Ինչպէ՞ս Կարելի Է Ինքնաքննութենէ Ուղղուիլ
Դէպի Վերակազմակերպում
Սփիւռքի վերակազմակերպման պահանջը փաստօրէն դարձած է անյետաձգելի մտահոգութիւն: Սփիւռքի ներկայ վիճակին երկարաձգումը կը նշանակէ սփիւռքի գունաթափումը, կազմալուծումը ու մաշումը: Անհրաժեշտ է հաւաքական ճիգով սփիւռքին նոր կենսունակութիւն ներարկել` զայն դարձնելով համահունչ ներկայ աշխարհի իրականութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն: Բնականաբար սա դիւրին ու հեզասահ աշխատանք մը չէ: Այսօր սփիւռքը կը ներկայացնէ զանազանութիւններու, հակասութիւններու ու անորոշութիւններու խայտաբղէտ պատկեր մը: Հետեւաբար սփիւռքին նկատմամբ կարելի չէ միաձեւ ու միանուագ մօտեցումներ որդեգրել: Գաղութները կ՛ապրին տարբեր միջավայրերու մէջ, իրենց ներքին դրուածքները տարբեր են, կազմակերպչական տարբեր դրութիւններով կը ղեկավարուին ու տարբեր ազդեցութիւններու ենթակայ են: Այլ խօսքով, մեր հաւաքական մտահոգութիւնը, նախանձախնդրութիւնը ու յանձնառութիւնը չեն ենթադրեր անպայման հաւաքական գործընթացի եւ օրակարգի ճշդում: Հարկ է նկատի ունենալ իւրաքանչիւր գաղութ կամ թեմ իր իւրայատկութիւններով, կարիքներով ու առաջնահերթութիւններով` բնականաբար մեկնելով հաւաքական սկզբունքներէ ու նպատակներէ: Մեր հայեցակէտով, յատկապէս հետեւեալ սկզբունքները ու նպատակները պէտք է դառնան առաջնորդող ուղեգիծը եւ մղիչ ուժը սփիւռքի վերակազմակերպման.
– Վերարժեւորման ենթարկել սփիւռքի մէջ ապրող հայու ինքնաճանաչումը` համաշխարհայնացած մշակոյթի լոյսին տակ:
– Հայ կեանքէն ներս առանցքային դերակատարութիւն ունեցող եկեղեցւոյ բարեկարգումը նկատել առաջնային` զայն պատշաճեցնելով ներկայ ժամանակներու ու որոշ չափով միջավայրի իւրայատկութիւններուն ու պայմաններուն:
– Մեր համայնքներէն ներս գործող կազմակերպութիւններու ինքնաքննութիւնը եւ գործունէութեան վերարժեւորումը կատարել նոր հրամայականներու լոյսին տակ:
– Մեր կառոյցներէն եւ ընդհանրապէս հայ կեանքէն հետզհետէ հեռացող երիտասարդութեան հայ կեանքէն ներս ներգրաւումը ապահովել երկխօսութեան ճամբով:
– Հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ կնոջ աւելի լայն ու գործօն դերակատարութիւնը երաշխաւորել:
– Համայնքի կեանքի զանազան մարզերէ ներս մասնագէտներուն ներդրումը դարձնել աւելի աշխուժ ու հետեւողական:
Թեմերու Վերակազմակերպում
Սփիւռքի վերակազմակերպման մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն թեմերը: 2022 «Սփիւռքի տարի»-ի Մեր հռչակագրին մէջ անդրադառնալով թեմերու վերակազմակերպման` ըսինք. «Աւանդական սփիւռքի կեանքը կազմակերպուած է եկեղեցւոյ շուրջ: Իւրաքանչիւր գաղութ եկեղեցին նկատած է իր հաւաքական կեանքին կեդրոնը եւ անոր շուրջ հիմնած` զանազան մարզերու առնչուած իր հաստատութիւնները: Փաստօրէն եկեղեցին չէ կրցած քայլ պահել կեանքի յարափոփոխ պայմաններուն հետ: Եկեղեցւոյ բարեկարգումը հրամայական է: Եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութիւնը նոր որակ ու ոճ պէտք է ստանայ, ու եկեղեցին դառնայ ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքէն ներս: Ուստի, նկատի ունենալով եկեղեցւոյ առանցքային դերը գաղութի մը կեանքին մէջ, գաղութի վերակազմակերպումը հարկ է որ սկսի թեմական կեանքէն»:
Այս համոզումէն մեկնած` կը թելադրենք որդեգրել հետեւեալ մօտեցումը ու գործընթացը .
1) Նպատակ: Կատարուելիք աշխատանքը հարկ է ըմբռնել վարչակազմակերպչական վերակազմակերպումէ անդին` որպէս վերանորոգում ու վերաշխուժացում եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան, ծառայութեան ու առաքելութեան նոր հրամայականներու լոյսին տակ:
2) Մօտեցում: Անհրաժեշտ է մէկ կողմէն նկատի ունենալ մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւններն ու ուսուցումները, եւ միւս կողմէ` տեղական իւրայատուկ պայմանները: Թեմական նեղ սահմաններուն մէջ պէտք չէ կատարուի յիշեալ աշխատանքը, այլ` համագաղութային մակարդակով, նկատի ունենալով նաեւ քոյր կազմակերպութիւններուն տեսակէտը եւ սպասումը: Պատրաստուելիք ծրագիրը պէտք է ըլլայ իրապաշտ, հեռու` տեսական, պատահական ու ժամանակավրէպ մօտեցումներէ:
3) Մասնակիցներ: Սպասելի է, որ առաջնորդ սրբազանին նախագահութեամբ ներկայ աշխատանքին գործնապէս մասնակից դառնան` Ազգ. վարչութիւնը, յարակից մարմինները, հոգեւոր դասը, մասնագէտներ, երիտասարդներ, զանազան կառոյցներու պատասխանատուներ: Բնականաբար իւրաքանչիւր թեմ իր հայեցողութեամբ կը ճշդէ աշխատանքին ընթացքը ու մեթոտը:
4) Գործադրութիւն: Իւրաքանչիւր թեմի կողմէ պատրաստուելիք ծրագիրը հարկ է մշակել որպէս գործադրելի ուղեգիծ եւ ոչ թէ որպէս սոսկ ուսումնասիրութիւն: Հարկ է, որ ծրագրին գործադրութիւնը կատարուի հանգրուանային ընթացքով:
5) Վերակազմակերպման ենթակայ կառոյցներ ու միաւորներ.
Ա.- Ծուխ: Ծուխը հիմքը կը կազմէ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան եւ այս պարագային` թեմին: Թեմը կազմակերպել` կը նշանակէ նախ ծուխը կազմակերպել: Ծուխը պէտք է դառնայ աշխատանքներուն կիզակէտը: Այս նպատակը իրագործելու համար.
Առաջին` յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի հոգեւոր հովիւին: Արդարեւ, հոգեմտաւոր զարգացում ու կոչումի գիտակցութիւն ունեցող եւ իր հօտին հետ մնայուն կապ պահող հոգեւոր հովիւը առանցքային դեր կրնայ ունենալ ծուխի վերակազմակերպման, ծաւալման ու աշխուժացման մէջ: Հոգեւոր հովիւին քարոզները պէտք է ըլլան ամփոփ ու այժմէական: Հոգեւոր հովիւը կոչուած է ճիշդ կերպով ու առաւելագոյն չափով օգտագործել ընկերային ցանցը` ժողովուրդին հետ կենդանի կապ պահելու համար: Այս ծիրէն ներս սուրբգրային խորհրդածութիւնները, սուրբերու եւ տօներու մասին ամփոփ տեղեկութիւններու, ինչպէս նաեւ Ազգ. առաջնորդարանին ու մեր Սուրբ Աթոռին առնչուած գլխաւոր լուրերու փոխանցումը ծուխի ժողովուրդին կը նկատենք անհրաժեշտ: Տնօրհնէքը, զանազան առիթներով ընտանիքներուն այցելութիւնը, եկեղեցւոյ սրահէն ներս կազմակերպուելիք հաւաքները եւս մեծապէս կը նպաստեն եկեղեցի-ժողովուրդ առաւել մերձեցման: Հոգեւոր հովիւը յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնէ դպրաց դասի կազմակերպման ու ընդհանրապէս ծիսակատարման: Անհրաժեշտ է, որ առաջնորդ սրբազանը մօտէն հետամուտ ըլլայ հոգեւոր հովիւի գործունէութեան: Հոգեւոր դասի յատուկ հաւաքներու կազմակերպումը, հոգեւոր հովիւներու աշխատանքին յատուկ ուղեգիծի ճշդումը, պարբերաբար հովիւներու այլ ծուխեր տեղափոխութիւնը կրնան դրական դեր ունենալ ծուխերու եւ ընդհանրապէս թեմի կեանքին ու առաքելութեան աշխուժացման մէջ:
Երկրորդ` հոգեւոր հովիւին կողքին, հոգաբարձութիւնը եւս կարեւոր դեր ունի կատարելիք ծուխի հզօրացման մէջ: Հետեւողական ճիգ պէտք է թափել երիտասարդացնելու հոգաբարձական կազմերը` նուիրեալ ու աշխատունակ անձեր պաշտօնի կոչելով: Հոգաբարձական կազմերէն ներս տիկիններու ներկայութիւնը կենսական է: Հոգաբարձութիւնը առաջնորդ սրբազանին հետ խորհրդակցաբար, պէտք է մօտէն հետեւի հոգեւոր հովիւի աշխատանքներուն: Հարկ է, որ հոգեւոր հովիւը նախագահէ հոգաբարձութեան ժողովներուն ու մասնակից դառնայ ճշդուած ծրագիրներու իրագործման:
Երրորդ` Ներդաշնակ ու սերտ գործակցութիւնը ծուխին եւ Ազգ. առաջնորդարանին միջեւ հրամայական է: Թեմը ծուխերու ամբողջութիւնն է: Ծուխը համարատու է առաջնորդ սրբազանին ու Ազգ. վարչութեան: Այս շրջագծէն ներս անհրաժեշտ է մէկ կողմէն ամուր պահել համարատուութիւնը Ազգ. առաջնորդարանին նկատմամբ, եւ միւս կողմէն` յարգել որոշ սահմաններէն ներս ծուխի ներքին ազատութիւնը, նկատի ունենալով երբեմն ծուխերուն ունեցած աշխարհագրական հեռաւորութիւնը եւ տարբեր պայմանները:
6) Վերաշխուժացման կարօտ մարզեր.
Ա.- Քրիստոնէական դաստիարակութիւն: Հարկ է, որ յատուկ կարեւորութիւն տրուի քրիստոնէական դաստիարակութեան թէ՛ թեմական եւ թէ՛ ծխային մակարդակներու վրայ: Բնականաբար ծրագրումի ու աշխատանքի կեդրոնը հարկ է ըլլայ Ազգ. առաջնորդարանը: Սակայն ներդաշնակութիւն մը պէտք է ստեղծուի Ազգ. առաջնորդարանին ու ծուխին միջեւ` բնականաբար միշտ նկատի ունենալով տեղական պայմանները: Ժողովրդային հրատարակութիւնները (աղօթք, սուրբերու կեանք, աստուածաշնչական խորհրդածութիւն եւ այլն) կը նկատենք կարեւոր: Սուրբ Գրոց սերտողութիւնը անհրաժեշտ է նոր մեթոտներով կատարել, ինչպէս նաեւ` յատուկ տեղ տալ մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն, աւանդութիւններուն, դաւանական ու բարոյական ուսուցումներուն եւ ներկայ ընկերութեան հետ աղերս ունեցող ընկերաբարոյական հարցերուն: Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերակազմակերպումը ու անոնց գործունէութեան ծաւալումը, մեր վարժարաններէն ներս կրօնագիտական նիւթերու դասաւանդումը ու բարոյախօսական պահերու հաստատումը կը նկատենք խիստ հրամայական` մեր նոր սերունդներու քրիստոնէական ու հայեցի կազմաւորման իմաստով:
Բ.- Ընկերային ծառայութիւն: Ընկերային ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր տարածքներէն մէկն է: Այս աշխատանքը առաւելաբար ուղղուած կրնայ ըլլալ` մարդասիրական բնոյթ ունեցող պարագաներու, հիւանդներու, բանտարկեալներու եւ կամ նոր հաստատուած ընտանիքներու: Եկեղեցին պէտք է միշտ պատրաստ ըլլայ իր խնամքին յանձնուած հօտի ընկերային զանազան կարիքներուն առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալու: Այս շրջագծէն ներս հոգեւոր հայրերու կողմէ հիւանդանոցներու ու ծերանոցներու հետեւողական այցելութիւնը կենսական է:
Գ.- Երիտասարդութիւն: Երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելը առաջնահերթութիւն է: Հարկ է, որ այս ուղղութեամբ յատուկ ծրագիրներ պատրաստուին եւ Ազգ. առաջնորդարանի եւ ծուխերուն կողմէ համադրուած կերպով իրականացուին` երիտասարդներուն մասնակցութեամբ: Երիտասարդ տարրեր հարկ է նշանակել թեմական բոլոր մարմիններէն ներս: Պէտք է երկխօսութիւն ստեղծել երիտասարդութեան հետ ու վստահիլ անոնց` փոխանակ զանոնք հեռու պահելու մեր կառոյցներէն ու ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքէն:
Դ.- Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւն: Ներկայ աշխարհին մէջ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւնը դարձած է անհրաժեշտութիւն: Գրեթէ բոլոր թեմերէն ներս կը գտնուին քրիստոնեայ եւ այլ կրօններու պատկանող համայնքներ ու կազմակերպութիւններ: Հետեւաբար կարեւոր կը նկատենք անոնց հետ թեմին յարաբերութիւնը: Փոխադարձ այցելութիւնները ու կարեւոր ձեռնարկներու մասնակցութիւնը մեծապէս կը նպաստեն յարաբերութեան ամրապնդման:
7) Գործակցութիւն Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն հետ: Մեր Սուրբ Աթոռը միշտ դրական գործակցութիւն ունեցած է մեր ազգին անբաժան մասը նկատուող եւ մեր համայնական կեանքին մէջ գործող ու ծառայող Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն հետ: Անհրաժեշտ է, որ նոյն ոգիով գործակցութիւնը ներդաշնակ ու համադրուած կերպով շարունակուի ծխային թէ թեմական ծիրէն ներս, մասնաւորաբար` համահայկական ու ներգաղութային ընդհանրական խնդիրներուն շուրջ:
8) Գործակցութիւն քոյր կազմակերպութիւններուն հետ: Թեմերէն ներս գործող կազմակերպութիւններուն հետ գործակցութիւնը հրամայական է: Թեմը գաղութէն անկախ միաւոր մը չէ, թեմը ժողովուրդն է: Հետեւաբար ժողովուրդի կեանքին մէջ ծառայող կազմակերպութիւններուն հետ Ազգ. առաջնորդարանին` թեմական մակարդակի վրայ, եւ ծուխին` ծխային մակարդակի վրայ, սերտ գործակցութիւնը մեծապէս կրնայ նպաստել գաղութին վերակազմակերպման: Այս հեռանկարով թելադրելի է, որ թեմի վերակազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակից դառնան նաեւ քոյր կազմակերպութիւնները:
9) Վարչակազմակերպչական: Շրջաններու պայմաններուն համաձայն, հաստատել նոր ծուխեր եւ անհրաժեշտութեան պարագային` մեծ ծուխերը ներքին բաժանումներու ենթարկել: Ի հարկին ստեղծել առաջնորդական փոխանորդութիւններ թէ՛ հեռաւոր շրջաններու յատուկ եւ թէ՛ առաջնորդարանէն ներս` յատուկ առաքելութիւն յանձնելով փոխանորդին: Ազգ. վարչութիւնը իր կողքին պէտք է ունենայ կրթական, տնտեսական ու կալուածական եւ, ի պահանջել հարկին, այլ մասնագիտական յանձնախումբեր, որպէսզի իր աշխատանքը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու համապարփակ:
10) Կանոնագրային: Հակառակ այն իրողութեան, որ թեմերու կանոնագրութիւնները ենթակայ են մնայուն բարեփոխութեան, այդուհանդերձ, անոնք կարիքը ունին իրապաշտ մօտեցումով վերանայման` նկատի ունենալով թէ՛ թեմերէն եւ թէ՛ շրջապատէն ներս տեղի ունեցող արագ փոփոխութիւնները:
Ահաւասիկ` ընդհանուր գծերով Մեր պատկերացումը թեմերէն ներս կատարուելիք վերակազմակերպչական աշխատանքներու գծով: Ներկայ տարուան ընթացքին յաջորդաբար պիտի այցելենք մեր թեմերը եւ, նախապէս ճշդուած օրակարգի համաձայն, աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենանք առաջնորդ սրբազաններուն, հոգեւոր դասուն ու Ազգ. իշխանութեանց հետ: Յաջորդող տարին թեմերու պատասխանատու մարմինները պիտի այցելեն Անթիլիասի մայրավանք եւ իրենց աշխատանքներուն մասին պիտի զեկուցեն Մեզի ու Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան Խառն Ժողովին: Քննարկումի, խորհրդակցութեան ու ծրագրումի աշխատանքներուն պիտի յաջորդէ գործադրումի գործընթացը: Նշեալ ծրագրին իրականացումը մեր Սուրբ Աթոռի ժամանակակից պատմութեան մէջ մեծ իրագործում մը պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ ազդանշանը ու ուղենիշը պիտի դառնայ ողջ սփիւռքի վերակազմակերպման: Արդ, մեր դիմաց կը գտնուի իրագործելի հսկայ ու անյետաձգելի աշխատանք մը, որուն, Աստուծոյ օրհնութեամբ, մեր թեմերը կոչուած են լծուելու հաւաքական ճիգով եւ պատասխանատու ոգիով ու բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութեամբ:
Ձեզի կը մաղթենք յաջողութիւն:
Հայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
1 յունուար 2023
Անթիլիաս, Լիբանան
(Շար. 2 եւ վերջ)