Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երեւանի Մէջ Ներկայացուեցաւ «Ատենագրութիւն Քաղաքական Ժողովոյ Ատանայի» Գիրքը
12 յունուարին Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Ատենագրութիւն Քաղաքական ժողովոյ Ատանայի» հատորին, որուն լոյս ընծայումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն ու Մատենադարանը սկիզբ կը դնեն կաթողիկոսութեան թեմերուն վերաբերող գործերու բնագիրներու պատրաստութեան ու հրատարակութեան:
Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեանի խօսքով, այսօր հասարակական գիտութիւնները, յատկապէս` պատմագիտութիւնը, քաղաքականութեան գերին դարձած են: Ըստ անոր, երբեմն արեւի լոյսի պէս պարզ եւ յստակ տեղեկութիւններն անգամ կասկածի տակ կը դրուին: «Արխիւային փաստաթուղթերը, վաւերագիրներն ալ աւելի մեծ նշանակութիւն կը ստանան յատկապէս այն տարածաշրջաններուն մէջ, որոնք հայաթափուած են, իսկ այս գիրքը կ՛անդրադառնայ 20-րդ դարու սկիզբի Ատանայի հայութեան ներքին կեանքին: «Ատենագրութիւն Քաղաքական ժողովոյ Ատանայի» գիրքին մէջ տասը տարուան պատմութիւնն է», շեշտեց ան եւ աւելցուց, որ գիրքը Մատենադարանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ ձեռք բերուած համագործակցութեան համաձայնագիրի գործնական արդիւնքն է:
Նախատեսուած են ո՛չ միայն հրատարակչական, այլեւ այլ բնագաւառներու մէջ աշխատանքներ` միացեալ հետազօտութիւններ, Անթիլիասի մէջ պահուող ձեռագիրներու հրապարակում, վերականգնում եւ այլն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանի հաւաստիացմամբ, հատորը ունի աղբիւրագիտական արժէք: «Այն կը նկարագրէ 1905-1915 թուականներուն հայ ժողովուրդի ներքին կեանքը, դժուարութիւնները, տագնապները, Կիլիկիոյ մէջ մեր գոյութեան ու գործունէութեան ապացոյցները: Կարեւոր է նաեւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան համար: Այս գիրքին մէջ Հայ եկեղեցւոյ, որ ունի նուիրապետական չորս աթոռներ` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութիւն, պատմութեան ուսումնասիրութեան ժամանակակից նիւթերն են: Ներկայացուած են ազգային սահմանադրութեան գործնական արտայայտութիւնները, թէ ի՛նչ է ազգային սահմանադրութիւնը եւ ինչպէ՛ս կը կիրառուի ազգային կեանքը կազմակերպելու մէջ», շեշտեց Շահան արք. Սարգիսեանը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցած են գիրքի հրատարակութեան մէջ:
Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Մատենադարանի աշխատակից Արմէն Մալխասեանը ըսաւ, որ աշխատութիւնը կ՛ընդգրկէ 1905 թուականի մարտ 2-էն մինչեւ 1915 թուականի ապրիլ 10-ը ինկած ժամանակահատուածի արձանագրութիւնները, որոնք Ատանայի հայոց թեմի առաջնորդութեան ներքեւ ապրող բնակչութեան ազգային կեանքը արտացոլացնող ու ատանահայութեան ժողովրդավարութեան մակարդակի մասին վկայող բացառիկ փաստագիրներէն են:
«Գիրքը կը բովանդակէ նաեւ Կրօնական ժողովի եւ Տնտեսական խորհուրդի միացեալ խառն նիստերու արձանագրութիւններ: 1909 թուականի մարտ 1-էն մինչեւ 1910 թուականի յունուար 1-ը Քաղաքական ժողովի նիստերը տեղի չեն ունեցած, ինչը համաձայնուած է 1909 թուականին Ատանայի եւ Հալէպի նահանգներուն մէջ տեղի ունեցած կոտորածներով եւ անոնց յաջորդող` ատանահայութեան ծանր վիճակով: Հրատարակութիւնը վերջաւորութեան ունի ծանօթագրութիւններ` մարդոց, վայրերու, հաստատութիւններու, նաեւ` յօդուածներ, օտար բառերու բացատրութիւններ եւ այլն, ինչպէս նաեւ` անձնանուններու, տեղանուններու, օգտագործած գրականութեան ցանկեր եւ առարկայական ցուցիչ», պատմեց Մալխասեանը:
Գիրքը լոյս տեսաւ «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամին աջակցութեամբ:
ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը Ամանորեայ Նուէրներով Աշան Գիւղին Մէջ Էր
Հակառակ Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր կացութեան` ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը: Միութեան անդամները ամանորեայ նուէրներով այցելեցին Աշան գիւղ: Պատասխանատուներու խօսքով, նպատակը այս անորոշութեան մէջ երեխաներուն տրամադրութիւնը բարձրացնելն ու ոգեւորելն էր:
Ծրագիրը աւանդաբար կեանքի կոչուած էր սփիւռքահայ, դաշնակցական Սերոբ Պօղոսեանի հովանաւորութեամբ:
«Ամանորեայ նուէրներ` Մարտունիի շրջանի Աշան գիւղի երեխաներուն համար:
Հակառակ Արցախի շրջափակման, այնումաենայնիւ, այս տարի եւս ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ կեանքի կոչուեցաւ ամանորեայ նուէրներու ծրագիրը:
Արդէն աւանդութիւն դարձած է Աշան գիւղի մանկապարտէզի եւ դպրոցի աշակերտներուն ամանորեայ նուէրներու տրամադրումը, որ կը հովանաւորուի սփիւռքահայ ընկեր Սերոբ Պօղոսեանի ընտանիքին կողմէ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Սերոբ Պօղոսեանին` Արցախի երեխաները մնայուն ուշադրութեան առարկայ դարձնելու համար, իսկ այս իրավիճակին մէջ երեխաները ոգեւորելը ամէնէն կարեւորն էր»:
«Ներսէս Շնորհալի` Բազմաշնորհ Հայրապետը» Խորագրով Հայագիտական Միջազգային Գիտաժողով Եւ Ներսէս Շնորհալիի «Մատենագիրք Հայոց» ԻԲ. Հատորի Հրատարակութիւն
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի նախաձեռնութեամբ 2022 թուականի աւարտին հրատարակուած է Ներսէս Շնորհալիի «Մատենագիրք հայոց» ԻԲ. հատորը:
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ հրատարակութիւնը նուիրուած է միջնադարու մեծ մտածող, բանաստեղծ, աստուածաբան եւ շարականագիր Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակին:
Հատորը կ՛ընդգրկէ Շնորհալիի արձակ գործերը` թուղթերը, սուրբգրային մեկնութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր խմբագրած թարգմանութիւնները` ամբողջացնելով մատենագիրին ձգած ամբողջ գրաւոր ժառանգութիւնը: Այս հատորին նպատակը Ներսէս Շնորհալիի դարաւոր ժառանգութեան ամբողջացումն ու հանրայնացումն է:
Միջնադարու մեծ մտածող, բանաստեղծ, աստուածաբան ու շարականագիր Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-ամեակը ընդգրկուած է նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2022-2023 թուականներու օրացոյց»-ին մէջ:
Մատենադարանը` իբրեւ միջնադարեան հայ գրաւոր մշակոյթի կարեւորագոյն կեդրոն, այս յոբելեանին առիթով ծրագրած է շարք մը ձեռնարկներ, որոնց շարքին` «Ներսէս Շնորհալի` բազմաշնորհ հայրապետը» խորագրով հայագիտական միջազգային գիտաժողով, որ նպատակ ունի վերարժեւորել ու նորովի գնահատել Ներսէս Շնորհալիի եւ անոր մատենագրական ժառանգութեան բացառիկ դերն ու նշանակութիւնը հայ միջնադարեան գրականութեան եւ մշակոյթին մէջ:
Մատենադարանէն յայտնեցին, որ գիտաժողովը արդիւնաւէտ հարթակ պիտի հանդիսանայ համախմբելու հայ եւ օտար անուանի հայագէտները, երիտասարդ եւ աւագ սերունդի հետազօտողները, անդրադառնալու` Շնորհալիի ձգած բազմաբնոյթ եւ բազմաշերտ մատենագրական ժառանգութեան, համաքրիստոնէական եւ համամարդկային գաղափարներուն, գնահատելու ոլորտի ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ` նոր չափանիշներ եւ ուղղութիւններ նախանշելու շնորհալիագիտութեան ասպարէզին մէջ:
Հաղորդենք, որ գիտաժողովը պիտի իրականանայ այս տարուան 21-23 յունիսին, Մատենադարանին մէջ, իսկ դիմումնագիրները եւ զեկուցումներու ամփոփումները պիտի ընդունուին մինչեւ 31 յունուար:
14 Երեխայ Կը Գտնուի Արցախի Մանկական Հիւանդանոցի Նորածնային Եւ Վերակենդանացման Բաժանմունքներուն Մէջ. Արցախի Տեղեկատուական Շտապ
14 երեխայ կը գտնուի Արցախի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ: Այս մասին նշուած է Արցախի տեղեկատուական շտապի ամէնօրեայ տեղեկագրին մէջ:
Ըստ տեղեկագրին, 9 չափահաս բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, որոնցմէ 5-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է:
Արդէն 132 երեխայ ծնած է շրջափակման մէջ:
Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող առողջապահական բոլոր հաստատութիւններուն մէջ ծրագրուած վիրահատութիւններու դադարեցման պատճառով մօտաւորապէս 400 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու կարելիութենէն:
Մինչեւ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 28 հիւանդ` համապատասխան բուժում ստանալու համար:
Տեղեկագիրին մէջ նշուած է, որ 726 հաստատութիիւններ (ընդհանուրի 17,7%-ը) շրջափակման պայմաններու մէջ աշխատելու անհնարինութեան պատճառով կասեցուցած են իրենց գործունէութիւնը:
Ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակին պատճառով նախնականօրէն առնուազն 3 հազար 400 մարդ կորսնցուցած է իր աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը:
Աւելի քան 14 հազար թոն կենսական նշանակութեամբ ապրանքներ կը մակատարարուէին Արցախ, եթէ չըլլար շրջափակումը, որուն ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ մատակարարուեցան անոր միայն չնչին մասը:
«Արեւային Դպրոցներ Արցախի Մէջ». Նոր Ծրագիրին Մեկնարկը
«Ռէարմենիա» հարթակը եւ «Վիւն» գործակալութիւնը միասին նախաձեռնեցին «Արեւային Արցախ» ծրագիրը, որուն նպատակը Արցախի մէջ արեւային ուժանիւթի օգտագործումն է:
Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուց «Վիւն» գործակալութեան տնօրէն Կարապետ Թոմիկեանը:
«Ռէարմենիա» հարթակը դիմումնագիր ներկայացուց «Հաւասար հնարաւորութիւն» հասարակական կազմակերպութեան եւ Մարտունիի երիտասարդական կեդրոնին: Անոնք առաջարկեցին «Արեւային դպրոցներ Արցախի մէջ» նախագիծի իրագործումը ու այդպէս ալ կեանքի կոչուեցաւ: Նախագիծի ծիրին մէջ նախատեսուած է Մարտունիի Ճարտար, Քերթ, Սպիտակաշէն, Բերդաշէն համայնքներու, ինչպէս նաեւ քաղաք Մարտունիի դպրոցներուն մէջ տեղադրել արեւային կայաններ, որոնք կը մատակարարեն մնայուն եւ անվճար ելեկտրականութիւն ոչ միայն դպրոցներուն, այլ նաեւ` յարակից հանրային կառոյցներուն: Կ. Թոմիկեան նաեւ յայտնեց, որ նախագիծի ընդհանուր արժէքը կը կազմէ մօտաւորապէս 29 միլիոն դրամ:
Ան տեղեկացուց, որ նախագիծի մեկնարկի ժամանակ Արցախը տակաւին շրջափակման մէջ չէր, եւ ծրագիրը հաւանութեան արժանացաւ, որովհետեւ պատերազմէն ետք, յատկապէս` Արցախի մէջ, արդիական է արեւային ուժանիւթի օգտագործումը:
«Պատերազմի ժամանակ նոյն Մարտունիի շրջանի ամբողջ ուժանիւթային համակարգը վնասուած էր, եւ հոսանքի անջատումները պարբերական, երկարատեւ բնոյթ կը կրէին: Արեւային կայանները ունին երկու կարեւոր բաղադրիչ` ուժանիւթի խնայողութիւնն ու ուժանիւթի անկախութիւնը, որոնք կ՛ապահովեն մարտկոցները: Անոնք կրկնակիօրէն սուղ են, եւ շատ մը պարագաներու մարտկոցներով տարբերակը նպատակայարմար չէ: Մեր նախատեսած հինգէն` Սպիտակաշէն համայնքի կայանը եւս մարտկոցով պիտի ըլլայ եւ պիտի ունենայ ուժանիւթի անկախութիւն: Եւ Սպիտակաշէնը, ըստ էութեան, որեւէ ճգնաժամային իրավիճակի մէջ պիտի կարողանայ մշտապէս ուժանիւթ ունենալ, որմէ կրնան օգտուիլ նաեւ յարակից բնակավայրերը», մանրամասնեց տնօրէնը:
Ըստ Կ. Թոմիկեանի, աշխատանքը կ՛իրականացուի փուլային տարբերակով: Առաջին կայանը կը տեղադրուի Քերթի դպրոցին մէջ, երկրորդը` Սպիտակաշէնի, յաջորդաբար` Բերդաշէնի եւ Ճարտարի, իսկ աւարտին` քաղաք Մարտունիի դպրոցին մէջ:
«Այս պահուն Քերթի դպրոցի կայանի գումարը արդէն ունինք, սակայն Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհին փակման պատճառով կայանի տեղադրումը կ՛ուշանայ, որովհետեւ կայանները պէտք է ներածուին: Հիմա մենք անհրաժեշտութիւն ունինք գումարը ամբողջութեամբ հաւաքելու, որպէսզի ճանապարհը բացուելուն պէս կարենանք գործընթացը իր աւարտին հասցնել», ըսած է գործակալութեան տնօրէնը` գործին աջակցիլ փափաքողներուն յորդորելով միանալ ծրագիրը կեանքի կոչելու կարեւոր գործին: