Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Կովկասի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Յատուկ Ներկայացուցիչը Մտահոգութիւն Յայտնած Է Բերձորի Միջանցքին Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումներուն Առնչութեամբ

January 25, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի յատուկ ներկայացուցիչ, փոխնախագահ Փերէ Խոան Փոնս (Սպանիա) մտահոգութիւն յայտնած է Բերձորի միջանցքին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ տեղւոյն հայ բնակիչներու կեանքին վրայ անոնց մարդասիրական հետեւանքներուն առնչութեամբ եւ կոչ ուղղած` վերսկսելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կառուցողական երկխօսութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Փոնսի հրապարակած հաղորդագրութիւնը:

«Ես ուշադիր կը հետեւիմ Բերձորի միջանցքին շուրջ ընթացող զարգացումներուն վերաբերեալ զեկուցումներուն եւ խիստ մտահոգուած եմ տեղւոյն բնակիչներու առօրեայ կեանքին վրայ անոնց ազդեցութեամբ, որովհետեւ հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը արդէն քանի մը շաբաթ է` սահմանափակուած է: Թէեւ ես բարձր կը գնահատեմ Լաչինի ճամբուն վրայ շարունակուող ցոյցերու հետեւանքները մեղմացնելու ուղղութեամբ ջանքերը, յատկապէս` Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբի, բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ աշխուժացնել իրենց ջանքերը` կացութեան արագ լուծում ապահովելու համար», ըսած է Փոնս:

Փոխնախագահ Փոնս նաեւ միացած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Պույար Օսմանիին, որ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղած էր թուլացնելու լարուածութիւնը եւ ներգրաւուելու կառուցողական եւ արդիւնաւէտ երկխօսութեան մէջ` ուղղուած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վստահութեան կառուցման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:

«Երբ քաղաքական տարակարծութիւնները կը պահպանուին, եւ բանակցութիւնները կրնան փակուղիի մէջ յայտնուիլ, մեր կառավարութիւնները պէտք չէ անզգուշ ըլլան եւ դիմեն այնպիսի գործելաոճերու, որոնք մեր քաղաքացիները քաղաքական համախոհութեան հասնելու մեր անկարողութեան զոհ կը դարձնեն», ընդգծած է Փոնս:

«Մենք պէտք է նաեւ յիշենք, որ որքան երկար այս վէճը մնայ չլուծուած, անիկա ո՛չ միայն բացասաբար կ՛անդրադառնայ խաղաղութեան փխրուն հոլովոյթի վրայ, այլ նաեւ կը խարխլէ շրջանին մէջ ապագայ խաղաղ գոյակցութեան հիմերը», աւելցուցած է ան:

Յատուկ ներկայացուցիչը յիշեցուցած է, որ ԵԱՀԿ-ի հետ գոյութիւն ունեցող ճգնաժամը յաղթահարելու գործիքները գոյութիւն ունին, սակայն անոնց լիարժէք կիրարկումը կը մնայ կողմերու հայեցողութեան, ինչպէս նաեւ այլ կառավարութիւններու եւ խորհրդարաններու հայեցողութեան` անաչառ կերպով աջակցիլ այս հոլովոյթին եւ ապահովել կառուցողական բանակցութիւններու յառաջխաղացումը` հիմնուած Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքներուն վրայ:

Փոնս ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովը պատրաստ է աջակցելու այս հոլովոյթին, ուր որ անհրաժեշտ է եւ ուր որ ատիկա օգտակար նկատուի:

 

 

 

Նախորդը

Փեսքով Պատասխանած Է Բերձորի Միջանցքը «Անյապաղ» Ապաշրջափակելու Վերաբերեալ Պլինքընի` Ալիեւին Ուղղած Կոչին Վերաբերեալ Հարցումին

Յաջորդը

Հայաստան ՄԱԿ-ի Դատարանի Մէջ Ազրպէյճանը Կը Մեղադրէ Ցեղային Խտրականութեան Համար

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.