Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ակումբները (ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կառոյցին Հիմնադրութեան 120-Ամեակին Առիթով)

Յունուար 23, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Ակումբ հասկացողութիւնը համեմատաբար նոր է: Երկրի մէջ` Արեւմտահայաստան, նաեւ` Արեւելահայաստան, Կովկաս թէ այլուր, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ակումբներ ունեցած չէ: Յեղափոխական ընդյատակեայ գործունէութիւնը կատարուած է թաքստոցներու, «աչքէ հեռու» վայրերու եւ անշուք բնակարաններու գաղտնի մառաններուն մէջ:

Ակումբ հասկացողութիւնը սփիւռքեան հասկացողութիւն է: Սփիւռքի մէջ, երբ մարդիկ առաջին անգամ դպրոց ու եկեղեցի կառուցած են, մտածած են նաեւ կառուցել ակումբներ, «ժողովրդային տուն»-եր, ուր թաղեցիներ կարենան հաւաքուիլ, իրարու հետ զրուցել, զբաղիլ, ընթերցանութիւն կատարել եւ, անշուշտ, կուսակցական-ժողովական կեանք վարել:

Լիբանանի պարագան տարբեր չէ:

Նախ` Քիչ Մը Պատմութիւն

1932. Նոր Սիսի դաշնակցական առաջին խումբը շրջանի առաջին ակումբին մուտքին:
Գետինը նստողներ.- Միհրան Յարութիւնեան, Հայկազ (սափրիչ), Սարգիս Դարբինեան (սափրիչ), Սարգիս Գուլայեան, Հաշէօլեան, ………….., Յակոբ Ասատուրեան («Քէօր Յակոբ»), Վարդգէս («Քոնթ»):
Նստողներ.- Գըսայակոբեան, Նորքաջ, Անդրանիկ Քէչէպաշեան («Զոնթուրուխ»), Գարեգին Մըճըրըխեան, Սարգիս Գուլայեան, Հայկազուն Յակոբեան, Արշակունի Ռաֆայէլեան, Գանարեան («Մըխթար»), …………., Հայկ Նուրեան, Տէօվլէթեան, Գասպար Գասպարեան, Մանուկ Թապագեան, Կարապետ Չափութեան («Միթի»),
Ա. շարք կանգնածներ.- Աւետիք Աւետիքեան, Գարեգին, Մինաս Գլըպոզեան, Հայկազ Ռաֆայէլեան, Աբրահամ Փափազեան, Արշաւիր Կիտցինեան, Սողոմոն Դարբինեան, Աւետիս Չոլաքեան, Սարգիս Քէլէշեան, Արտաշէս («Պիքֆայա»):
Բ. շարք կանգնածներ.- Կարապետ («Շարվարլը»), ………………., Հուման Փեսայեան, Գրիգոր Սեմիզեան, «Սաղըր Աբրահամ», «Պոզօ», ……………, Գաբրիէլ Աւետիքեան, Պարսում Կրակեան, Սարգիս Դարբինեան («Կէնճ»):
Գ. շարք կանգնածներ.- Եզնիկ Գուլայեան, Յակոբ Փափազեան («Տոնուզ») եւ Յակոբ Մինասեան:
Զինանշանը բռնողներ.- Խաչեր Խաչերեան եւ Նազար Պալեան:

ՀՅԴ Բ. Ընդհանուր ժողովը (1898) կ՛որոշէ Դաշնակցութեան կազմակերպական-յեղափոխական գործադաշտին մէջ ընդգրկել նաեւ Կիլիկիան: Այս նպատակով շրջան կը գործուղուին գործիչներ, որոնք կարճ ժամանակի մէջ կը յաջողին դաշնակցական խումբեր եւ կոմիտէներ յառաջացնել Ատանայի, Այնթապի, Մարաշի, Զէյթունի, Հաճընի, Իսկէնտէրունի, Անտիոքի եւ Սուէտիոյ մէջ: Աշխատանքներ կը տարուին նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի, մասնաւորապէս Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ: Իբրեւ կազմակերպական մէկ ընդհանուր շրջան` Կիլիկիան եւ շրջակայքը կը ստանան Լեռնավայրի կեդրոնական կոմիտէութիւն անունը, իսկ Պէյրութը` Ծոց կուսակցական անուանումը (1):

Լեռնավայրի Կեդրոնական կոմիտէն կը ղեկավարուի համեմատաբար ազատ պայմաններու մէջ գտնուող Եգիպտոսէն: ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովի որոշումով (1907) Կեդրոնական կոմիտէն ժամանակաւորապէս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ եւ կը փոխարինուի Օժանդակ մարմինով մը, որ կը հաստատուի Աղեքսանդրիա, դարձեալ` Եգիպտոս (2): 1909-ին, Ատանայի ծանօթ աղէտէն ետք, Կիլիկիա-Սուրիա-Լիբանան-Եգիպտոս աշխարհագրական ընդարձակ շրջանը կը ստանայ կազմակերպական նոր ձեւաւորում` Կառափնատ անունով: Այս կազմէն դուրս կը մնան Ատանան եւ Եգիպտոսը: Այնուհետեւ Լեռնավայրի կեդրոնական կոմիտէութիւնը կը վերականգնի Ա. Աշխարհամարտէն ետք` Կիլիկիոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի կազմակերպական միաւորներուն միացումով (3):

Լեռնավայրի Կեդրոնական կոմիտէն կը գործէ մինչեւ ՀՅԴ 10-րդ Ընդհանուր ժողով, 1925: Կիլիկիոյ կորուստէն ետք, իբրեւ Լեռնավայրի կեդրոնական կոմիտէութիւն կը ճանչցուի Սուրիոյ կեդրոնական կոմիտէութիւնը (4), որուն մէկ միաւորը կը կազմէ Պէյրութի կուսակցական կազմը:

1949. Պուրճ Համուտի մէջ երեք կոմիտէութիւններու ստեղծումէն կարճ ատեն ետք, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յայտարարութիւն մը` Նոր Սիսի կոմիտէութեան մէկ դասախօսութեան մասին: Դասախօսութեան հրաւիրուած են նաեւ Թրատի եւ Նոր Մարաշի կոմիտէներն ու ընկերները:

Լեռնավայրի կեդրոնական կոմիտէութեան ծիրին մէջ Պէյրութ դաշնակցական խումբ ունեցած է 1902 թուականէն սկսեալ: Այդ խումբը ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս հաւաքուած է, ծանօթ չէ, որովհետեւ օսմանեան տիրապետութեան տակ կուսակցական-յեղափոխական որեւէ աշխատանք պարտաւոր էր գաղտնի մնալ: Սիսակ Վարժապետեան իր «Հայերը Լիբանանի մէջ» աշխատասիրութեան մէջ, դաշնակցական գործիչ Արշակ Գալուստեանէն քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը հաստատէ. «Դաշնակցութեան Լիբանանի առաջին կոմիտէն կազմուեցաւ 1901-1902 թուականին, գործիչ, արաբկիրցի Միսաք Վարդանեանի կողմէ [Ռահվեր-Վ.Ա.]` մասնաւորապէս Եգիպտոսէն եկած: Թէեւ նախապէս իննսունական թուականներուն անհատ կուսակցականներ կային զոյգ համալսարաններու մէջ [ֆրանսական եւ ամերիկեան- Վ.Ա.], այնուամենայնիւ, Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ պաշտօնապէս կազմուեցաւ վերոյիշեալ թուականին: Առաջին կոմիտէի անդամները եղան, ի միջի այլոց, հետեւեալները. բժշկութեան ուսանողներ եւ ապա բժիշկ` տոքթ. Ներսէս Պօղոսեան (այնթապցի), տոքթ. Յարութիւն Տէր Պօղոսեան (այնթապցի), տոքթ. Յովհաննէս Թերզեան (տիգրանակերտցի), Ներսէս Խաչատուրեան (այնթապցի), որ յետոյ կովկասեան ճակատի վրայ կարեւոր գործունէութիւն ունեցաւ:

«Ասոնց գործը ընդհանրապէս ժողովուրդին մէջ յեղափոխական հրատարակութիւններ (թերթ, գիրք) տարածել էր, մանաւանդ` ամրան արձակուրդներուն: 1903-ին, երբ կուսակցութիւնը հաւաքեց բաւական յեղափոխական գրականութիւն, որ լոկ շարքայիններուն կողմէ կը կարդացուէր, խորհեցաւ, որ աւելի լայն զանգուած մը կարդայ զայն: Ուրեմն գաղափարը յղացաւ այդ ժամանակուան Պէյրութի ռուսական զինուորական կցորդ եւ հիւպատոս հայազգի [Կոստանդին- Վ.Ա.] Կամսարական պէյի միջոցով Ամերիկեան համալսարանի գրադարանին նուիրել: Այս ծրագիրը յաջողած ըլլալով գիրքերը մեծ թիւով ոչ կուսակցական ուսանողներու կողմէ եւս կարդացուեցան: Այն ժամանակուան յայտնի դաշնակցական ուսանողներ էին` Միրզա Քէթէնճեան, Յովհաննէս Թերզեան, Խ. Պոնաբարդեան, Վարդան Թոփալեան եւ ուրիշներ: Իսկ աւելի վերջը` տոքթ. Ինճէճիկեան, տոքթ. Խաթանասեան, տոքթ. Լ. Գրիգորեան» (5):

Ուրեմն 1890-ական տարիներու վերջերէն Լիբանանի մէջ կային որոշ թիւով Դաշնակցական ուսանողներ, որոնք 1904-ին Սիմոն Զաւարեանի համար հիմք ծառայեցին ստեղծելու ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը` ԶՈՄ-ը:

ՀՅԴ Գ. Ընդհանուր ժողովի վաւերագիրներուն մէջ պահ դրուած Լեռնավայրի Կեդրոնական կոմիտէին մէկ փաստաթուղթը, հաւանաբար` 1904-ին գրուած, նկատել կու տայ, որ Պէյրութի մէջ` «Տարիներէ ի վեր գտնուած են ուսանող ընկերներ, մանաւանդ` Հովտէն [Այնթապէն-Վ.Ա.]. վերջերս կազմուած տեղ. կոմիտէն սկսած է եւրոպական եւ ամերիկեան բժշկական բարձրագոյն վարժարաններու ուսանողներու հետ շփուիլ եւ կապեր հաստատել: Նաեւ` արտասահմանէն ընկերներ ներս առնել: Այս երկու գործերուն մէջ ալ առնուած քայլերը յաջող են: Ուսանողներու բաւական թիւ մը համակրած եւ յարած է կարճ ժամանակի մը մէջ, եւ հետզհետէ նորեր կ՛աւելնան» (6):

Զաւարեան երբ Լիբանան կ՛այցելէ, կը հանդիպի տեղւոյն ուսանողներուն: Հանդիպումները կը կատարուին գաղտնի: Այս մասին վկայութիւն մը ունի ուսանողական միութեան աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն տոքթ. Երուանդ Խաթանասեան, որ ԶՈՄ-ի սկզբնական տարիներու պատմութիւնը վերյիշելով` կը գրէ. «1904-1905-ի շրջանին Պէյրութի ռուսական հիւպատոսն է եղել հայազգի Կոստանդին Կամսարականը, որ Իգտիր շրջանի Բլուր գիւղից էր: Զաւարեանն ու Կոստանդին Կամսարականը իրար ծանօթ են եղել Կովկասից: Եւ ըստ հին ուսանողների տեղեկութեան, այս երկուքը սերտ բարեկամներ են եղել եւ իրենց յարաբերութիւնները եղել են ջերմօրէն մտերմական»: Քիչ անդին, տոքթ. Խաթանասեան կ՛աւելցնէ. «…Ուրեմն, օգտուելով Կ. Կամսարականի բարեհաճ պատրաստակամութիւնից ու դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւնից, Զաւարեանը անյապաղ գործի է ձեռնարկում հիւպատոսարանի մէջ: Կանչում է իր մօտ նախ մէկին, որ կարծում եմ կեսարացի Սուրէն Նշանեանն է եղել: Այդ մէկը հետեւեալ օրը իր հետ բերում է երկու հոգի, մինչեւ որ թիւը հասնում է 6-8 հոգու: Այս փոքր խմբակին է յանձնում իր մտածումները, հրահանգները ու մտահոգութիւնները» (7):

Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդած Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, 1920-ականներու առաջին կէսերուն, Լիբանան կը հասնին մեծ թիւով գաղթականներ, որոնց կարգին` կուսակցականներ: Ժիպէյլի, Նահր Իպրահիմի եւ Անթիլիասի որբանոցներէն դուրս եկած որբերը հետագային իրենց յուշերուն մէջ որոշ ակնարկութիւններ կը կատարեն ՀՅԴ-ի Լիբանանի առաջին ակումբներուն մասին: Օրինակ, Սուրէն Անթոյեան կը յիշատակէ, որ 1920-ական տարիներու երկրորդ կէսերուն Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ ունէր երկու կոմիտէութիւն եւ երկու ակումբ` երկու վարձու յարկաբաժին: Առաջինը Պէյրութի «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնն էր, որուն ակումբը կը գտնուէր Պապ Իտրիսի ձկնավաճառներու շուկային մէջ [Ուատի Ապու Ժեմիլ թաղին մէջ, Ֆարաոնի պալատին դիմաց-Վ.Ա.]: Իսկ երկրորդը Ս. Խաչ վրանաքաղաքի` գաղթակայանի, «Ազատամարտ» կոմիտէութիւնն էր, որուն ժողովատեղին կը գտնուէր այժմու ելեկտրական ընկերութեան դիմաց: Այս կոմիտէութեան առաջին ակումբը եղած է Աքքաուիի մօտ, աստիճաններէն ելլելով` աջին, վերջին շէնքը, որուն ետեւէն կ՛անցնէր Յունական հիւանդանոց տանող ճամբան: Ակումբը յետոյ փոխադրուած է Սի.Էմ.Սի. հիւանդանոցէն քիչ մը վար, Քարթիէ Վեկան թաղը: Ապա, տարի մը ետք փոխադրուած է Նոր Հաճընի դիմաց, Խալիլ Պետեւի թաղի մուտքին, առաջին շէնքին առաջին յարկը (8):

Այլ ակումբի մը մասին վկայութիւն մը ունի Համազասպ Տէր Խաչատուրեան, որուն յուշերուն մէջ կը կարդանք. «1927-ին ՀՅԴ Լիբանանի ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուեցայ ակումբի շինութեան յանձնախումբի անդամ` Ղազար Չարըգի եւ Ռշտունիի հետ: Մէջտեղ բերինք կոկիկ գումար մը: Կատարեցինք հողի ուսումնասիրութիւն, սակարկութիւն ալ ըրինք: Քաղաքական դէպքի մը եւ ծանօթ խնդրի մը պատճառով յետաձգեցինք ակումբի հողի գնման հարցը եւ բաւարարուեցանք ամերիկացիներուն կողմէ շինուած տախտակէ մեծ շէնքի մը գնումով» (9): Տէր Խաչատուրեան չի նշեր «տախտակէ մեծ շէնք»-ին վայրն ու գնման պայմանները: Ակնարկութիւնը կրնայ վերաբերիլ Էշրեֆիէ-Հայաշէն շրջանի մէկ ակումբին, տրուած ըլլալով, որ Տէր Խաչատուրեան Հայաշէնի բնակիչ եւ կուսակցական եղած է:

Էշրեֆիէի շրջանի երկարամեայ հաւատաւոր կուսակցականներէն Հայկազուն Եափուճեան իր յուշերուն մէջ կը նշէ, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքեր մուտք գործած օրերուն Էշրեֆիէի եւ Հայաշէնի թաղերը կը կազմէին միացեալ կոմիտէութիւն մը, որ կը կոչուէր ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէ: Ան կը վերյիշէ. «Ժողովներու համար կ՛երթայինք մինչեւ Հայաշէն, ընկեր Պետրոս Ծառուկեանի տունը, որ այդ ժամանակ որպէս ակումբ կը ծառայէր: Ընկերոջ տունը ունէր բաւական մեծ սալոն մը, եւ մեր ընդհանուր ժողովները հոն կ՛ընէինք: Իսկ խմբական ժողովները կը գումարէինք ընկերներու տուներուն մէջ» (10):

1932-ին վրանաքաղաքի կոմիտէութիւնը կը բաժնուի կազմակերպական երեք շրջանի.

Ա. Պուրճ Համուտ, ուր կը գործէ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն` կեդրոն ունենալով Նոր Սիսը:

Բ. Քարանթինա-Հաճըն-Մար Մըխայէլ («Ատանա քեմփ»-ի շրջան), ուր կը գործէ «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէն:

Գ.- Հայաշէն-Էշրեֆիէի շրջան, ուր կը գործէ «Ռոստոմ» կոմիտէն:

1970. Արագածի «Դրօ» կոմիտէի առաջին ակումբին պաշտօնական բացման ներկաներ. ձախէն աջ` Խաչիկ Պապիկեան, Ատուր Գապագեան, Սարգիս Զէյթլեան, Հրաչ Տասնապետեան, Կարօ Պետրոսեան, Արշակունի Ռաֆայէլեան եւ Յովսէփ Մատէնճեան (՞):

Չորրորդ մը` «Քրիստափոր» կոմիտէն, կը գործէ Պէյրութի մէջ` իբրեւ ակումբ օգտագործելով Ուատի Ապու Ժեմիլ թաղի բազմայարկ հին շէնքի մը երկրորդ յարկի գետնայարկ, վարձու յարկաբաժինը: Այստեղ, Պէյրութի «Ժողովրդային տան» մէջ իրենց  գրասենեակները կ՛ունենան կոմիտէն, Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը, աւելի ուշ նաեւ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն եւ ՀՅԴ Բիւրոն:

Պուրճ Համուտի պարագային, Շահանդուխտ «Պուրճ Համուտէն կու գամ» հատորին մէջ կը նշէ, որ կուսակցական ժողովները սկզբնական շրջանին կը գումարուէին դպրոցներու տեսչարաններուն մէջ: Ժողովներ կատարուած են նաեւ Պուրճ Համուտի շրջակայքը գտնուող պարտէզներուն եւ անտառներուն մէջ, իբր թէ պտոյտ կը կատարուի: Ընդհանրապէս համախմբուած են Տըքուէնիի մօտակայքը գտնուող Քէլէշեան եղբայրներուն պարտէզը, կը հաստատէ ան (11):

Դաշնակցութեան Լիբանանի
Առանձին Կառոյցի Ստեղծում  

1937-ին, ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը, չորս կոմիտէութեամբ կ՛օժտուի առանձին կեդրոնական կոմիտէութեամբ` անջատուելով Սուրիոյ շրջանէն եւ ստանալով Հրուանդանի կեդրոնական կոմիտէութիւն անունը: Տարի մը ետք, շրջանը երկու ներկայացուցիչով իր մասնակցութիւնը կը բերէ ՀՅԴ 13-րդ Ընդհանուր ժողովին:

Այնուհետեւ կազմակերպական կեանքը թափ կը ստանայ, եւ ակմբային ցանցը հետզհետէ կ՛ընդլայնի:

Նախ, Հայաշէն-Էշրեֆիէի «Ռոստոմ» կոմիտէութիւնը ընկերներու թիւի աճի բերումով կը բաժնուի երկու կոմիտէութեան. Էշրեֆիէի շրջանը կ՛օժտուի «Պալագեան» կոմիտէութեամբ (ի յիշատակ կոմիտէութեան հիմնադիր անդամներէն Մամբրէ Պալագեանի), իսկ Հայաշէնի շրջանը կը շարունակէ կոչուիլ «Ռոստոմ» կուսակցական անունով: Էշրեֆիէի մէջ,- կը վկայէ Հայկազ Եափուճեան,- կուսակցութիւնը «… Ունեցած է շատ փոքր ակումբ մը, որ բաղկացած էր թաղի գլխաւոր պողոտային վրայ փոքր սենեակէ մը, շուրջը պարտէզով եւ ծառերով, ինչ որ անբաւարար էր կազմակերպական աշխատանքներուն գոհացում տալու համար» (12): Էշրեֆիէի ՀՅԴ ներկայ ակումբը կը կառուցուի 1951-ին, «շրջանի ընկերներու յամառ, կորովի եւ աննահանջ աշխատանքով ու զոհողութեամբ» (13): Նոր ակումբի կառուցման մէջ կարեւոր ներդրում կ՛ունենայ ազգային բարերար Յակոբ Տէր Մելքոնեան:

1949-ին Նոր Սիսի «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութիւնը կը բաժնուի երեք շրջանի, եւ այդ ձեւով կը հիմնուին երկու նոր ակումբներ: Նոր Սիսի կոմիտէութիւնը կը վերանուանուի «Իշխան» կոմիտէութիւն եւ իրեն համար հաւաքավայր կը շարունակէ օգտագործել Միսաք Ազիրեանի մէկ կալուածը, որ 1932-էն կը ծառայէր նաեւ իբրեւ մանկապարտէզ: Կալուածը 1959-ին կը նուիրուի ազգին եւ տեղը կը կառուցուի «Միսաք Ազիրեան» ներկայ ակումբը: Մանկապարտէզը կը փոխադրուի այլ տեղ: Նորակառոյց «Միսաք Ազիրեան» ակումբին պաշտօնական բացումը կը կատարուի 20 դեկտեմբեր 1964-ին:

Երկրորդ ակումբ մը (վարձու կեդրոն) կը հիմնուի Թրատի մէջ` «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան համար, նախկին «Զաւարեան» դաշտին տեղ, ՄԵՆԶԱ ընկերակցութեան կեդրոնին դիմաց: Կոմիտէութիւնը իր սեփական նորակառոյց ակումբը կ՛ունենայ 1970-ին: Իսկ երրորդ մը կը ստեղծուի Նոր Մարաշի մէջ, «Սարդարապատ» կոմիտէութեան համար, ներկայ ակումբին տեղը քարաշէն փոքր կառոյց մը: Ներկայ ակումբին` Պուրճ Համուտի «Ժողովրդային տան» հիմնարկէքը կը կատարուի 31 մայիս 1959-ին: Ակումբին կառուցման մէջ մեծ կ՛ըլլայ դերը ամերիկահայ բարերար, դաշնակցական Յաբէթ Թովմասեանի, որ օրին 10 հազար տոլարի իշխանական նուիրատուութեամբ կը մասնակցի քառայարկ շքեղ կառոյցի շինարարական ծախսերուն:

Պուրճ Համուտի բնակչութեան թիւին բազմացումով, 1969-ին, վերոյիշեալ երեք կոմիտէութիւններէն յառաջ կու գան մէկական նոր կոմիտէութիւններ, եւ կը ստեղծուին երեք նոր ակումբներ. «Դրօ» կոմիտէութեան Արագածի ակումբ (ներկայ ակումբէն 20 մեթր վեր, շէնքի մը գետնայարկը: Ներկայ ակումբը կը կառուցուի 1978-ին, եւ բացումը կը կատարուի 19 ապրիլ 1979-ին), «Ռուբէն» կոմիտէութեան Նորաշէնի ակումբ եւ «Թեհլիրեան» կոմիտէութեան Ամանոսի ակումբ:

«Ռուբէն» կոմիտէութեան համար իբրեւ ակումբ կը ծառայէ Նորաշէնի հիւղաւանին մէջ գտնուող կառոյց մը, որ գոյութիւն չունի այլեւս (հիւղաւանին հետ գետնին հաւասարած է եւ տեղը քաղաքապետարանի նոր շէնքերէն մէկը բարձրացած է): Ներկայ ակումբը օգտագործուած, վերանորոգուած եւ յարկով մը օժտուած է աւելի ուշ:

«Թեհլիրեան» կոմիտէութեան պարագային, առաջին ակումբը, գետնայարկ վարձու յարկաբաժին մը, գտնուած է Տորայի շրջանին մէջ, Մար Մարուն եկեղեցւոյ դիմացի թաղը: Քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, 1979-ին, տեղացի զինեալ տարրեր ակումբը հրկիզած են: Կոմիտէն տարի մը կայք հաստատած է Ամանոսի ներկայ կեդրոնին դիմացի շէնքը, երկրորդ յարկը, մինչեւ որ գնուած է ներկայ վայրը:

(Շար. 1)

Ծանօթագրութիւններ

  1. «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ե. հատոր, խմբագիր` Երուանդ Փամպուքեան, Պէյրութ, 2007, էջ 178:
  2. «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Զ. հատոր, խմբագիր` Երուանդ Փամպուքեան, Պէյրութ, 2010, էջ 402:
  3. «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ժ. հատոր, խմբագիր` Երուանդ Փամպուքեան, Պէյրութ, 2014, էջ 364:
  4. Հրաչ Տասնապետեան, «ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպական հոլովոյթը եւ այլ ուսումնասիրութիւններ», խմբագիր` Երուանդ Փամպուքեան, Պէյրութ, 2009, էջեր 113 եւ 119:
  5. Սիսակ Վարժապետեան, «Հայերը Լիբանանի մէջ», Ա. հատոր, Պէյրութ, 1951, էջ 440-441:
  6. «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ե.հատոր, էջ 183:
  7. «Մէկ դար` բռունցքով պահանջատիրութեան…», ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան հրատարակութիւն, Պէյրութ, 2004, Երուանդ Խաթանասեանի վկայութիւն, էջեր 10 եւ 12:
  8. Սուրէն Անթոյեան, «Ինքնակերտումի ճամբով», խմբագիր` Կ. Յովհաննէսեան, Պէյրութ, 2006, էջ 63:
  9. Համազասպ Տէր Խաչատուրեան, «Ապրելու համար», խմբագիր` Կ. Յովհաննէսեան, Պէյրութ, 2015, էջ 254-255:
  10. Հայկազուն Եափուճեան, «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ», Պէյրութ, 2015, էջ 210:
  11. Շահանդուխտ, «Պուրճ Համուտէն կու գամ», խմբագիր` Կ. Յովհաննէսեան, Պէյրութ, 1997, էջ 97:
  12.  Հայկազուն Եափուճեան, նոյնը, էջ 247:
  13.  Հայկազուն Եափուճեան, նոյնը, էջ 242:

 

 

 

Նախորդը

Տիգրան Մանսուրեան (Ժե.) «Առանց Մոլեգնութեան Ոչինչ Չի Ծնւում»

Յաջորդը

«Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Տագնապները Պէտք Է Միասնաբար Դիմագրաւենք»* Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?