Կարս նահանգին մէջ կը շարունակուին Թուրքիոյ պատմութեան մէջ մեծագոյն ռազմափորձերը, որոնք կը կրեն «Ձմեռնային ռազմափորձեր 2023» անունը: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Ռազմափորձերուն Թուրքիոյ զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներուն հետ կը մասնակցին 17 երկիրէ, ներառեալ Գերմանիայէն, Ազրպէյճանէն, Ղազախստանէն եւ Բրիտանիայէն զինուորներ:
Ընդհանուր առմամբ 2023 թուականի ձմեռնային ռազմափորձերուն կը մասնակցի 1758 զինուոր, ներգրաւուած է 43 տեսակի 651 սպառազինութիւն, կ՛օգտագործուի 23 տեսակի 865 զինատեսակ:
Ռազմափորձերը կը կատարուին Թուրքիոյ զինեալ ուժերու 14-րդ մոթոհրաձգային զօրաբաժինի հրամանատարութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ: