Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համահայկական Զօրաշարժը` Պետութեան «Անհետացման» Վտանգի Առկայութեան

Յունուար 18, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծապետական Հակամարտութեան Վերադարձը
Եւ Եւրասիոյ Կովկասեան Ծայրամասը

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այդ մէկը չէր կրնար իր անդրադարձը չունենալ հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն վրայ: Զուգադիպութիւն թէ ոչ, այսպէս կոչուած Լավրովի ծրագիրը այդ նոյն տարիներուն էր, որ սեղանի վրայ դրուեցաւ, թէեւ այդ մասին հանրային կարծիքը իմացաւ շատ աւելի ուշ եւ երբեք ամբողջականօրէն: Կովկասի մէջ իր միակ դաշնակից Հայաստանի հետ Մոսկուայի յարաբերութիւններու փոփոխութիւնը առաջին անգամ տեսնուեցաւ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին, երբ այդ օրերուն Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ շնականաբար յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ զէնք վաճառել Ազրպէյճանին: Այդ ժամանակ արդէն Մոսկուա սկսած էր Ազրպէյճանը իրեն մօտեցնելու իր ճիգին, որուն համար Ազրպէյճանի գլխաւոր դաշնակից Թուրքիոյ դարպասումը գրեթէ անխուսափելի էր: Քառօրեայ պատերազմին Ռուսիոյ վարքագիծը կարեւոր է ի մտի ունենալ, որովհետեւ այն կը բացայայտէ, թէ որքան ալ որ Հայաստանի մէջ Ապրիլ 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւնները խանգարուած են օրին նոր իշխանութիւններու ապիկարութեան, բայց նաեւ որոշ ղեկավար դէմքերու բացայայտ հակառուսականութեան պատճառով, այդուհանդերձ, Թուրքիոյ հետ մերձեցումը անկախ է Հայաստանի հետ Մոսկուայի յարաբերութիւններէն, ոչ այս վերջիններով պայմանաւորուած:

Աւելի՛ն. այդ օրէն մինչեւ 2020-ի քառասունչորսօրեայ պատերազմ եւ անոր յաջորդած երկու տարիներուն Ռուսիա ոչ մէկ ազդանշան կու տայ Թուրքիոյ, թէ՛ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ իր գլխաւոր դաշնակիցին շահերու, թէ՛ տեսակէտներու նկատառման ուղղութեամբ: Նոյնիսկ ազրպէյճանական ռազմական գործողութիւնները, ընդհուպ` մինչեւ պատերազմ, Հայաստանի դէմ Մոսկուայի կողմէ կ՛արժանանան հաւասարակշռուած բանաձեւումներու: Եւ թերեւս Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու առկայութիւնը` որպէս միակ երաշխիք արցախցիներու գոյութեան, եւ անոր զուգահեռ Աղտամի մէջ ռուս-թրքական դիտորդական կեդրոնը լաւագոյն պատկերն են երկու երկիրներուն համագործակցութիւն/մրցակցութիւն ռազմավարական յարաբերութիւններու ձեւաչափին: Պատկերը կտրուկ հակասութիւն է 1993-ին ի դէմս Թուրքիոյ սպառնալիքին միջամտելու արցախեան առաջին պատերազմին Մոսկուայէն եկած կտրուկ ազդարարութեան, ընդ որում` կը զգուշացնէր երրորդ համաշխարհային պատերազմի մը առիթ չտալու մասին: Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու երաշխիքը ունի իր պայմանաժամը` հինգ տարի, ըստ 9 նոյեմբեր 2020-ի չարափաստիկ համաձայնագրի, որոնցմէ երկուքը Հայաստանը արդէն մսխեց նախ 2021 յունիսի արտահերթ ընտրութիւններով, ապա` «տարածաշրջանային խաղաղութեան դարաշրջան»-ի իր չնաշխարհիկ ծրագրի առաջ մղումով եւ ներքաղաքական լարուածութեան սրումով: Աղտամի մէջ ռուս-թրքական դիտորդներու միացեալ կեդրոնին պայմանաժամը յայտնի չէ:

Ռուս-թրքական մերձեցման ռազմավարական բանականութեան կողքին կայ նուազ կարեւոր, բայց գոնէ խորհրդանշականօրէն ոչ անտեսելի գաղափարախօսական գործօն մը եւս: Փութինի աշխարհահայեացքի գլխաւոր տեսաբան Ալեքսանտր Տուկինի եւրասիականութիւնը ռուս հաւաքական ինքութեան մէջ կը մէկտեղէ սլաւոնական եւ թրքական ազգութիւնները, ինչ որ յատկանշականօրէն կը տարբերի Փութինի սկզբնական ճիգէն` ռուսական ինքնութիւնը միաձուլելու Ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ, ինքզինք ներկայացնելու որպէս քրիստոնէական արժէքներու պահապան, եւ մինչեւ իսկ այդ դիրքով հանդէս գալու` որպէս միջազգային բեմին վրայ քրիստոնէութեան պաշտպան: Այս վերջինը գործնական իմաստով որեւէ նախաձեռնութեան չյանգեցաւ, այդուհանդերձ, Փութինի պահպանողականի վարկը բարձր էր մինչեւ իսկ Միացեալ Նահանգներու քրիստոնեայ ազդեցիկ շրջանակներու մէջ: Ուքրանական պատերազմը, ի մէջ այլոց, զօրաւոր հարուած տուաւ Փութինի Քրիստոնէութեան պաշտպանի պատկերին: Աւելի քան 580 միլիոն քրիստոնեաներ համախմբող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը, օրինակի համար, դատապարտեց Ռուսիոյ դերակատարութիւնը Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ եւ այպանեց Ռուս ուղղափառ եկեղեցին` այդ պատերազմը արդարացնող կրօնական լեզուի եւ հեղինակութեան գործածութեան համար: Քրիստոնեայ աշխարհի մէջ Ռուսիոյ վարկազրկումը ռազմավարական այլ հարուած մըն է, որ կարծես Մոսկուա չէր նախատեսած, «փափուկ ուժ»-ի կիրարման ամբողջ դաշտ մը, որ կամայ թէ ակամայ անտեսելու սխալը գործեց Փութին:

Ուքրանական պատերազմը Ռուսիոյ համար Թուրքիոյ դերը աւելի կարեւոր դարձուց, ի մասնաւորի` իր անյաջողութիւններու սկիզբէն ի վեր: Ոչ միայն Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական դիրքին բերումով եւ/կամ որպէս միջնորդ երրորդ կողմ, այլ որովհետեւ Թուրքիան նաեւ ապահով վայր մըն է ռուս օլիկարխներու ունեցուածքը, ներառեալ` բազմամիլիոնանոց նաւեր, պահելու եւ առաջքը առնելու, որ բռնագրաւուին Ռուսիոյ դէմ առնուած պատժամիջոցներու առ ի գործադրութիւն: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ Թուրքիոյ դիրքերը Ռուսիոյ հետ իր համագործակցութիւն/մրցակցութիւն ձեւաչափին մէջ պիտի զօրանան, եւ Անգարա ի վիճակի պիտի ըլլայ պայմանաւորելու Կովկասի մէջ որեւէ բանակցային գործընթաց, ինչպէս արդէն կ՛ընէ Ազրպէյճան-Նախիջեւան միջանցքի պահանջով, զոր մերժելու կարծես որոշում, կարողութիւն կամ մինչեւ իսկ տրամադրութիւն չունի Մոսկուա:

Թէ մինչեւ ո՛ւր կրնայ հասնիլ Մոսկուայի հանդուրժողականութիւնը փանթրքականութեան յառաջընթացին Կովկասի մէջ, շատ բարդ հարցում մըն է: Անոր ամէնէն մտահոգիչ պատասխանը պիտի ըլլայ այն, որ այդ մէկը հիմնականօրէն կախում ունի փանթրքական ծաւալապաշտութիւնը զսպելու իր կարողութենէն: Սակայն պէտք չէ բացառել Մոսկուայի մէջ որոշումներու կայացման բարձրագոյն շրջանակներու մէջ այդ մասին ազդարարող գործօններու կամ դերակատարներու բացակայութիւնը: Խորհրդային ժամանակներէն գիտենք տարբերութիւնը Քրեմլին հասած հայ եւ ազրպէյճանցի ղեկավար դէմքերու, ըսենք` Միկոյեան եւ Ալիեւ, նախանձախնդրութիւնը իրենց ազդեցիկ այդ դիրքէն հանդէս գալու ի խնդիր իրենց երկրի ու ժողովուրդի շահերուն… Տակաւի՛ն, բարձր մակարդակով թրքագէտներ Հայաստանի մէջ չեն պակսիր, բայց հազուագիւտ են կարծես Ռուսիոյ ներքին, տարածաշրջանային թէ միջազգային քաղաքականութեան մասնագէտները:

Ռուս-թրքական մերձեցումն ու անոր վտանգաւոր հետեւանքները Հայաստանի եւ Արցախի համար չեն ենթադրեր անտեսումը ռուսական աշխարհաքաղաքական գործօնի որպէս ե՛ւ առայժմ անշրջանցելի դաշնակից, որմէ կախեալ է առնուազն Արցախի բնակչութեան գոյութենական շարունակականութիւնը, ե՛ւ այդ դաշնակիցին հետ խորացող վտանգաւոր կախուածութիւն: Բացի եթէ մենք մեզ խաբենք, որ ցեղասպան Թուրքիոյ հետ «չթշնամանք»-ը կը բացառէ հայութեան բնաջնջման իր տրամադրուածութեան շարունակութիւնը տարբեր ձեւերով: Կամ ալ կարծենք, որ Արեւմուտքի անհրաժեշտ ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ` որպէս երաշխիք բազմակողմանի արտաքին յարաբերութիւններու, կրնայ վերաճիլ ռազմաքաղաքական դաշինքի: Երկու համոզումներուն հետեւող եւ անոնց հիման վրայ հանրային կերպով արտայայտուող ու գործող խորհրդարանական թէ արտախորհդարանական քաղաքական ուժեր եւ դէմքեր կան: Արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ ռուսական աշխարհաքաղաքական գործօնը Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայկական հանրային կարծիքին մօտ հազուադէպօրէն իր բարդութեան ծաւալով մասնագիտական բանավէճերու առիթ կու տայ: Գոնէ հանրային ոլորտին մէջ, ինչ որ ամէնէն աւելի տեսանելի է կարծիքներու թէ կեցուածքներու փրօ/հակա Ռուսիա ամուլ երկբեւեռացում մըն է, իսկ քաղաքական վերնախաւի մօտ անհեթեթ մրցակցութիւն մը` ամէնէն աւելի հաճոյանալու Մոսկուայի կարծես այն համոզումով, որ Քրեմլինի համար Երեւանի մէջ իշխանութեան վրայ գտնուող որեւէ քաղաքական ուժի զօրակցելու համար կայ այդ ուժին կողմէ իր թելադրանքներուն եւ քաղաքականութեան չհակադրուելու պայմանէն անդին անցնող որեւէ գործօն, յատկանիշ կամ անձնական համակրանք ու յարաբերութիւն:

Այս ներքաղաքական բեւեռացած մթնոլորտը կար դեռեւս քառասունչորսօրեայ պատերազմէն առաջ, բայց խորացաւ անկէ ետք եւ չի հեշտացներ հիմնականօրէն արտաքին գործօնի (մեծապետական հակամարտութեան վերադարձ, ռուս-թրքական ռազմավարական մերձեցում եւ Ուքրանիոյ պատերազմով Եւրասիոյ նախկին խորհրդային տարածքի եւ անոր կովկասեան ծայրամասի անկայունացում) պատճառով Հայաստանի նման փոքր եւ խոցելի պետութեան մը «անհետացման» գործընթացին գէթ վերահսկումը, այսինքն` երկրի ճակատագիրը որոշող գործընթացներու մէջ նախաձեռնողական եւ ոչ միայն հետեւողականական մասնակցութիւն ունենալ: Իշխանութեան վրայ գտնուող ուժը, որ յունիս 2021-ի ընտրութիւններով պահած է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, ինքնիրեն իրաւունք կրնայ տալ այն ինքնավստահութիւնը, ընդ որում, առանց ընդդիմութեան հետ փոխհասկացողութեան հասնելու, կրնայ նման նախաձեռնողականութիւն ունենալ: Բայց այդ մէկը պարզապէս ինքնախաբէութիւն է եւ ոչ մէկ երաշխիք` ընդդէմ պետութեան յաւելեալ տկարացման եւ երկրի խոցելիութեան խորացումին: Այլ խօսքով, սահմանադրականօրէն իշխող մեծամասնութիւնը կրնայ ենթադրել, որ պետութիւնը կը գործէ, բայց այդ մէկը չի բացառեր պետութեան «անհետացումը»:

Պահ մը մէկ կողմ ձգենք 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի համաձայնագիրը ստորագրած պարտութեան պատասխանատուին անմիջական հրաժարականին եւ խորհրդարանական հետաքննիչ յաձնաժողովի մը կազմութեան կենսական անհրաժեշտութեանն օրուան հրամայականը, որուն մասին բազմիցս խօսուած է: Քառասունչորսօրեայ պատերազմէն ետք, եւ գիտակից` երկրի խոցելիութեան կտրուկ խորացման, հայրենի քաղաքական վերնախաւը երեք հիմնական նախաձեռնութիւններու պիտի դիմէր` ներքաղաքական համաձայնութիւն ճշդելու համար ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ուղին, պաշտպանական համակարգի վերակազմակերպում ի մտի ունենալով, որ եռակողմանի համաձայնագիրը միայն զինադադար է, եւ թշնամին աւելին պիտի ուզէ, եւ Սփիւռքի ներգրաւում` համաշխարհային մակարդակով թուրք-ազրպէյճանական քարոզչական արշաւին դիմակայելու եւ միջազգային բեմին վրայ հայկական դիւանագիտութեան զօրակցելու նպատակով: Յունիս 2021-ի արտահերթ ընտրութիւններն ու անոնց արդիւնքով ձեւաւորուած խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութիւնը, «տարածաշրջանի խաղաղութեան դարաշրջան»-ի հրետոռաբանութեամբ բանաձեւուած առաջարկը` որպէս արտաքին եւ ազգային ապահովութեան քաղաքականութեան ուղեցոյց, եւ սփիւռքը միայն անհատներու ընդմէջէն ընկալելու մօտեցումը բացառեցին վերոնշեալ երեք հրամայականներով ներազգային միասնութեան առաջացումը` որպէս գործօն, հակակշռի տակ առնելու պետութեան «անհետացումը»:

Ինչ որ իրապաշտօրէն նախատեսելի է եկող երկու տարիներուն, կտրուկօրէն Ազրպէյճանին օգտին թեքած նոր սթաթուս քօ-ի մը շարունակումն է: Այդ արդէն ճիգ կը պահանջէ իշխանութիւններէն, որոնք ազրպէյճանական իւրաքանչիւր նոր առաջընթաց Հայաստանի սահմաններէն ներս ոչ միայն չեն կրնար կանխատեսել եւ կանխարգիլել, այլ ստիպուած են նորագոյն պարտութիւններն ու ետընթացները տեղադրել սթաթուս քօ-ի ծիրէն ներս: Այս մէկը անհեթեթ կը թուի, որովհետեւ ենթադրաբար սթաթուս քօ-ն կը բացառէ իրավիճակի փոփոխութիւն: Բայց, ահաւասիկ, իշխանութիւններու ճիգը երեւի փոփոխական սթաթուս քօ-ն… սթաթուս քօ պահելու համոզումին մէջ կը կայանայ: Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, եւ այդ մէկը ներկայացուի որպէս պարտութիւնը յաղթանակի վերածելու ատակութեան փաստ: Խորքին մէջ, սակայն, Հայաստանի ծայրայեղ խոցելիութեան պայմաններուն մէջ ստորագրուած որեւէ համաձայնագիր պարզապէս պիտի ամրագրէ պետութեան «անհետացման» փաստը:

Քառասունչորսօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք ընդդիմութիւնը երեք զանգուածային նախաձեռնութիւններով` Ազգային փրկութեան շարժում, յունիս 2021-ի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցութեան որոշում եւ Դիմադրութեան ցոյցեր, փորձեց իր շուրջ համախմբել անհրաժեշտ այն զանգուածը, որ քուէի թէ փողոցային ճնշումի ճամբով կրնար իրականացնել միակ նպատակ մը` իշխանափոխութիւն: Այդ նպատակի իրականացումը մինչեւ հիմա ձախողեցաւ, ինչպէս ընդդիմութեան ղեկավարները չեն վարանիր ընդունելու: Շօշափելի արդիւնք չտուին նաեւ զուգահեռ նախաձեռնութիւնները` երեք նախագահներու եւ վեհափառի հաւաք, սփիւռքի մէջ «դիմադրութեան օճախներ»-ու ստեղծում եւ Արցախի զօրակցութեան Միասնութեան հաւաք: Ընդդիմութեան համար իշխանափոխութեան նպատակը կը մնայ անփոփոխ, ինչ որ հասկնալի է ի դիմաց իշխանութիւններու անկարողութեան` չէզոքացնելու արտաքին սպառնալիքը, եւ յամառումին` Սինաթրայի երգին բառերով «Իմ ուղիով» ընելու անհրաժեշտը («իմ ուղիով»-ը այս պարագային պիտի հասկնալ որպէս «Փաշինեանի ուղիով»): Բայց նպատակի անփոփոխութիւնը չի կրնար յարատեւել առանց արդիւնաւորման, որովհետեւ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու ժամանակաշրջանի աւարտը ժամկէտ է նաեւ ընդդիմութեան համար:

Զանգուածային այդ նախաձեռնութիւններու ձախողութենէն ետք, եւ համաձայն իր ղեկավար դէմքերու տուած հաւաստիքին` առանց բացառելու նման զօրաշարժերու վերադարձը, ընդդիմութիւնը տարին աւարտեց վերադառնալով Ազգային ժողով: Խորհրդարանը այն վայրն էր, ուր ապրիլ 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք փորձ կատարուեցաւ ներքաղաքական համաձայնութեան մը հասնելու: Այդ մէկը տեղի չունեցաւ: Նոյն տարուան  դեկտեմբերի արտահերթ ընտրութիւններով Փաշինեանը ըսաւ ու յամառեցաւ «ի՛մ ուղիով»: Ազգային Ժողովին մէջ իրենք զիրենք որպէս ընդդիմութիւն ներկայացնող պատգամաւորները հաւանաբար անդրադարձան, որ Փաշինեան ընդդիմութիւնը կ՛ընկալէր միայն «ցուցափեղկի» համար: Ի մտի ունենալով յունիս 2021-էն ետք կազմաւորուած փոքրամասական, բայց արմատական ընդդիմութեան նպատակի անփոփոխութիւնը եւ խորհրդարանական մեծամասնութեան ղեկավար դէմքի մը բարձրաձայն արտայայտած փափաքը` ընդդիմութեան զոյգ խմբակցութիւններու լուծարման մասին, թերեւս միամիտ ըլլայ ներքաղաքական որեւէ համաձայնութիւն սպասել մօտ ապագային: Բայց երեւի պիտի յուսալ ծայրայեղ կեցուածքներու բարեփոխութեան ինչ-որ յանդգնութիւն եւ արտաքին սպառնալիքի դէմ պետութեան «անհետացման» գիտակցութեամբ տեսակէտներու մերձեցման փորձ:

Այլապէս, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, պիտի չբացառել պետութեան «անհետացման» պայմաններուն մէջ համահայկական զօրաշարժի վերակազմակերպման մասին մտածելու եւ (ստեղծա)գործելու անհրաժեշտութիւնը: Այս մէկը ո՛չ կ՛ենթադրէ, ո՛չ ալ կը նպատակադրէ գործնական լուծումներ առաջարկել: Ոչ առնուազն այն հանգրուանին երբ մտածողութիւնը պէտք է ըլլայ արմատական, իսկ ստեղծագործութիւնը թափ տայ հաւաքական գոյութեան երեւակայութեան թռիչքին: Միայն այդ ձեւով կարելի է անկախութենէն ի վեր ֆեթիշացուած պետութենէ մը հրաշք-լուծումներ սպասելու որեւէ թմբիրէ դուրս գալ: Պետութեան կենսականութիւնը ժխտելու կամ հակապետական մտածողութեան հրաւէր չէ այս: Բայց թերեւս պատմագէտները պէտք է շատ աւելի քննական/քննադատական վերլուծումով վեր առնեն երկար դարերու մեր պետականազուրկ հաւաքական գոյութեան իրողութիւնը, ուրկէ թերեւս ընթացիկ քլիշէներէ անդին` կան տակաւին քաղուելիք դասեր:

Կրնայ առարկուիլ, որ քսաներորդ դարուն հայկական պետութեան վերստեղծումը 1918-ին, թէկուզ եւ պայմաններու ստիպողութիւն` աւելի քան քաղաքական ծրագիր, անկիւնադարձ մը եղած է քաղաքական մտածողութեան եւ հաւաքական գոյութեան համար: Փաստօրէն քսաներորդ դարուն, ամբողջ եօթ տասնամեակ, Խորհրդային Հայաստանը պետութիւն էր, բայց` ո՛չ գերիշխան, ո՛չ որպէս միջազգային իրաւունքի միաւոր, այլ` որպէս ծայրամասին հողատարածքի ինքնակառավարում բազմազգեան կայսերական համակարգի մը մէջ եւ ենթակայ, այդ համակարգը ղեկավարող կեդրոնին: Այդ պայմաններու մէջ է, որ սփիւռքի մէջ կազմակերպուեցաւ հաւաքական գոյավիճակ եւ քաղաքական զօրաշարժ: Պատճառ չկայ, որ քսանմէկերորդ դարուն համահայկական, եւ ոչ միայն սփիւռքեան, զօրաշարժը չկարենանք պատկերացնել «անհետացած» պետութեան մը առկայութեան, թէկուզ եւ անոր հզօրացումը ըլլայ անմիջական օրակարգի մէկ կէտը:

Յօդուածի սկզբնաւորութեան տեղադրուած միտքը 9 հոկտեմբեր 2022-ին մահացած ֆրանսացի մարդաբան, հասարակագէտ եւ մտածող Պրիւնօ Լաթուրի վերջին գիրքէն առնուած է (Bruno Latour, Où suis-je? Leçons du confinement à l՛usage des terrestres. Les empêcheurs de penser en rond, 2021): Լաթուրի հետաքրքրութեան կեդրոնն է տիեզերական գոյութենական ամբողջը աշխարհ մոլորակին վրայ, որուն ներկայ ճգնաժամը` կլիմայական փոփոխութիւնը, անհրաժեշտ կը դարձնէ արմատական բառապաշարով մտածողութիւն մը: Լաթուր համամարդկային իր աշխարհահայեացքով հեռու է միջազգային յարաբերութիւններու աշխարհէն: Հայութիւնն ու Հայաստանը մեկուսացած չեն բնապահպանական այն ճգնաժամէն, որ բազմադարաշրջանի մը (Anthropocene) փոփոխութեան ազդանշանը կու տայ: Բայց Լաթուրի յղումը հրաւէր չէ ազգային հիմնախնդիրները տեղադրելու քոսմոփոլիթ ինչ-որ մտածողութեան մը մէջ: Օրինակ մըն է բառապաշարի փնտռտուքի, որ իմաստ տայ արմատական նոր մտածումի` իր ոճով, պատկերաւորումով եւ բանաձեւած գաղափարով: Պետութեան «անհետացման» պայմաններու մէջ համահայկական զօրաշարժի մասին մտածողութիւնը նման արմատականացման համարձակութեան կարիքը ունի:

Ինչ կը վերաբերի հաւաքական երեւակայութեան թափ տուող ստեղծագործութեան, կը բաւէ յիշել, թէ որքա՛ն կարեւոր եղան, օրինակի համար, Րաֆֆիին «Կայծեր»-ն ու «Խենթը»` ի շարս Զարթօնքի շարժման ամբողջ գրականութեան տասնիններորդ դարու վերջաւորութեան ազգային ազատագրական պայքարին համար, որ յանգեցաւ հայոց պատմութեան մէջ աննախընթաց ազգային արդիական պետութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդին: Համահայկական զօրաշարժը որուն մասին պիտի մտածել պետութեան «անհետացման» պայմաններուն մէջ, չի կրնար ըլլալ կրկնութիւնը ո՛չ 19-րդ դարու Զարթօնքին, ո՛չ ալ 20-րդ դարու սփիւռքին. պիտի կարենալ երեւակայել հայութեան 21-րդ դարը:

(Շար. 3 եւ վերջ)

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Սփիւռքի Տարի (Բ.) Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում 2023. Պատգամ` Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?