եւ կայունացնելու նպատակով: Առաջարկը մերժուեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, որոնք որոշեցին առանձին մասնակցիլ ընտրութիւններուն` ստանալով համապատասխանաբար 29 եւ 7 աթոռներ եւ խորհրդարան մուտք գործելով իբրեւ փոքրամասնութիւն: Իսկ Տէր Պետրոսեանի կուսակցութիւնը չյաղթահարեց ընտրական շեմը: Պատմութիւնը անկասկած պիտի վերլուծէ 2021-ին չմիաւորուելու եւ ամբոխահաճոյ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան անպատասխանատու ուղին արգելակելու ձախողութեան հետեւանքները: Այդ պահը անցաւ, սակայն այդ ոգին այսօր եւս արդիական է: Երբեմն իմաստութիւնը իշխանութեան վերադարձին մէջ չէ, այլ գոյատեւման նպատակով ուրիշներու համագործակցութեան աջակցելուն մէջ է:

Այսօր Հայաստանը աւելի վտանգաւոր միջավայրի մէջ կը գտնուի: Ռուսիոյ եւ հաւաքական Արեւմուտքի միջեւ համաշխարհային մրցակցութիւնը կը շարունակէ վերաձեւակերպել շրջանը: Սուրիոյ փլուզումը 2024-ի վերջաւորութեան եւ Իրան-Իսրայէլ 12-օրեայ պատերազմը կարծես անկայունութիւնը աւելի մօտեցուցած են Հայաստանի սահմաններուն:

Կան բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը պահանջեն համախմբում եւ ոչ թէ բաժանում. փախստականներու կարիքները, բանակի բարեփոխումները, ազգային անվտանգութեան եւ դիւանագիտական ռազմավարութեան մշակումը: Նոյնիսկ եթէ ամբողջական քաղաքական միասնութիւնը հասանելի չէ, ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ հիմնական ազգային առաջնահերթութիւններուն շուրջ հաւաքական գիտակցութիւն ձեւաւորելը կարելի է: Այդ մէկը կը պահանջէ հասունութիւն եւ հետեւանքներու գիտակցութիւն:

Այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հայ քաղաքական միտքը կարելիութիւնը ունի անհատական շահերէն եւ իշխանութեան պայքարներէն վեր կանգնելու: Փոխարէնը` ան կրնայ կեդրոնանալ Հայաստանի համար նուազագոյն ազգային համաձայնութիւն մը ձեւաւորելու վրայ` լայն ընկալումովը կարմիր գիծերու, առաջնահերթութիւններու եւ արժէքներու, որոնք կրնան առաջնորդել որեւէ կառավարութիւն` առանց կապուած ըլլալու զայն ղեկավարող անհատի մը: Խօսքը կարգախօսներու մասին չէ, այլ լուռ յստակութեան եւ համատեղ պատասխանատուութեան մասին է:

Այսպիսի համաձայնութիւն մը կրնայ վահան հանդիսանալ շտապ կամ վատ մտածուած համաձայնագիրներուն դէմ: Ազրպէյճանի հետ հաւանական խաղաղութեան համաձայնագիրը գուցէ ցանկալի ըլլայ հայերու մեծամասնութեան համար, բայց` ոչ այնպիսին, որ կը բանակցուի անպատասխանատու կերպով կամ ամէն գնով: Ընդդիմութեան միացեալ ձայնը վրէժխնդրութիւն (ռեւանշիզմ) չէ, այլ` բնակչութեան կարեւոր ու աճող հատուածի կարծիքի արտացոլում: Այդպիսի ձայն մը կրնայ նպաստել գործընթացը ուղղելու դէպի ազգային արժանապատուութիւն եւ երկարաժամկէտ կայունութիւն:

Վերջին հարցազրոյցներուն եւ հրապարակումներուն մէջ Լիհայի համալսարանի փրոֆեսէօր Արման Գրիգորեան զգուշացուցած է Հայաստանի անվտանգութեան դիմագրաւած յաւելեալ վտանգներէն: Անոր կարծիքով, Ռուսիոյ հետ լարուածութեան սրման հետեւանքները կրնան ըլլալ այնպիսին, որոնց պատրաստ չէ Հայաստանը: Իսկ իշխող կուսակցութեան այն ենթադրութիւնը, թէ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի լուծէ Հայաստանի ընդհանուր անվտանգային ճգնաժամը, ըստ Գրիգորեանի, չափազանց լաւատեսական է: Ան մատնանշած է, որ յեղափոխական կառավարութիւնները յաճախ առաջ կը բերեն անփորձ անձեր, որոնք մեծ խաղադրոյքներ կը կատարեն խաղաղութեան կամ պատերազմի հարցերու վերաբերեալ` առանց երկարաժամկէտ հետեւանքները լրջօրէն գնահատելու: Շրջանային մեծցող անկայունութեան պայմաններուն մէջ չափաւոր եւ իրատեսական դիրքորոշումը կրնայ Հայաստանի համար աւելի մեծ ճկունութիւն ապահովել, քան` գաղափարախօսական եռանդը կամ միակողմանի քայլերը:

Հակառակ անոր որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ընդդիմադիր ուժերու դէմ վերջերս գործադրուած ճնշումներուն դէմ դիմադրութեան կոչերը հիմնաւորուած եւ անհրաժեշտ են, այնուամենայնիւ, անոնք բաւարար չեն: Այսօր անհրաժեշտ են լուրջ եւ համակարգուած ջանքեր` բաժնուած ընդդիմադիր ուժերը վստահութիւն ներշնչող քաղաքական այլընտրանքի մը մէջ միաւորելու համար: Առանց նպատակի միասնութեան եւ ռազմավարական համակարգումի` առանձին ցոյցերը եւ արձագանգային պոռթկումները չեն կրնար փոխել երկրին ներկայ ուղղութիւնը, կամ ապահովել ժողովրդավարութեան հետագայ նահանջէն եւ ռազմավարական սխալներէն նշանակալի պաշտպանութիւն:

Միաւորուած ընդդիմութիւնը կրնայ աւելին առաջարկել, քան սոսկ մարտավարական արձագանգ մը կառավարութեան դէմ` փոխանցիկ քաղաքական շրջանակ մը ստեղծելու կարելիութիւն, որ հիմնուած է իրատեսութեան եւ պատասխանատուութեան վրայ: Սա ոչ միայն չի փոխարիներ ժողովրդավարութիւնը, այլեւ կը բարձրացնէ քաղաքական խօսոյթի/քաղաքական երկխօսութեան գործելու նշաձողը: Այդպիսի շրջանակ մը, օգտագործելով Հայաստանի քաղաքական դաշտի բազմազան դէմքերը, միջոցները եւ աւանդութիւնները, կրնայ նպաստել ազգային ուղղութիւնը վերագտնելու եւ համակարգուածութեան ու նպատակայնութիւնը վերականգնելու: Անիկա կրնայ վկայել, որ այս փոքր երկիրը կը կարենայ դիմագրաւել մարտահրաւէրները ոչ թէ պառակտումի, այլ կարգապահ համագործակցութեան միջոցով: Անիկա նորէն կրնայ ազգին ուշադրութիւնը վերակեդրոնացնել հայկական ազգային ծրագիրի անաւարտ մնացած առաքելութեան` ինքնիշխանութեան, գոյատեւման եւ ինքնայարգանքի համար մղուող տեւական եւ ծախսատար պայքարին վրայ, որ ընթացած է նախորդ 150 տարուան ընթացքին:

Եթէ հայ քաղաքական աւագանին` թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ, շարունակէ անտեսել հանրապետութեան գոյատեւման սպառնալիքները եւ չկարենայ կեդրոնանալ պարզ ազգային առաջնահերթութիւններուն վրայ, պատմութիւնը կրնայ չներել հետեւանքները: Պետականութիւն չունեցող ժողովուրդներ, ինչպէս` քիւրտերը եւ ասորիները, ցաւոտ յիշեցում են այն մասին, թէ ի՛նչ կարելի է կորսնցնել, երբ մասնատումը կը յաղթէ տեսլականին:

Այս վճռորոշ պահուն Հայաստանը աւելի բարձր ձայներու կարիքը չունի, այլ` աւելի իմաստուն ձայներու:

***

Րաֆֆի Արտալճեան՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի եւ «Ֆլեչըր» համալսարանի շրջանաւարտ, արհեստագիտութեան մասնագէտ է եւ խորհրդատու՝ արհեստագիտական ընկերություններու, հանրային հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու։ Ան կը մտածէ եւ կը գրէ սփիւռքը եւ Հայաստանը յուզող քաղաքական հարցերու մասին։

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (14 Յուլիս 2025)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?