Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երախտապարտ Ենք Հելլադային (Զմիւռնիոյ Աղէտին 100-Ամեակին Առիթով)

Յունուար 20, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Զմիւռնիան, թրքական կոչումով` Իզմիր, բազմազգ ու բազմամշակութային նաւահանգիստ-քաղաքներէն կարեւոր կեդրոն մըն էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ուր բացարձակ մեծամասնութիւն էին յոյն, հայ եւ այլ քրիստոնեայ բնակիչները, որոնք 1922-ին անպաշտպան մնացին Քեմալի հորդաներու վայրագութեանց  դէմ` անտարբեր աչքերուն առջեւ իբր թէ Թուրքիոյ թշնամի եւ Յունաստանի դաշնակից  ուժերուն, որոնց ռազմանաւերը, թիւով` 51, կը գտնուէին նաւահանգիստին բացերը: Այդ դաշնակից կոչուածները պարզ հանդիսատեսները եղան ամբողջ քաղաքի հրկիզումին եւ ահաւոր ողբերգութեանը յոյն, հայ եւ այլ  քրիստոնեայ բնակիչներուն, որոնք մինուճար ու սարսափահար` հրոյ ճարակ  կամ թրքական եաթաղանին զոհ չդառնալու համար մեծով-պզտիկով  ծով կը նետուէին` ռազմանաւերէն կեանքի փրկութիւն յուսալով: Եւ ի վերջոյ «դաշնակից» ռազմանաւերը «բարեհաճեցան» ծովէն փրկել եւ Յունաստան փոխադրել յոյն եւ հայ  բազմութիւն մը` անճար, անտուն եւ աննկարագրելի  թշուառութեանց ու յոսահատութեան մատնուած վիճակի մէջ…

Ահա կարճ ու շատ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացումը Զմիւռնիոյ աղէտին, որ  յունական քաղաքի մը կործանման , թրքացման եւ յոյներուն համար ողբերգական ու սեւ թուականի մը  յիշատակումի 100-ամեակը  ըլլալէ ետք, մեզի` հայերուս համար եւս սեւ տարեթիւ մըն է ան…

Օտարազգի վաւերական վկայութիւններ կը հաստատեն, որ քաղաք մտնելէ ետք Քեմալի  հորդաներուն առաջին թիրախը եղած են հայերով բնակուած հայկական թաղամասերը: Այդ վկաները սեփական աչքերով տեսած  են, թէ ինչպէ՛ս թուրք զինուորներ քարիւղի թիթեղներով  ուղղուած են հայկական թաղամասեր, ուրկէ եւ սկսած են հրկիզման առաջին կրակները եւ հոնկէ ալ տարածուած` ամէն կողմ: Այդ օրերուն Զմիւռնիոյ հայերու թիւը կը գերազանցէր 25.000-ը (աւելի քան քսանհինգ հազար):

Ահա թէ ինչո՛ւ ճակատագրակից յոյն ժողովուրդի անցեալի ողբերգութեան մը 100-ամեակը մեզի համար եւս սեւ տարեթիւի մը յիշատակումն է:

Այս առիթով, երեք հաստատումներ.

Ա) 1919 թուականին Թուրքիան  զօրամիաւորներ կը կեդրոնացնէր Հայաստանի սահմանին` նոր յարձակումի մը համար… Նոյն տարին (1919)  Զմիւռնիոյ ճակատին վրայ կը պարտուէր ան եւ յունաց  բանակը կ՛ազատագրէր քաղաքը` ի մեծ ցնծութիւն տեղի քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան: Ապա Քեմալի Թուրքիան, համայնավար Ռուսիոյ հետ գործարքի մտնելով, Կարսը, Արտահանը եւ շրջակայքը բռնագրաւելէ ետք, այսինքն  Հայաստանի ճակատէն ետք իր ուժերը կը հաւաքէր ու կը կեդրոնացնէր յունական բանակին դէմ ու կը վերագրաւէր Զմիւռնիան` 1922-ին: Պատերազմի երկու ճակատներէն մէկուն կը յաղթէր, միւսին կը պարտուէր…

Կը նշանակէ, որ Թուրքիա կոչուած վտանգը դիմակայելու համար անհրաժեշտ է  զինակցութեան կազմութիւնը սահմանակից պետութիւններու միջեւ, որոնց բոլորն ալ արդէն թշնամական տրամադրութիւններ ունին Թուրքիոյ նկատմամբ` ոչ  միայն անցեալի մէջ անկէ տառապած ըլլալնուն համար , այլ նաեւ այն պատճառով, որ ան կը շարունակէ աչք ունենալ անոնց տարածքներուն վրայ: Մէկ ճակատի վրայ զօրաւոր է Թուրքիան` յոխորտ ու շատ վտանգաւոր, մինչ մէկէ աւելի ճակատներու վրայ առնուազն պիտի դառնայ զգուշաւոր ու հաշուենկատ…

Բ) «Արդի» Թուրքիոյ հայրը համարուող Քեմալը, որ իբր թէ երկիրը կ՛ուզէր եւրոպականացնել, այսինքն` եւրոպական արժէքներուն ընտելացնել, (լատինական գիրեր որդեգրել, դէմք ծածկելը արգիլել, ոգելից ըմպելին արտօնել, բայց նաեւ միւս կողմէ` թրքախօսութիւնը բոլորին պարտադրել…), ցոյց տուաւ իր հարազատ դէմքը` ամբողջ քաղաք մը հրկիզելով եւ անոր բնակչութիւնը անխղճօրէն, թրքական բացատրութեամբ, «ծովը թափելով», որուն համար կը հպարտանան եւ միեւնոյնը կրկնելու յոխորդանքով կը սպառնան նաեւ այսօրուան իշխանաւորները` պետութեան ղեկին գտնուող ըլլան թէ ընդդիմադիր:

Կը նշանակէ, որ Թուրքիոյ պետական վերնախաւի մարդիկը, ի՛նչ անուն ալ կրեն անոնք` սուլթանական,  քեմալական թէ էրտողանական, միեւնոյնն է, անոնք  ունին նոյն ռազմավարութիւնը, վայրագութեան նոյն ոճը, կը հետեւին ռազմաքաղաքական միեւնոյն վարքագծին ու կը հետապնդեն նոյն նպատակները :

Գ) Փաստ է, որ հին դարերէն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ ղեկավար այրերուն  գլխաւոր  ու առաջնակարգ թիրախը կը կազմեն  հաւասարապէս երկու ժողովուրդներ` յոյները եւ հայերը:

Նոյնիսկ եթէ հաշուի չառնենք, որ հայ եւ յոյն ազգերը իրարու միացած են պատմական, քաղաքակրթական ու մշակութային  անքակտելի  կապերով եւ միեւնոյն արժեհամակարգով, եւ եթէ նկատի  ունենանք միա՛յն այն հանգամանքը, որ այս երկուքը`  հայ եւ յոյն ժողովուրդները, Թուրքիոյ թշնամանքին ու ատելութեան  գլխաոր թիրախն են, բաւարար է արդէն, որ անոնք համարուին էապէս ճակատագրակից ազգեր ու բնական դաշնակից պետութիւններ:

Դ) Զմիւռնիոյ աղէտին հետեւանք գաղթականութիւնը անասելի թշուառութեան մատնած էր Յունաստանը : Արդէն պատերազմէն ուժաքամ դարձած ու աղքատացած երկրին վրայ կ’աւելնային շուրջ մէկ միլիոն գաղթականներ, որոնց մէջ 100 հազարի հասնող հայ բազմութիւն մը` միւսներուն պէս անտուն, անօթի, անպատսպար:

Ահա այդ դժխեմ օրերուն հելլեն ազնուազարմ ժողովուրդը, առանց խտրութիւն դնելու, սիրով ընդունեց բոլորը, տեղ բացաւ բոլորին, բաժնեկից դարձաւ անոնց դժուարութեանց եւ տարիներու երկայնքին հնարաւորինս օգնեց , որ անոնք իրենց «վէրքը երգի վերածեն»…

Հայ գաղթականներն ալ բոլորին պէս վայելեցին Հելլադային բարիքը, իրենց աշխատունակութեամբ մասնակից դարձան երկրի  առաջընթացին, առաջին տասնամեակին արդէն կառուցեցին եկեղեցի ու դպրոց, վերածուեցան կազմակերպ համայնքի` վայելելով  Հելլադայի ու ազնուական յոյն ժողովուրդի ասպնջականութիւնը, որուն փոխարէն հայութիւնը` իբրեւ բարոյական  դոյզն արտայայտութիւն, միշտ պիտի ըսէ`

Երախտապարտ ենք ձեզի Հելլադա եւ ազնուազարմ յոյն ժողովուրդ…

 

 

Նախորդը

Մարդոց Տառապանքը` Մինչեւ Ո՞ւր

Յաջորդը

Թահա Հուսէյն. Գրական Եւ Մտաւոր Արտադրութեան Մասին

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Անդրադարձ

Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Նոյեմբեր 14, 2025
Թաքեր Քարլսըն Միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն Դիմաց Կը Բացայայտէ Փաշինեանի Յարձակումը Հայոց Եկեղեցւոյ Վրայ
Անդրադարձ

Թաքեր Քարլսըն Միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն Դիմաց Կը Բացայայտէ Փաշինեանի Յարձակումը Հայոց Եկեղեցւոյ Վրայ

Նոյեմբեր 14, 2025
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Անդրադարձ

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?