Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիգրան Մանսուրեան (Ժե.) «Առանց Մոլեգնութեան Ոչինչ Չի Ծնւում»

Յունուար 23, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Տիգրան Մասուրեան` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ

Երեւան, «Կազիրոք», 1979

Ընկերներով ժամադրուած էինք Մարտիրոս Սարեանի անուան զբօսայգին, ուր հանդիպեցանք նաեւ Տիգրան Մանսուրեանին: Ան շատ քիչ առիթներով միայն հանրութեան մէջ կ՛երեւէր: Այդ օր եկած էր հոն, նախ` անոր համար, որ առաջին անգամ ըլլալով գեղանկարչական բացօթեայ ցուցադրութիւն` (Վերնիսաժ)  կազմակերպուած էր, ապա` հանդիպելու Արտաշէս Յունանեանին, որուն արուեստն ու յատկապէս հաւաքած գաւառական երգերը կը հետաքրքրէին զինք: Դիտելէ ետք ցուցադրուած կտաւները (որոնք իրենց ոճով եւ արտայայտչաձեւերով խայտաբղէտ պատկեր մը կը պարզէին), տեղաւորուեցանք օփերային մօտիկ` «Կազիրոք» (Գլխարկ) սրճարանը: Այն ատեն շրջանին մէջ կային եւս երկու սրճարաններ «Բաւլաւոք» (Առագաստ) եւ «Ըսկուազնիակ» (Միջանցահովիկ), որոնք նոյնպէս, «Կազիրոք»-ի նման, արուեստագէտներու եւ առհասարակ մտաւորականներու հաւաքավայր կը համարուէին:

Վերացապաշտ գեղանկարիչ Սէյրան Խաթլամաճեան, որ աւելի ըմբոստ ու համարձակ կը թուէր ըլլալ, նորարարները գնահատելէ եւ «հին»-երը (որոնք կ՛ենթարկուէին ու կը հետեւէին «Սոցիալիստական ռիալիզմ»-ի ուղղութեան) խստագոյնս  քննադատելէ ետք, շարունակեց.

– Շատեր ստեղծագործական դիւրին միջոցների են դիմում յանուն փողի, պարզապէս իշխանութիւններին դուր գալու համար: Դա արդէն արուեստագէտի գործ չի:

Ճիշդ հասկցուելու համար հարկաւոր է փակագիծ մը բանալ եւ տեղեկացնել, որ այն ժամանակներուն, ինչպէս Մոսկուայի եւ խորհրդային այլ քաղաքներու պարագային, Երեւանի մէջ եւս կային արուեստի նորարական անպաշտօն «խմբակցութիւններ», որոնք մերժելէ ետք «Սոցռիալիզմ»-ը, ազատօրէն ստեղծագործելու իրաւունքը կը պաշտպանէին: Երիտասարդ գրողներու առաջնորդ-գաղափարախօսը Ալեքսանդր Թոփճեանն էր, կերպարուեստագէտներունը` Հենրիկ Իգիթեանը, միւս արուեստի տեսակները թէեւ մասնաւոր առաջնորդ մը չունէին, սակայն բոլորը կը գործակցէին իրարու հետ: Այդ օր, երբ Վիգէն Թադեւոսեանն ու յատկապէս Արտաշես Յունանեանը սկսան դժգոհիլ ու բողոքել, որ իրենց արուեստը (առաջինը վերացապաշտ էր, իսկ երկրորդը` գերիրապաշտ) ոչ միայն չի գնահատուիր խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ, այլ նաեւ, շատերու նման, իրենք եւս  հալածանքներու կ՛ենթարկուին… Տիգրան Մանսուրեանը, որ մինչ այդ լուռ էր, միջամտեց.

Ձախէն աջ` Հ. Էդոյեան, Մ. Պոյաճեան, Մ. Հերկելեան, Տ. Մանսուրեան եւ Ար. Յունանեան,

– Այո՛, արուեստի նորարական շեղումները դուր չեն գալիս իշխանութիւններին, սակայն  եթէ որակը բարձր լինի ու գնահատուի յատկապէս դրսի աշխարհի կողմից, ապա նրանք հանդուրժում են եղածը… հարկադրաբար: Իսկ բարձր որակ ստեղծելը այնքան էլ հեշտ չի, որովհետեւ` «Իսկական արուեստը ծնւում է տանջանքից»: Սակայն բոլոր պարագաներին, մինչեւ այն ատեն որ ինձ չեն խանգարում, ես հարց չունեմ «Նրանց» հետ…

Տրուած ըլլալով, որ երաժշտութիւնը իր բնոյթով շատ աւելի վերացական է, քան` միւս արուեստները, խորհրդայինները դժուարութիւն կ՛ունենային հսկողութիւն սահմանելու անոնց վրայ, այս պատճառով ալ անոնք հնարաւորութիւն ունէին համեմատաբար  աւելի ազատ ու համարձակ ըլլալու… իրենց յօրինումներուն մէջ…

Ապա Արտաշէսը, որ գաղտնի պայմաններու տակ «Պահպանակը» կը գրէր այդ շրջանին ու ձեռագիրը տարբեր տեղեր կը պահէր, հաստատելէ ետք Տիգրանի բնութագրումը, թէ` «Արուեստը ծնւում է տանջանքից», բազմաթիւ օրինակներ բերաւ` սկսեալ Փարաջանովէն ու Նարեկացիէն, հասնելով մինչեւ Վան-Կոկն ու Վիվեկանանտան:

Իսկ Հենրիկ Էդոյեանը, որ պետական համալսարանի գեղագիտութեան ամպիոնի մեր դասախօսն էր, աւելցուց.

– Արուեստագէտը եթէ խուսափի դժուարութիւններից, թէկուզ` տառապանքից, ապա նա դատապարտուած է մնալու միջակ հարթակների վրայ: Ինչպէս կեանքում, այնպէս էլ արուեստում լաւագոյնին հասնելու համար, ճանապարհը միշտ էլ փշոտ է եղել… ու դաժան:

Առաջին հանդիպումէն ետք, տպաւորուած` «Իսկական արուեստը ծնւում է տանջանքից» իր բնութագրումէն, սկսայ հետաքրքրուիլ Մանսուրեանի նորարարական (յատկապէս` ֆիլմարուեստի) յօրինումներով, որոնց կիզակէտը կը համարուէր Փարաջանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնին երաժշտութիւնը: Այդ օրերուն հայրենի մշակոյթը վերելքի մէջ էր: Հինի եւ նորի պայքարը թէեւ թէժ էր, սակայն միաժամանակ բեղմնաւոր էր ու արդիւնաւէտ: Մեր` խումբ մը ընկերներու խնդրանքով եւ Ալ. Թոփճեանի միջնորդութեամբ, կիսագաղտնի պայմաններու տակ կարելիութիւն ունեցանք դիտելու «Նռան գոյնը»-ի ամբողջական տարբերակը, որուն երաժշտութիւնը իր նորարական բնոյթով  նոյնքան խնդրայարոյց էր, որքան` Փարաջանովի ֆիլմարուեստի յղացքը: Ի դէպ, այդ օրերուն բազմավաստակ եւ հմուտ գրականագէտ Ալ. Թոփճեանը ոչ միայն յառաջապահ գրողներու գաղափարախօս առաջնորդն էր, այլ նաեւ հակամէտ էր պաշտպանելու նաեւ արուեստի միւս նորարարները` ըլլային անոնք կերպարուեստագէտներ, երաժիշտներ, թէ թատրոնի ու ֆիլմարուեստի գործիչներ: Եւ բնաւ պատահական չէր, որ ինք եւս Վիլեն Գալստեանի, Հենրիկ Իգիթեանի, Արտաշէս Յունանեանի եւ ուրիշներու նման, իբրեւ դերակատար` իր մասնակցութիւնը բերած էր  «Նռան գոյնը» ժապաւէնի իրականացման:

Այո՛, բացայայտ էր, որ Տիգրան Մանսուրեան եղած էր յառաջապահներէն մէկը խորհրդային նորարար երաժիշտներու, որոնք շրջանցելէ ետք «Սոցռիալիզմ»-ը, ստեղծագործական ազատութիւն ձեռք բերին ու իրենց հերթին դրական ազդեցութիւն ունեցան առհասարակ խորհրդային երաժշտական կեանքէն ներս:

Ձախէն աջ` ոտքի Տ. Մանսուրեան, Հ. Սահեան, Ար. Մանսուրեան. նստած` Հր. Մաթեւոսեան

Յաջորդ հանդիպումս Տիգրանին հետ դարձեալ պատահական էր: Ռազմիկին (Դաւոյեան) հետ գացած էինք բարեխօսելու Սահեանի մօտ` զինք եւ Հրանդ Մաթեւոսեանը հաշտեցնելու համար: Սահեանը նոր բաժնուած իր նախկին կնոջմէն, բնակարան ստացած էր «Տէրեան» փողոցին կից, «Աղայեան» փողոցի վրայ… հարեւանութեամբ Սիվա Կապուտիկեանի, Արա Շիրազի, Արտեմ Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ` Տիգրան Մանսուրեանի, որ այդ օր հոն կը գտնուէր: Ան մեր զրոյցներուն հարեւանցիօրէն միայն կը մասնակցէր եւ Ռազմիկին ու Սահեանին քիչ մը «վրան բաց» սրամտութիւններուն գրեթէ չէր արձագանգեր: Միտքը ուրիշ տեղ էր կարծէք…

Երբ Սահեանի բնակարանէն դուրս ելանք, ու Ռազմիկին  ուշադրութեան յանձնեցի Տիգրանին «անտրամաբանական» պահուածքը, ան ըսաւ.

– Տիգրանը թէեւ մարդկային է, համեստ ու ընկերասէր, սակայն իր չափազանց աշխատասիրութեան պատճառով մնում է ինքնամփոփ ու հանրութեան մէջ, նոյնի՛սկ մեր ընկերական շրջանակներում  շատ քիչ է երեւում… Շնորհիւ իր աշատասիրութեան ու  բացառիկ տաղանդին` նա կարողացաւ  բարձրորակ երաժշտութիւն ստեղծել ու կարճ ժամանակի ընթացքում գնահատուել բոլորի` նոյնիսկ իշխանութիւնների կողմից: Դրա համար էլ տրուած պատուէրները չափազանց շատ են, յատկապէս` ֆիլմարուեստի բնագաւառում…

Ռազմիկը միակը չէր, ընդհակառակը, իմ շրջապատիս մէջ իր մասին բարձր կարծիք ունէին բոլորը, ինչպէս` Սօս Սարգսեանի, Հրանդ Մաթեւոսեանի, Ար. Յունանեանի, Ալ. Թոփճեանի եւ կամ Մուշեղ Գալշոյեանի նման շատեր: Այդ պատճառով ալ ցանկութիւն  ունէի անոր հետ վերստին հանդիպելու… Չեղաւ… մինչեւ որ 2019-ին Արամ Ա. վեհափառի հրաւէրով ան Պէյրութ ժամանեց…

Անթիլիասի մայրավանք, 15 փետրուար 2019

Սիրելի՛ ընթերցող,

Մ . Հերկելեան, Տ. Մանսուրեան եւ Ժ.Դանիէլեան

Իմ լաւ ընկերներէս Ժիրայր Դանիէլեանը, որ այն ատեն տնօրէնն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին, հեռաձայնեց ու առաջարկեց.

– Տիգրան Մանսուրեանը հանդիպում պիտի ունենայ ուսանողներուն հետ, լաւ կ՛ըլլայ, որ դուն ներկայացնես զինք:

Խոստացայ…

(Իմ ներողամի՛տ ընթերցող, այս առիթով չեմ կրնար գրիչս զսպել ու չյայտարարել, որ վերջերս, յանձինս` Ժիրայրին, մեծ կորուստ մը ունեցանք հայ բանասիրական ու կրթական բնագաւառներուն մէջ, եւ անոր մասին հարկաւոր է անդրադառնալ հանգամանօրէն):

Խոստացայ: Առաջին հերթին յիշողութիւնս թարմացնելու համար կենսագրութիւնը վերընթերցեցի: Պարզուեցաւ, որ ան անկախութենէն ետք միջազգային շարք մը ամպիոններէ գնահատուած եւ արժանացած է ազգային ու միջազգային  բազմաթիւ մրցանակներու ու շքանշաններու: Անմիջապէս փնտռեցի ու գտայ պատճէնը այն լուսանկարին, որ ճիշդ քառասուն տարիներ առաջ ընկերներով նկարուած էինք Մ. Սարեանի անուան զբօսայգիին մէջ: Հանդիպումը կայացաւ «Կիլիկիա» թանգարանի այն սրահը, ուր հայագիտականի դասաւադութիւնները տեղի կ՛ունենային: Յաւուր պատշաճի ներկայացնելէ ետք իր ստեղծագործական կեանքը, եզրակացուցի.

Տիգրան Մանսուրեան եւ Մովսէս Հերկելեան

– Շնորհիւ Արամ վեհափառին նախաձեռնութեան, մենք բոլորս բախտաւոր ենք, որ այսօր առիթը ունինք հանդիպելու եւ զրուցելու, Տիգրան Մանսուրեանի նման բազմավաստակ ու համամարդկային արժէք ներկայացնող  երգահանի մը հետ: Սակայն ես աստիճան մը աւելի ինքզինքս բախտաւոր կը համարեմ, որովհետեւ ան իմ վաղեմի ծանօթներէս մէկը եղած է…

Տիգրանը շրջուեցաւ իմ կողմս. անոր հայեացքը պաղ էր ու անորոշ… Սակայն երբ  մեր խմբային լուսանկարը ցոյց տուի անոր, քանի մը անգամ դէմքիս հետ համեմատելէ ետք, ուրախացած ոտքի ելաւ  ու ըսաւ.

– Այո՛, ի հարկէ յիշում եմ, սա նուէ՞ր է ինձ…

– Ի հարկէ:

– Յիշատակներ… յիշատակներ…

Տիգրան Մանսուրեանը ուսանողներու հետ

Սիրելի՛ ընկերասէր ընթերցող, մթնոլորտը ջերմացաւ, ու ամէն ինչ փոխուեցաւ… Ուսանողները խանդավառուած` սկսան բազմաթիւ ու բազմակողմանի հարցեր տալ անոր: Կը պատասխանէր ամենայն համբերատարութեամբ ու թէեւ դանդաղ կը խօսէր, սակայն յստակօրէն կը բացատրէր ամէն ինչ: Երբ հարց տրուեցաւ անոր իր արուեստի հայկականութեան մասին, ըսաւ.

– Թէեւ ես որդեգրել եմ նաեւ արեւմտեան նորարական արտայայտչաձեւեր, բայց երբեք չեմ կտրուել իմ ազգային արմատներից: Մարդ հարուստ կը լինի իր արմատներով:

Ապա ան հաստատեց, որ ինք եւ քոյրը` Արաքս Մանսուրեանը (օփերայի կայացած երգչուհի), ծնած են Պէյրութ ու առաջին անգամ երաժշտութիւն լսած են նախ իրենց տան մէջ (երբեմն` իբրեւ աղօթք), ինչպէս նաեւ` Պուրճ Համուտի փողոցներուն…

Իր խօսքի ողջ ընթացքին ան շեշտը դրաւ յարատեւ ու տքնաջան աշխատանքի վրայ ու եզրակացուց.

– Առանց մոլեգնութեան ոչինչ չի ծնւում:

Իմաստային գետնի վրայ «մոլեգին» բառի  մէջ կայ թէ՛ կրքոտութիւն, թէ՛ մոլեռանդութիւն, թէ՛ խենթութիւն եւ թէ՛ բացառիկ նուիրուածութիւն: Կ՛ենթադրեմ, որ Տիգրանը նախ կը փորձէր «բառը» անջատել սեռային կրքոտութենէ ու կապել զայն մայրանալու երկունքին հետ, եւ ապա կ՛ուզէր շեշտել իր անմնացորդ նուիրումը արուեստին…

Իսկ երբ խօսք բացուեցաւ Հայաստանի քայլերգի մասին, ան պատասխանեց.

– Պետական  հիմնը, դրօշակի ու կերպի նման մեծ նշանակութիւն եւ իւրայատուկ տեղ  ունի ազգային մշակոյթի մէջ: Հիմնը այնպիսի ոգեղէն արժէք է, որ մի կողմից պէտք է որ ազգային վարկը վառ պահի օտարի մօտ, եւ միւս կողմից` սերունդներ ոգեւորի ու դաստիարակի: Դրա համար պէտք է լինի ազգային ու  շեշտը դրուի որակի վրայ: Այն, ինչ որ կայ, իր բովանդակութեամբ չի համապատասխանում մեր ազգային խառնուածքին ու իր որակով զիջում է մեր բարձրորակ մշակոյթին: Առանց քաղաքականացնելու հարցը` հարկաւոր է մերժել նախկին երկու տաբերակներն էլ ու նորը ստեղծել: Բանաստեղծութիւնը կայ: Դա Չարենցի «Ես Իմ անուշ Հայաստան»-ն է:

– Իսկ երաժշտութիւ՞նը…

– Կայ, ես եմ յօրինել եւ կարող էք լսել այն համացանցում…

Իմ երաժշտասէր ու արդարամիտ ընթերցող, ես Մանսուրեանի ո՛չ երաժշտական վաստակը եւ ո՛չ ալ անոր առանձին յղացքները գնահատելու ատակ եմ: Ատիկա մասնագէտներու գործ է: Բայց դուք կրնաք լսել Մանսուրեանի յօրինումը Չարենցի բառերով երգուած` իբրեւ մեր ազգային օրհներգը եւ, համաձայն ձեր երաժշտական ճաշակին ու առողջ դատողութեան, եզրակացնել…

Իսկ թէ ի՛նչ կը վերաբերի իր ազգային մշակութային արմատներուն, աւելի համոզիչ ըլլալու համար այս մասին պիտի չվկայակոչեմ հայ երաժիշտներուն կարծիքը, այլ պիտի մէջբերեմ «Los Angelos Times»-ի կածիքը, ուր կ’ըսուի.«Մանսուրեանի ոգեշնչող երաժշտութիւնը կ՛արտացոլացնէ 20-րդ դարու հայ ժողովուրդի կացութիւնն ու մշտակայուն մշակոյթը»:

Այնուամենայնիւ, իր մասին ընդհանուր համոզումը այն է, որ մեկնելով իր ազգային «մշտակայուն մշակոյթի» արմատներէն Մանսուրեանի արուեստը ունի համամարդկային բնոյթ եւ տարողութիւն….

Ձախէն աջ` գեղանկարիչ Սոնա Գաբրիէլեան, Արաքս Մանսուրեան ու Մովսէս եւ Էլօ Հերկելեաններ

Սակայն,

Որովհետեւ իրմէ առաջ ես ծանօթացած էի Տիգրանի քրոջ` Շուշան Պետրոսեանի մօրը` Արաքս Մասուրեանի հետ, որ կողակիցն էր գեղանկարիչ ընկերներէս Սըմմոյի (Սամուէլ Պետրոսեանի), պարտք կը զգամ քանի մը խօսք արձանագրելու նաեւ Արաքսի մասին: Մեր կապը տոքթ. Յարութիւն Նագուլեանի մօտիկ եւ իմ համեմատաբար հեռաւոր ազգականը Լուսին Այնթապլեանն էր: Լուսինը` Թովմաս Այնթապլեանի ամենափոքր դուստրը, որ տիկինն էր Շուշանի հօրեղբօր` յայտնի բժիշկ Մելսի, իր հերթին մօտիկ յարաբերութեան մէջ էր  մուսալեռցի Այնթապլեաններու (Փայլակ, Պետրոս, Խաչիկ, Յովհաննէս, Մացակ եւ այլն) հետ: Հետեւաբար  տարբեր առիթներով կը հրաւիրուէի Պետրոսեաններուն մօտ, որոնք Երեւանի հայրենասէր արուեստագէտներու յայտնի գերդաստաններէն մէկը կը  համարուէին: Անոնց գաղափարական անպաշտօն առաջնորդը կը թուէր ըլլալ Սըմմոյին քոյրը` գրող եւ հրապարակախօս Ալվարդ Պետրոսեանը, որ «Բագին» ընթերցելու առիթ կ՛ունենար` առանց իմանալու սակայն, որ զայն բերողն ու տարածողը ես էի: Ան Հայաստանի անկախացումէն ետք միայն այլ առիթով մը իմացաւ ճշմարտութիւնը, Սըմմոյի տան մէջ, ուր այդ օր ներկայ էին նաեւ Ալվարդն ու իր կողակիցը` Սունդուկեանի յայտնի դերասաններէն Լորենց Արուշանեանը,  բանաստեղծ եւ գեղանկարիչ տոքթ. Յարութիւն Նագուլեանը իր կնոջ` Էմմային հետ, գեղանկարիչներ` Էդ. Խարազեանը ու Ռ. Էլիբեկեանը, քանդակագործ Արա Շիրազը եւ այլն: Մինչ այդ, սակայն, Պետրոսեաններու ծանօթութեան ծիրին մէջ ես առիթով մը հանդիպած էի Արաքս Մանսուրեանին, երբ տակաւին ան երաժշտանոցի ուսանողուհի էր: Թէեւ իր արտաքին տեսքով (ուղխինահոս երկար վարսեր ունէր) ու կանացի հմայքով տպաւորած էր զիս, սակայն իբրեւ երգչուհիի` տեղեկութիւն չունէի իր մասին: Այլ հաւաքի մը ընթացքին էր, որ  Լորենցը բաժակաճառի մը սահմաններուն մէջ ներկայացուց զինք ու բարձր գնահատեց անոր հմայիչ ձայնն ու կատարողական մակարդակը: Այնուհետեւ,  թէեւ իրեն անձամբ չէի հանդիպած, սակայն քանի մը անգամներ առիթ ունեցած էի զինք լսելու բեմերէն ու հիացած` իր դիւթիչ ձայնով: Այդ պատճառով ալ երբ իմ Հալէպի մշակութասէր ընկերներս 1990-ին, Դաշնակցութեան 100-ամեակին առիթով ցանկութիւն յայտնեցին երգչուհի մը հրաւիրելու, իմ ճանչցածներուս մէջ իբրեւ լաւագոյնը զինք առաջարկեցի: Անոնք հրաւիրած էին նաեւ Սօս Սարգսեանը, Հենրիկ Իգիթեանն ու Ռազմիկ Դաւոյեանը` իբրեւ պատգամախօսներ, իսկ դերասան Անդրանիկ Յարութիւնեանը` իբրեւ ասմունքող: Նոյն առիթով, իբրեւ հրաւիրեալներու գաղափարակից գործընկերը, հրաւիրած էին նաեւ զիս եւ կինս` Էլոն: ՀՅԴ-ի փառահեղ տօնակատարութենէն ետք հալէպահայ մշակութային գործիչներէն գեղանկարչուհի Սոնա Գաբրիէլեանին եւ կնոջս` Էլոյին ընկերակցութեամբ, ջերմ ու յիշատակելի հանդիպում մը ունեցանք Արաքսի հետ, որ չափազանց գոհ էր հալէպահայութեան ասպնջական ընդունելիութենէն ու հպարտ էր, որ քոյրն է երգահան Տիգրան եւ գեղանկարիչ Մհեր Մանսուրեաններուն ու մայրը` Շուշան Պետրոսեանի:

Մոնրէալ, դեկտեմբեր 2022

Նախորդը

Հանդիպում Զախոյի Թաղականութեան Հետ

Յաջորդը

Մեր Ակումբները (ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կառոյցին Հիմնադրութեան 120-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?