Հայաստանի ֆութսալի հաւաքականը ցաւալի պարտութիւն կրեց Հունգարիայէն, 2028-ի Մոնտիալի զտումի իր առաջին մրցումին:
Երեւանի մէջ կատարուած մրցումը վերջ գտաւ 3-2 արդիւնքով: Հայաստան լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը եւ կիսախաղին 1 կոլով կը յաղթէր:
Սակայն կիսախաղէն ետք ամէն ինչ փոխուեցաւ, եւ հաւաքականը կարճ ժամանակի ընթացքին 3 յաջորդական կոլեր ստացաւ:
Հայաստան կրցաւ կոլ մը եւս նշանակել եւ կրճատել արդիւնքը, բայց պարտութենէն խուսափիլը անկարելի եղաւ:
Այս ձեւով անակնկալ պարտութեամբ սկսաւ Հայաստան զտումի մրցումներուն իր արշաւը:
Հունգարիոյ յաղթանակը իր երկրորդն էր զտումի այս մրցումներուն: Անոնք աւելի կանուխ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էին Շուէտը: Անոնք 6 կէտ ունին 2 մրցումներէ ետք: Հայաստանի հաւաքականը իր զտումի յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 7 նոյեմբերին, Շուէտի մէջ:
Նշենք, որ զտումի մրցումներու Ա. խմբակին մաս կը կազմեն Հայաստան, Հունգարիա եւ Շուէտ:


