Հայաստանի հաւաքականը ապահովեց իր առաջին մետալը` մինչեւ 15 տարեկաններու բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ Տրապիզոն քաղաքին մէջ, առիթ եղաւ, որ հաւաքականը իր առաջին ներկայացուցիչը ունենայ կիսաւարտականին` ապահովելով առնուազն պրոնզէ մետալ մը:
Նարէ Շաքարեան մինչեւ 40 քկ կշիռի քառորդ աւարտականի իր մրցումին պարտութեան մատնեց Յունաստանի ներկայացուցիչ Այկատերինի Կամերիդուն:
Քառորդ աւարտական հասած են նաեւ տղոց 46 քկ կշիռի Էրիք Աֆրիկեան, որ պիտի մրցի սկովտիացի Քամերուն Ֆաելի դէմ, Գէորգ Մանուկեան, որ պիտի մրցի ռուս Իկոր Ժիրուխինի դէմ (57 քկ) եւ Խաչիկ Բաբայեան, որ պիտի մրցի ուքրանացի Ռոսթիսլաւ Տերնովիյի (63 քկ) դէմ:


