ՎԱՀԱՆ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Նախորդ յօդուածիս մէջ խոստացայ շարունակել խօսիլ Թահա Հուսէյնին մասին եւ «Ուիքիփետիա»-ին մէջ անոր յատուկ արեւմտահայերէն յօդուածը պատրաստեցի:
Այսօր եւս սիրելի ընթերցողին պիտի մատուցեմ Թ. Հուսէյնի «Մշակոյթի ապագան Եգիպտոսի մէջ» գիրքէն կարգ մը հատուածներու ազատ թարգմանութիւն մը: Փորձեցի թարգմանել անոր բարձրացուցած ամէնէն այժմէական միտքերը, սակայն այնքա՜ն շատ են անոր յարգի մտքերը, որ մարդ կ՛ուզէ ամբողջ գիրքը թարգմանել:
Թէեւ չէի ուզեր նոյն նիւթին մասին երկար խօսիլ, բայց այս շարքին պիտի աւելցնեմ յօդուած մը եւս, ուր պիտի մաղեմ նախորդ յօդուածիս մէջ յիշուած գիրքը` «Նախաիսլամական բանաստեղծութեան մասին», որպէսզի ծանօթանանք անոր որդեգրած Տեքարթի բանապաշտական մօտեցումին: Մտածելու կանոնաւոր եղանակ մը ունենալը սոսկ շքեղութիւն չէ, այլ` կեանքի անհրաժեշտութիւն, ըլլայ վերոյիշեալը կամ ուրիշը:
Սոյն ու նախորդ յօդուածին մէջ չկրցայ ամփոփել ամբողջ գիրքը, որ ազգային կրթական ուղեգիծի մը մակարդակին է, ութսուն տարի առաջ գրուած եւ մինչեւ այսօր` այժմէական:
Երբ ան կը խօսի Եգիպտոսի կրթական հին ուղիներուն եւ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս ապագային եւրոպացիները օգտուեցան անոնցմէ, Եգիպտոսի թուրք-օսմանեան գրաւման մասին ան կ՛ըսէ.
«Եւ թուրք օսմանցիները մեզ ուշացուցին, մինչեւ մեր կեանքը սկսանք տասնիններորդ դարուն, եթէ Աստուած մեզ զերծանէր օսմանեան գրաւումէն, մենք այսօր Եւրոպայի հետ կապի մէջ եւ անոնց վերածաղկումին մասնակից կ՛ըլլայինք: Իրենց հետ միասին պիտի քալէինք արդի կեանքի ճանապարհով, աշխարհիս տարբեր դիմագիծ պիտի տայինք, եւ ժամանակակից քաղաքակրթութիւնը այլ իրավիճակ պիտի ունենար»:
Մտաւոր Արտադրութիւնը
«… Մեր մտաւոր կեանքին մէջ կայ ամօթալի թերացում մը, որ մեզի ահռելի նախատինք կը պատճառէ, կը յառաջացնէ տգիտութիւնն ու անոր հետեւող ամենայն չարիքը: Պէտք է ուղղել ասիկա, եթէ կ՛ուզենք փրկել մեզ եւ բարձրակարգ ազգերու կեանքը ապրիլ, եթէ կ՛ուզենք պահպանել գիտութիւնն ու մասնակցիլ անոր զարգացումին եւ ընդլայնումին: Եթէ կ՛ուզենք ժողովուրդը փրկագործել ու յառնեցնել զայն` տգիտութենէն ի գիտութիւն, հանգումէն ի գործունէութիւն, աշխատասիրութիւն եւ ստեղծագործութիւն:
«Այս ամօթալի զանցառութիւնը կ՛արտայայտուի թարգմանութեան անտեսումով: Որքա՜ն շատ են այն գիտական, գեղարուեստական ու գրական ստեղծագործութիւնները, զորս կը վայելեն բարգաւաճած ազգերը, եւ ի՜նչ հսկայական է մեր ամօթալի արհամարանքը անոնց նկատմամբ, ի՜նչ անբախտ ենք անոնց անբիծ ու գերազանց բերկրանքները վայելելու մէջ:
«Որքա՜ն շատ կը խօսինք մեր նախնիներուն փառքին մասին, մանաւանդ երբ սքանչելի անյագութեամբ թափեցան քաղաքակիրթ ազգերու ժառանգութեանց վրայ` զանոնք իրենց լեզուին (արաբերէնին, ՎՄ) փոխանցելով, իրենց մշակութային ժառանգութեան հետ բաղադրելով, անոնց սրտերն ու մտքերը սնուցանեցին անոնցմով եւ անոնց միջոցով կերտեցին իրենց քաղաքակրթութիւնը:
«Կը խօսինք այս բոլորին մասին, մեր բերանները կը լեցնենք ու մեր փորերը կ՛ուռեցնենք այս խօսքով, բայց այդուհետեւ կը մնանք հանգիստ ու անշարժ` անոնց կենսագրութեան օրինակին չհետեւելով եւ անոնց անցած ճամբէն չքալելով: Մինչդեռ գիտական ու արուեստի արգասիքները կը շատնան, եւրոպացիներուն մտքերն ու սրտերը կը վայելեն զանոնք ու կը վայելեն, եւ եւրոպական քաղաքակրթութիւնը կը բարգաւաճի ու կը բարգաւաճի:
«Իսկ մենք «կը վայելենք» այն անկարողութիւնն ու զանցառութիւնը, որոնց մէջ ինկած ենք, կը սքանչանանք մեր անցեալով, թէկուզ արժանի չենք անոր, կը հաճինք մեր խօսքով, թէկուզ վայել չէ հաճութեան:
«Որքա՜ն շատ կը խօսինք մեր լեզուին մասին, զոր կը սիրենք, կը մեծարենք ու կը սրբացնենք, կ՛ուզենք զայն դարձնել ճկուն, կենդանի եւ պարարտ լեզու մը, որ պիտի իւրացնէ աշխարհի ամբողջ գիտութիւնը, փիլիսոփայութիւնն ու գրականութիւնը: Պիտի արտայայտէ բոլոր խոհերն ու կարծիքները, բոլոր յայտնուած բներեւոյթները, աշխատանքի եւ գիտութեան հնարքները:
«Այս մասին կը խօսինք մեր ակումբներուն մէջ եւ նիստերուն ընթացքին, կը հրատարակենք անոնք թերթերուն եւ պարբերագիրներուն մէջ, բայց ոչ մէկ բան կ՛ընենք մեր կեանքին ընթացքը մեր այս խօսքերուն պատշաճեցնելու համար:
«Կասկած չկայ, որ թարգմանութեան հետ կապուած` մենք ամէնէն անբախտ ազգերէն ենք եւ ամէնէն տգէտն ենք, խօսքս միայն եւրոպական մտաւոր կեանքի մթին կողմերուն մասին չէ, այլ ամէնէն պարզ երեւոյթներուն ալ:
«Ասոր սկզբնապատճառներէն մին մեզմէ շատերուն եւրոպական լեզուները չգիտնալն է: Իսկ անոնք, որոնք այս լեզուներէն քիչ մը գիտեն, լաւ չեն տիրապետեր անոնց, իսկ անոնք, որոնք լաւ կը տիրապետեն, հազիւ թէ կը կարդան այն գրականութիւնը (գիտական ու գեղարուեստական), որ այս լեզուներով կը ծանուցուի: Կա՛մ որովհետեւ զբաղած են իրենց հանապազօրեայ կեանքին տաժանելի գործերով, եւ կա՛մ քանի որ անոնք չէին մշակուած այնպէս, որ սիրէին ընթերցանութիւնը եւ նետուէին անոր վրան:
«Մեր այս տգիտութեան պատճառներէն է թարգմանութեան թող տալը, իսկ ինչպէ՞ս թարգմանենք, եթէ չենք կարդար, եւ ինչպէ՞ս կարդանք, եթէ չենք կրթուած այնպէս, որ ընթերցանութիւնը մեր օրուան հիմնական գործերէն մէկը ըլլայ:
«Նախօրօք ըսի, թէ տրամաբանական չէ, որ բոլոր կարդալ ու գրել գիտցողները տիրապետեն օտար լեզուներու, ուստի պէտք է այդ լեզուներով գրուածին բնահիւթը փոխանցել մեր լեզուին: Պարզ է, որ չենք կրնար ստեղծագործել գիտութենէն ու գրականութենէն մեր կարիքը բաւարարող քանակով նիւթեր, բացի եթէ թարգմանենք, շատ թարգմանենք:
«Ասիկա մեզի կարդալու բան մը հրամցնելէն բացի` մեր երիտասարդներէն շատերը կը մղէ ընդօրինակելու եւ նմանակելու: Մտաւոր կեանքին մէջ ընդօրինակումը բարձրագոյն երեւոյթներէն մին է ու ամէնէն զօրաւորը:
«Ուրեմն թարգմանե՛նք, շա՛տ թարգմանենք, մեր լեզուին փոխանցենք գրական, գիտական ու փիլիսոփայական անթառամ աւանդը, որ դարձաւ համայն մարդկութեան ժառանգութիւնը: Կենդանի լեզուն իրաւունք չունի այս աւանդը չբովանդակելու: Թարգմանենք մեր լեզուն հարստացնելու, զայն ճկունցնելու եւ ազգային արժանապատուութիւնը գոհացնելու համար:
«Չվախնանք կարդացողներուն սակաւութենէն, անոնք պիտի շատնան, մանաւանդ եթէ թարգմանուի այն միջին գրականութիւնը, որ կը յարմարի բոլորին` անկախ իրենց կրթական մակարդակէն:
«Պէտք է թարգմանողները քաջալերել եւ նիւթական շահոյթով դրդել զանոնք. որքան ալ ծախսենք ասոր վրայ, պիտի չզղջանք, քանզի պիտի հարստացնէ մեր լեզուն ու պիտի կենդանացնէ զայն, պիտի սնուցանէ եգիպտական միտքերը եւ աճեցնէ զանոնք, պիտի տարածէ մշակոյթը, պիտի մօտեցնէ ժողովուրդին տարբեր դասակարգերը եւ պիտի իրականացնէ ազգային արժանապատուութիւնը, որ կը ձգտի վերանալ տգիտութենէն ու անշրջահայեացութենէն:
«Թող մեր նախընտիրքը այլ ազգերու մտաւորականներու ընտրանիներէն նուաստ չըլլան, եւ թող մեր հասարակութիւնը ուրիշ ազգերու հասարակութիւններէն խեղճ ու խոնարհ չըլլայ»:
Երբ կը խօսի Եգիպտոսի պարտականութեան մասին` արաբական երկիրներուն նկատմամբ.
«…Եւ այսպէս, Եգիպտոսը իր պարտականութիւնը կը կատարէր, ուր իր հինին ու նորին միջեւ հաւասարակշռութիւնը կը պահէր: Եգիպտոսը նախորդ դարերուն Մերձաւոր Արեւելքի արաբական երկիրներուն գիտութեան եւ մշակոյթին աղբիւրն էր, ան չթերացաւ, մինչեւ որ օսմանեան գերիշխանութիւնը ստիպեց անոր թերանալ»:
Ուրիշ տեղ մը կ՛ըսէ.
«Երբ թրքական գործօնը խուժեց Միջերկրական ծովու իսլամական երկիրները, զանոնք դարձուց դէպի յետամնացութիւն, երբ անոնք արդէն յառաջդիմած էին, դէպի տգիտութիւն, երբ անոնք գիտութեան տիրապետած էին, դէպի թուլութիւն` անոնց ուժեղ ըլլալէն ետք, եւ գրեթէ ջնջեց քաղաքակրթութեան երեւոյթները»:
Մտաւորականներու արտադրութեան սակաւութիւնն ու անոր պատճառները նշելով` կը գրէ.
«Չի բաւեր բողոքենք, թէ Եգիպտոսի մէջ մտաւոր արտադրութիւնը սակաւ է թիւով ու ցած է որակով: Պէտք էր մեր մտաւոր կեանքը, որ ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ երէկ ծնունդ առաւ, շատ աւելի շատ պտուղներ տար, ու պէտք էր ժամանակակից աշխարհիս մշակութային կեանքին մէջ մեր գրաւած դիրքէն շատ աւելի բարձր դիրքի մը բարձրացնէր մեզ: Աշխարհիս մէջ կան բազմաթիւ ազգեր, որոնք արդի կեանքին հետ կապ հաստատեցին նոյն ժամանակին, երբ մենք մեր կապը հաստատեցինք անոր հետ, եւ կամ` մեզմէ ուշ, սակայն անոնք մեզմէ արագ շարժեցան այս կապէն օգտուելու եւ մեզմէ աւելի կարող էին իրենք իրենց արդի կեանքին մէջ հաստատելուն, մինչեւ իսկ զարգացած ազգերը ստիպեցին ծանօթանալ իրենց մշակոյթին եւ օգտուիլ իրենց տարբեր տեսակի գրականութիւններէն:
«Չեմ կարծեր, թէ այս ազգերը մեզմէ տարբեր էութենէ գոյացած են, կամ մեր շնորհներէն աւելի յատուկ շնորհներ ունին: Անոնք ունեցան հնարաւորութիւններ ու պայմաններ, որոնց չհանդիպեցանք, արտաքին գործօններուն մասին չեմ խօսիր, սակայն ներքին պայմաններուն եւ հնարաւորութիւններուն հետ կապուած` մենք արժանի ենք սաստիկ այպանումի այն թերացումին համար, որուն մէջ մենք մեզ նետեցինք:
«Այս ազգերէն շատեր մեզի պէս ենթարկուեցան թրքական գրաւումին եւ ատկէ ազատելէն ետք ինկան Ֆրանսայի կամ Անգլիոյ գրաւումին տակ, բայց անոնք մեզմէ արագ էին` եւրոպական արդի կեանքին միանալու: Ճիշդ է, որ անոնք մեզմէ աւելի կարելիութիւններ ունեցան, Եւրոպան ալ օգնեց անոնց` քաղաքական, կրօնական կամ այլ պատճառներով դրդուած, իսկ մենք ճիշդ հակառակը իրականացուցինք, ատոր համար ալ (այդ պատճառով) դարձանք Եւրոպային կեղեքումին եւ ճնշումին նահատակը ու ետ մնացինք:
«Բայց սա մեզ չ՛ազատեր այպանումէն, քանզի մենք չկարողացանք ճիշդ կերպով դիմադրել Եւրոպային, մեզի ընծայուած առիթներէն ճիշդ ձեւով չօգտուեցանք, եւ հարցերուն հետ լրջօրէն ու կորովով չվարուեցանք, այլ անտարբեր էինք ու պաղարիւն, բաւարարուեցանք երեւոյթներով եւ աշխատանքը յետաձգեցինք օրէ օր:
«Եւ ահա մենք հասանք մեր ազատութեան, փոխանակ այս յաղթանակով զօրեղութեամբ մղուէինք դէպի յառաջ, մեր անկախութիւնը ձեռք բերելէ ետք բաւարարուեցանք աշխարհին ջաղացքին աղմուկը լսել տալով, բայց իրականութեան մէջ ոչ մէկ բան աղալով:
«Բաւ չէ բողոքել այս երեւոյթէն, այլ պէտք է սրբագրել զայն, ու բաւ չէ Եգիպտոսի մտաւորականներուն ամօթանք տալը` գրական արտադրութեան սակաւութեան համար, այլ պէտք է ըմբռնենք, թէ ի՛նչ էին պատճառները, որոնք ստիպեցին անոնց այսքան քիչ ստեղծագործել, ապա` կարգի բերել զանոնք, եթէ հնարաւոր է:
«Մեր մշակոյթն ու գրականութիւնը որքան մեղկ ու թերի ըլլայ եւ ինչքան ալ զարգացման կարիքն ունենայ, անիկա ուրոյն է եւ ունի իր իւրայատկութիւնները, որոնցմով կը զանազանուի այլ մշակոյթներէն:
«Այս իւրայատկութիւններէն մին այն է, որ մեր մշակոյթը գոյացած է ու կը կայանայ մեր ազգային միասնութեան հիման վրայ, անիկա խորապէս ու ամրօրէն կապուած է մեր եգիպտական հին ու արդի ինքնութեան հետ: Ան նաեւ կապուած է մեր ապագային հետ, անով մենք կ՛արձանագրենք մեր իտէալներն ու երազանքները:
«Արդ, պէտք է համոզենք մենք զմեզ, թէ որքան ալ դանդաղկոտ եղած ենք, մենք ունինք հզօր ու բերրի ինքնութիւն մը, որ կարող է մեզ ու մարդկութեան համար արարել հաճելին ու օգտակարը:
«Մեզի կը մնայ ընդամէնը անխնամ չթողուլ մշակոյթը` նքողման ու փայտացման դատապարտուած, եւ անոր նուիրենք մեր ամբողջ ուժն ու ճիգը, որպէսզի աճի ու ցոյլափայլի, վերջ ի վերջոյ իր աճն ու ցոլքը մեր աճն ու ցոլքն են, համայն մարդկութեան աճն ու ցոլքը»:


