Ռուսիան, մասնակցելով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ եռակողմ համաձայնութիւններուն, կը շարունակէ տքնաջան եւ բարդ աշխատանքը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի հետ երկխօսութիւններուն մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Ռուսիան, իբրեւ երկու տարի առաջ ստորագրուած եռակողմ համաձայնագիրներու եւ փաստաթուղթերու կողմերէն մէկը, կը շարունակէ կատարել իր պարտաւորութիւնները եւ կը շարունակէ չափազանց տքնաջան եւ բարդ աշխատանքը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի հետ», ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Քրեմլինը համերա՞շխ է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղած կոչին, որ կը վերաբերի Լաչինի միջանցքը «անյապաղ» ապաշրջափակելուն:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց ունեցած էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին նշուած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ան Ալիեւը յորդորած է «անյապաղ» ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը` առեւտրական ապրանքներու շարժը վերականգնելու եւ մարդասիրական ճգնաժամի վտանգը նուազեցնելու համար:
«Պլինքըն ընդգծած է, որ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութենէն ծնած մարդասիրական ճգնաժամը կը խաթարէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հեռանկարները: Ան նախագահ Ալիեւը յորդորած է կրկնապատկելու ջանքերը Հայաստանի հետ երկկողմանի խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ», նշուած էր յայտարարութեան մէջ: