Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կանացի Պատկերապատում

January 13, 2023
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«19 ԿԻՆ» շարժապատկերի փառատօնը ունէր համեմատաբար ճոխ ծրագիր` ի հեճուկս տիրող ճգնաժամային իրավիճակին: Ի դէպ, այլազան բնոյթի այլ ձեռնարկներ նոյնպէս շատ աշխուժ են: Պիտի չփորձեմ մեկնաբանել: Ցուցադրուած ժապաւէնները ըստ պատկանելիութեան եւ սեռի (խաղարկային, վաւերագրական  եւ գծագրային-animation) կը ներկայացնէին հետեւեալ պատկերը.

Խաղարկային, առաւել եւս վաւերագրական ժապաւէններու մէջ կ՛իշխեն ընկերային ցաւոտ բներգներ, ինչպէս` կիներու հանդէպ բռնութիւն եւ ամուրի մայրեր: Հայկական կարգ մը ժապաւէններու խորապատկերին մէջ առկայ են պատերազմն ու համավարակը:

Շեմից այն կողմ.- Անգինէ Եսայեան, խաղարկային, 13 վ, 2020:

Բացման տեսարանին մէջ երկու տարեց ոստիկաններ ճաշի ընթացքին մտահոգութիւն կ՛արտայայտեն նորելուկ բարքերու եւ ընտանիքներու քայքայման շուրջ: Կողքի սենեակին մէջ ամուսինին կողմէ ակներեւ ֆիզիքական բռնութեան ենթարկուած կին մը կը սպասէ, որպէսզի լսեն իր բողոքը: Ոստիկանները հանդարտ եւ անշտապ կը ճաշեն եւ վրդոված սկսնակ ոստիկանին խորհուրդ կու տան հանդարտիլ, ճաշել եւ շարունակել աշխատանքը: Ի վերջոյ այդ ոչ թէ արտակարգ վիճակ է, այլ` հերթական բողոք: Երիտասարդ ոստիկանը այլընտրանք չունի: Մեծաւոր ոստիկանը կը պարտադրէ, որ կինը ետ վերցնէ բողոքագիրը` յանուն ընտանիքի պահպանման: Աւարտական տեսարանին մէջ կինը կը վերադարձուի իր տիրոջ տուն, որ այժմ առաւել անապահով է: Զղջացած է ոչ թէ կոպտող տղամարդը, այլ կոպտուած կինը: Ոստիկանատուն դիմելը անխոհեմ քայլ էր: Խորապատկերին մէջ կը տեսնենք ոստիկանատան սառն ու դատարկ միջանցքը: Այլաբանական պատկեր: Հայրիշխանական ընկերութեան օրէնքն ու օրինապահ մարմինները անտարբեր են: Կը տեսնենք երիտասարդ ոստիկանը, որ տխուր է, որովհետեւ չէր համարձակած անցնիլ «Շեմից այն կողմ»: «Շեմը» կրնայ ունենալ քանի մը իմաստ: Ժապաւէնը բուռն է եւ կատարուած`  բարձր գեղագիտական մակարդակով:

«Հացի ճանապարհ», Անի Անտոնեան,  11 վ, վաւերագրական:

Յուզիչ ժապաւէն մը` Սիւնիքի լեռնային սահմանամերձ մեկուսացած աւաններու ծանր իրականութեան մասին: Իր սիրած մարդուն գիւղը հարս գացած Աննա կ՛որոշէ հացի տագնապը լուծել իր նախաձեռնութեամբ: Փոքր, բայց կոկիկ փուռը օրական դրութեամբ հաց կ՛ուղարկէ շրջանի բնակավայրեր: Ճամբան տանջալի է, որովհետեւ Ազրպէյճան գրաւած է մայրուղին: Կը տեսնենք կենցաղային թշուառ պայմանները: Ամենաազդու տեսարանները  անոնք են, ուր մանուկներ  հացի կը սպասեն: Ժապաւէնը հասանելի է համացանցի վրայ:

«Տեսակէտ»  (POV-Point Of View) 13 վ, Անի Թորոսեան, վաւերա-խաղարկային:

Համավարակէն եւ աղէտալի պատերազմի հետեւանքներէն պահ մը հեռանալու համար երիտասարդուհի մը կ՛որոշէ Ամանորը դիմաւորել Թիֆլիսի մէջ: Ուղին մշուշոտ է, գորշ: Թերեւս խորհրդանշական առումով կը տեսնենք ագռաւներու հոծ հաւաքավայր մը, որ յիշել կու տայ Հիչքոքի ծանօթ «Թռչունները» (1963) սարսափի ժապաւէնը: Նկարուած է բջիջային հեռախօսով, որ յաճախ գլխիվայր շրջուած է, ինչպէս որ բեմադրիչի աշխարհը «շուռ է եկած»: Յաճախ կ՛անցնինք անհրապոյր փապուղիներէ` առանց հասնելու որեւէ տեղ: Պանդոկի պատուհանները կը ցոլացնեն աղջկան ստուերային եռակի երկփեղկուած հոգեվիճակը: Սրճարանի մը մէջ երիտասարդ մը կը կատարէ Ռ. Պատկանեան-Ռ. Հախվերդեանի  «Երնէկ, թէ այս նոր տարին վերջ տար հայի ցաւերին»: Աւարտական տեսարանին մէջ ձիւն կը տեղայ ամայութեան վրայ: Կը լսուի անտէր շուներու հաջոց: Բեմադրիչը արտօնեց օգտագործել միայն կողքի երկու տեսարանները: Ժապաւէնի ամբողջ ընթացքին շփոթահար երիտասարդուհին արտապատկերային ձեւով կը պատմէ իր տուայտանքները:

Անհատական տուայտանքներու պատում են նաեւ երկու այլ հայկական ժապաւէններ. 1) Լ. Ալթունեանի գծագրային «Երբ ես տխուր եմ»  կարճամեթրաժ ժապաւէնը, որուն նախապէս անդրադարձած եմ  (տե՛ս «Սեաւ ծիրանը ոսկեջուր սկուտեղի վրայ – Բ,  «Ազդակ» 30 օգոստոս 2022): 2) Մերրի Մկրտչեանի վաւերագրական «Ջանէ- Ջան» (կամ` Սրտէ-սիրտ, 2021, 30 վ) ժապաւէնը, ուր, ի հեճուկս պատերազմին, հայ եւ ազերի երկու երիտասարդուհիներ շատ սերտ յարաբերութիւն կ՛ունենան թրքական ակնբախ ներկայութիւն ունեցող Պաթումի մէջ: Ժապաւէնը չունի հայերէնով տարբերակ: Փառատօնի ընթացքին քննարկում տեղի չէ ունեցած: Նախընտրելի է լուռ անցնիլ:

Բոլոր ժապաւէնները դիտել` կը նշանակէ շահագրգռել բազում բեմադրիչներ: Կը նշանակէ նաեւ տրամադրել անսահման ժամանակ: Ինչպէս յօդուածի վերնագիրը կ՛ակնարկէ, այստեղ պիտի անդրադառնամ միայն քանի մը գծագրային գործերու, որոնք շեշտուած գեղարուեստական բնոյթ ունին:

Ա.- «Steps»- Մարինա եւ Թաթիանա Մոշկովա, 2021, 9 վ:
Վերնագիրը երկիմաստ է, կարելի է թարգմանել որպէս «Աստիճաններ», կամ այլաբանական առումով` «Քայլեր»: Ժապաւէնի թատրը ներշնչուած է Իտալիոյ Մաթերա քաղաքէն, որ նախապէս լանջի մը վրայ ժայռափոր տուներէ  կազմուած է, իսկ այժմ` իրարու վրայ կառուցուած փոքր ու մեծ տուներէ: Ճամբաները պարզապէս  աստիճաններ են: Բլուրի կատարին կառուցուած է համեմատաբար մեծ զանգակատուն ունեցող եկեղեցի մը, ուր վանական մը կ՛ապրի ճգնաւորի կեանքով: Դիպաշարի հեղինակը առանց անդրադառնալու յօրինած է Սիմոն Սիւնակեացի (390-459) հակաթեզը: Ս. Սիմոն սիւնակեաց էր հեռանալու համար մարդոցմէ: Այստեղ զանգակատունը կը փոխարինէ սիւնը: Բացման տեսարանին մէջ վանականը կը խուսափի մարդոցմէ, կլանուած է կիտրոնի տունկով մը, որ կրնայ խորհրդանշական մեկնաբանութիւն ունենալ: Կիտրոնի տունկը կը սկսի խամրիլ: Հարկ է ջրել: Ջրհորը կը գտնուի վարը, մարդոց մօտ: Վանականի ջուրի ճամբուն վրայ քայլ առ քայլ կը մօտենայ մարդոց, ապա կը սայթաքի աստիճաններուն վրայ: Ջուրի դոյլը կը կրեն այն տղաքը, զորս ինք վռնտած էր, երբ գնդակով կը խաղային զանգակատան մօտ: Կիտրոնի տունկը կը կենդանանայ: Վանականը կ՛ընթրէ փռապանի ընտանիքին հետ: Վանականը կ՛իջնէ իր սիւն-զանգակատունէն եւ կիտրոնի հիւթ կը  բաժնէ իր հօտին: Մեկնաբանե՞մ:

Բ.- «Հետաքրքրասէրը» («Curiosa»), Թեսա Մուլթ – Միլեւսքա, 10 վ, 2022:

Մարի (իմա` ոեւէ աղջիկ) կը մտնէ իր ընկերոջ (boy friend) յարկաբաժինը: Բայց այդտեղ ոչինչ  կայ` բացի մահճակալէ մը: Կը նկատէ, որ երիտասարդին գլուխը ունի դռնակ մը: Կը մտնէ ներս: Իմա` կը յաջողի ձեւով մը  մտնել անոր հոգեկան աշխարհէն ներս: Բայց այդտեղ առաջին սենեակին մէջ անսովոր հետաքրքրական ոչինչ կայ: Աւելի ներքին սենեակի մը մէջ կը տեսնէ իր շրջանակուած դիմանկարը: Ապա աւելի անդին ականատես կը դառնայ իր ընկերոջ սեռային յարաբերութեան ոմն «Փիքլզ»-ի հետ: Փիքլզի դիմանկարը եւս շրջանակուած է: Ապա փակ կափարիչ մը կը վերցնէ եւ կ՛իյնայ մութ ջրհորի մը մէջ, որ պատուած է նման շրջանակներով: Այդ երիտասարդին մութ անցեալն է: Ինչպէ՞ս դուրս գալ: Ժապաւէնի ցաւոտ հարցումն է. «Ճի՞շդ է արդեօք քրքրել անցեալը»:

Գ.- Հանդիպումը («The Encounter»), 6 վ, 2022, Ալեքսանտրա Քրիվոլուցքայա:

Երիտասարդ կին մը կը վերադառնայ իր հեռաւոր ծննդավայրը: Հեռաւոր` ե՛ւ տարածութեան, ե՛ւ ժամանակի առումով: Բացման տեսարանը իրապաշտ է, ցոյց կու տայ շոգեկառքով հասնելու պահը: Շարունակութիւնը, սակայն, աւելի նման է երազի, քան` իրականութեան: Գծագիրը անգոյն է, նուազապաշտ, ինչպէս` մեր բնախօսական երազները: Մազերը խառնող հովը կրնայ խորհրդանիշ ըլլալ յիշողութեան հոսքին: Կինը կը հագնի հին մաշիկները, որոնք մուտքին զինք կը սպասեն:  Վեր կը քաշէ պատի մեծ ժամացոյցը լարող ծանրոցը: Բայց ժամանակը ոչ թէ առաջ կը շարժի, այլ` ետ: Դրան մուտքին զինք կը սպասէ նաեւ իր հեծանիւը, որ զինք կը տանի դէպի գետակ, ուր ձկնիկներ կ՛որսային: Գետակի տախտակամած ափին զինք կը սպասէ գունատած լուսանկար յիշեցնող մօր եթերային կերպարը: Բայց գետակը ցամքած է, այլեւս կարելի չէ այդտեղ ձկնիկներ որսալ: Մօր փարած աղջնակը ձկնիկը կը վերադարձնէ գետակ:

Ժապաւէնը ցաւոտ հրաժեշտ մըն է անցեալին: Անխօս է, կը խօսին պատկերներն ու հիանալի (իմա` սիրտ խորտակող) երաժշտութիւնը:

Դ.- «Արջի խորհրդածութիւն» (Bear speculation) – 11 վ, 2022, Աննա Քատիքովա:

Ռուսերէն վերնագիրը շատ աւելի յարիր է. «Լերան դէմ, լերան վրայ եւ լեռնէն ետ»: Ժապաւէնը բարդ է, կարելի է մեկնաբանել այլազան առումներով: Կը թուի, թէ կրքոտ ձաղկ մըն է մշակոյթի ներկայ պատկերին: Գլխաւոր կերպարներն են երկու կատուանման մարդիկ: Կարելի է զանոնք տեսնել որպէս կորած յիմար մը եւ սեւեռուն անհակակշիռ շարժումներէ (Obsessive compulsive disorder) տառապող ընկերը, որ իր փոքր մկրատով անդադար թուղթեր կը կտրատէ: Կարելի է նաեւ տեսնել մին որպէս հոգեկան դատարկութիւնը լեցնել փորձող անձ եւ միւսը` որպէս սկեպտիկ գաղափարապաշտ: Գրադարանի գիրքերը փոշոտած են: Ջութակի (դասական երաժշտութեա՞ն) աղեղը նեխած ձուկ մըն է: Յանկարծ արեւելքէն դէպի խորապատկերի լերկ լերան (Լերկ` ինչպէս Արարատ) կատար կը հասնի Բեթղեհէմի գիսաւորը յիշեցնող աստղ մը: Մարդը լեռնագնացի իրերը շալակին` արշալոյսին  կ՛ուղղուի դէպի դիմակայ լեառը խրհրդաւոր (Ներողութիւն Չարենցէն):

Ընկերները կը հասնին կատար, բայց… ո՜վ ծանրագոյն յուսախաբութիւն, աստղը պարզապէս օրիկամի թուղթ մըն է, որ ընկերը իսկոյն կը կտրատէ: Ամպրոպը (երկնային ցասո՞ւմ) զիրենք կը նետէ վար: Կը հանդիպին խումբ մը անհոգ նապաստակներու (մսացու երկչոտ արարածներ), որոնք առօրեայ իրերով իրենք իրենց համար ժխոր (ռապի՞ս) երաժշտութիւն կը ստեղծեն եւ կ՛ուրախանան: Օրհնեալ անմիտ է յանկարծաբանութիւնը (improvisation): Ընկերը իր մկրատով մարդու շապիկի կերպասէն կը շինէ աստղ մը, զոր մարդը կ՛ընդունի շնորհակալութեամբ: Չիք երկնային աստղեր, աստղը կը շինենք մենք, մեր միջոցներով:

Մութ անտառին մէջ երեք ամեհի արջեր ֆինանսական ծրագիր մը կը մշակեն: «Speculation» եզրը, որ կը տեսնուի վերնագրին մէջ, կրնայ նշանակել նաեւ սակարանային շահադիտութիւն: Մինչ ոչ մտաւորական նապաստակները կը զուարճանան «ռապիս»-ով, գազանաբարոյ դրամատիրութիւնը կը գործէ մութին մէջ, անտառի օրէնքով: Աւարտական տեսարանին մէջ մարդը անզօր կը դիտէ դաւադիրները եւ կ՛ըսէ. «Ես ոչ մէկ բառ արտասանեցի»: Թող արտասանէ հանդիսատեսը: IMDb (Internet Movie Database) ժապաւէնը դասած է որպէս յիմարներու արկածախնդրութիւն: Բացատրութիւնը կը թողում ընթերցողին:

Ե. – «Շողգամը» («The Turnip») Փ. Սիկուս եւ Ս. Սաարեփուու, 7 վ, 2022:

Ժապաւէնը ձեւով մը հակաթեզն է ռուսական «Պապիկն ու շողգամը» պատմութեան, որ մեզի ծանօթ է որպէս Աթաբեկ Խնկոյեանի բառերով յօրինուած մանկական երգ: Պատմութեան բարոյականն է հաւաքական աշխատանքի ջատագովութիւնը: Շողգամը կարելի կ՛ըլլայ քաղել միայն այն ատեն, երբ փոքրիկ մկնիկը կը միանայ աշխատախումբին: Ժապաւէնին մէջ մկան դերը երկբայական է:

Շողգամը կ՛աճի հողին տակ, մինչդեռ մեզի ծանօթ առակը հողէն վեր ապրող մարդոց պատումն է: Ժապաւէնը գլխիվայր կը շրջէ այդ, կը ներկայացնէ ընդերկրեայ բնակիչներու պատումը:

Բացման տեսարանը լուսաւոր է եւ կազմակերպ: Կը տեսնենք մարդու յարմարաւէտ բնակարանը, ինքնաշարժ եւ ջրանիւ: Մարդը զինուած է բահով, զոր կը խրէ հողին մէջ: Սուին յիշեցնող բահը կը կիսէ ընդերկրեայ բնակիչ ճճի մը: Պատումը կը սկսի բռնութեամբ, բնիկի մը սպանութեամբ: Մարդը հողին մէջ կը խրէ նաեւ իր հունտը: Կողքի նկարին մէջ հունտը կը տեսնենք մարդու ցուցամատին տակ: Պատկերը յիշել կու տայ Սիսթինեան տաճարի առաստաղին նկարուած արարիչին ցուցամատը: Ադամի փոխարէն` այստեղ պիտի աճի շողգամը:

Շողգամը կ՛աճի արագ, թերեւս ակնարկելով պատմական հոլովոյթի արագ ընթացքին: Բնիկները կը սնանին շողգամով եւ նոյնիսկ բոյն կը դնեն անոր մէջ: Բայց շողգամը անոնց  ստացուածքը չէր: Հողը յանկարծ կ՛երերայ, երկրագործը եկած էր շողգամը տանելու: Բնիկները կը դիմադրեն, մարդը կը յաղթէ  միայն այն ատեն, երբ մուկը դասալիք կ՛ըլլայ եւ կը միանայ վերիններուն (ինչպէս առակը կ՛ըսէր): Հսկայ հարստութիւնը… ներողութիւն, շողգամը կը թռչի եւ կ՛անհետանայ: Կը բացուին մեծ փոսեր, որոնց մէջ կ՛իյնան երկրագործն ու իր ընտանիքը: Համատարած թշուառութիւն: Մուկը ապշած ու ափսոսանքով կը դիտէ իր արարքին հետեւանքը: Ցաւօք արտօնութիւն չունիմ ընտրովի տեսարաններ նկարելու: Կարելի է ցոյց տալ միայն արտադրող հաստատութեան որոշած նկարները: Այս ի զօրու է ժապաւէններու մեծամասնութեան պարագային: Ժապաւէնը կարելի է տեսնել որպէս գաղութարարութեան այլաբանութիւն: Այստեղ եւս ոչ զարմանալիօրէն գոյ է հակոտնեայ մեկնաբանութիւն: Ոմանք մուկը կը տեսնեն որպէս փրկարար, որ կ՛օգնէ շողգամը մութ  ընդերքէն դուրս բերելու լոյս աշխարհ: Այդ մեկնաբանութիւնը, սակայն, պարտաւոր է կանգնիլ մարդու խոհանոցի դրան առաջ, ուր շողգամը պիտի յօշուի:

Ժապաւէնը պատրաստուած է բուրդէ հիւսուածքով: Գերազանցօրէն կնոջական այդ արտայայտչաձեւը մեծ հմտութիւն եւ շատ մեծ ջանք կը պահանջէ: Այնտեղ բանած են բեմադրիչի հարազատները: Արդիւնքը տպաւորիչ է ե՛ւ գեղագիտական, ե՛ւ քաղաքական-խռովարարութեան առումներով:

Եզրաբանական.- Այս ակնարկին մէջ ծանրացայ գծագրային ժապաւէններու վրայ, որպէսզի շեշտեմ անոնց հեղինակային գեղարուեստական բնոյթը: Հեղինակային են, որովհետեւ բեմադրիչը յաճախ նոյնինքն նկարիչը կամ տիկնիկները պատրաստողն է: Կայ, ցաւօք, լեզուաբանական հարց: Ինչպէս վերը ներկայացուած ժապաւէններէն երկուքի պարագային («Հետաքրքրասէրը» եւ «Շողգամը»),  ակնյայտ է, որ «գծագրային» որակումը յարիր չէ այս սեռին: Հայաստանի Հանրապետութեան Լեզուի կոմիտէն տակաւին յարիր եզր չէ որոշած: Անձնական ե-նամակով այդ ինծի յայտնեց նոյնինքն Դաւիթ Գիւրջինեանը:  Հայաստանի մէջ (ինչպէս` բազմաթիւ այլ առիթներով) որդեգրուած է եւրոպական եզրի ռուսական հնչիւնը` «անիմացիա», որ կը նշանակէ «շնչաւորում» կամ «կենդանացում»: Անշունչ իրեր, ինչպէս` տիկնիկներ, խաւաքարտ եւ կամ որեւէ այլ մանրակերտ, կը շնչաւորուին, կը կենդանանան եւ կը կատարեն բեմադրիչին առաջադրանքը: «Կենդանացնային» ընդունելի չէ: Թերեւս կարելի է հայացնել «մուլթֆիլմ» (multiplication film) եզրը` «բազմապատկերային»: Ի վերջոյ, նման ժապաւէններ լուսանկարներու շարաններէ կը կազմուին:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 12 Յունուար 2023)

Յաջորդը

Կազայէն Մինչեւ Արցախ. Միջազգային Ընտանիքը` Կրաւորական

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Պապին Առկախ Գդակը

September 8, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի Հայաստանեան Կորիզը Եւ Արեւմտեան Բարենիշը

August 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.