Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
«Երբ ձեռնարկեցինք «Ազդակ»-ի հրատարակութեան, մեր ամբողջ դրամագլուխը կը կազմէին քանի մը սնտուկ մաշած տառեր, քանի մը կտոր հինցած տպագրական գոյքեր եւ ձեռքի փոքր մեքենայ մը, կը գրէ «Ազդակ»-ի հիմնադիր Հայկ Պալեան` անդրադառնալով թերթի ծննդոցին:
Այս նուազագոյն տպագրական իրերով ընթացք առած «Ազդակ»-ը 2023-ին նշեց իր 95-ամեակը` անխափան կերպով ամէնօրեայ դրութեամբ տպագիր թէ ելեկտրոնային տարբերակներով ընթերցողին հասնելով եւ այդպիսով հաստատելով, որ հիմնադիրին սկսած դժուար, բայց վճռական երթը շարունակուեցաւ 95 տարի շարունակ, հակառակ բազում վերիվայրումներու, բազմապիսի մարտահրաւէրներու, գործնական անթիւ դժուարութիւններու:
Ծնելով, ապրելով եւ գործելով Լիբանանի նման ոչ կայուն եւ պատերազմական տարբեր փուլերով լեցուն երկրի մը մէջ, «Ազդակ»` մամուլին դիմաց ծառացած ծով հարցերու կողքին, միշտ ալ իր ուսերուն կրեց եւ իր վրայ զգաց զինուորական, տնտեսական, ընկերային, նիւթական պատերազմներու ու տագնապներու ծանրութիւնը, փորձեց միշտ ալ չկքիլ անոնց տակ, ուղիղ պահել մէջքը, ամէն առաւօտ անպայման «Բարի լոյս» ըսել իր ընթերցողներուն, որոնք թերթին գոյատեւման հիմնական գրաւականներէն կը հանդիսանան:
95 տարիներ առաջ համապատասխան սարքերու չգոյութիւնն էր տագնապը, այսօր այլ է պատկերը, բայց տագնապը կը մնայ տագնապ, որովհետեւ, արհեստագիտական ամէնէն արդիական սարքերուն առկայութեան հակառակ, տնտեսական այնպիսի ծանր ու նեղ պայմաններ իշխած են Լիբանանի մէջ, որ այդ բոլոր հասանելի սարքաւորումները դարձած են անհասանելի` զանոնք բանեցնելու հսկայական գումարներու պահանջին ի տես, եւ այս` արդէն շուրջ 4 տարիէ ի վեր, իսկ տարիներու թաւալումին հետ` աւելի ու աւելի սրելով: Բայց ներքին խոհանոցի հարցերը հրամցուած ճաշը ըմբոշխնողին հարցը չեն ըլլար անպայման, հաւանաբար պէտք չէ ալ ըլլան, սակայն կը խոչընդոտեն հեզասահ ընթացքը, երբեմն յուսահատութեան նշոյլներու երեւման պատճառ կը դառնան, սակայն հաւաքական աշխատանքի առկայութիւնը կը մղէ քալելու հաստատ եւ անշեղ: Այդպէս ալ եղաւ «Ազդակ»-ի վերջին տարիներու, յատկապէս 2022-ի երթը, բազում վիհերով եւ բլուրներով լեցուն, սակայն թերթին հաւատացողներուն, անոր անխափան հրատարակութիւնը հրամայական նկատողներուն քաջալերանքին, երբեմն ալ գործնական նեցուկին, խմբագրական կազմին ու աշխատակիցներուն միասնական աշխատանքին ու դժուարութիւնները երկրորդական նկատելու վճռակամութեան շնորհիւ կարելի եղաւ յուսահատութեան նշոյլները վանել, ընկրկումը հեռացնել, անոնց փոխարէն ցանել յոյս եւ թերթին լոյս ընծայումը պահել ժառանգուած բարի եւ լուսաւոր աւանդութիւն:
«Ազդակ»-ի «Տոքթ. Վեհունի Մինասեան»
Խմբագրասենեակի Պաշտօնական Բացում
Չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ իրաքահայ վաստակաւոր գործիչ, բեղուն գրիչի տէր, «Ազդակ»-ի երկար տարիներու հաւատարիմ յօդուածագիր տոքթ. Վեհունի Մինասեանի անունը կրող խմբագրասենեակի պաշտօնական բացումը:
Բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Խրոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ կը կատարուի հայ մամուլին ու «Ազդակ»-ին յօդուածաշարքերով իր ներդրումը ունեցած եւ յատկապէս իրաքահայ գաղութի պատմութեան կարեւորագոյն փուլերը մամուլին յանձնած ներհուն մտաւորական տոքթ. Վեհունի Մինասեանի անունով սենեակի բացումը: Ան յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւններով «Ազդակ» ո՛չ միայն իր խմբագրատան մէջ կ՛ամրագրէ հայ մամուլին ծառայած մարդոց անունները, այլ նաեւ թերթի աշխատակազմին, անոր յարկին տակ իրենց առաջին յօդուածները ստորագրողներուն եւ ընդհանրապէս այցելուներուն ու ընթերցողներուն մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ կը դրոշմէ «Ազդակ»-ի ճամբով հայ մամուլի զարգացման նպաստած մարդոց վաստակը: Ան նշեց, որ իրաքահայութեան «Գոյամարտ» թերթին, Վասպուրականի հայրենակցական միութեան «Վարագ» պարբերաթերթին, թէ «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ ընթերցողը պիտի հանդիպի տոքթ. Վեհունի Մինասեանի գրիչին պատկանող բազմաթիւ գրութիւններու, որոնք անկասկած կարեւոր աղբիւր են իրաքահայութեան պատմութիւնը ուսումնասիրողին համար:
Խրոյեան տեղեկացուց, որ այս ծրագիրը կ՛իրականանայ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան եւ Իրաքի հայոց թեմի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համագործակցութեամբ` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրականութիւն դարձուցին այս ծրագիրը:
Ապա խօսք առաւ Իրաքի հայոց թեմի Առաջնորդ Օշական ծ. վրդ. Կիւլկիւլեան, որ անդրադարձաւ Իրաքի եւ Լիբանանի, յատկապէս «Ազդակ» օրաթերթին միջեւ առկայ իւրայատուկ կապին: Ան նշեց, որ բոլորին համար յստակ է, թէ այսօր հայ մամուլը ծանր օրեր կ՛ապրի, մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման է, այս ժամանակակից, համացանցային աշխարհին մէջ բազում մարտահրաւէրներ կան` յոյս յայտնելով, որ կարելիութիւն կ՛ունենան իրենց ներդրումը բերել շարունակելու այս առաքելութիւնը: Օշական ծ. վրդ. Կիւլկիւլեան վստահեցուց, որ առկայ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի նոյն ոգիով ու պատրաստակամութեամբ:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան իր սրտի խօսքին մէջ դիտել տուաւ. «Ուրախ եմ, որ հայ մամուլի կողքին էք նաեւ, այս օրերուն հայ մամուլի կողքին ըլլալը անհրաժեշտութիւն է թէ՛ մամուլին համար եւ թէ՛ մեզի համար: Երեւակայեցէք մեր կեանքը առանց մեր մամուլին, «Ազդակ»-ը միայն Լիբանանով եւ լիբանանահայութեամբ չէ հետաքրքրուած, այլ` իր կարկինը լայն բացած, կը փորձէ անհրաժեշտ տեղեկատուութեամբ մնայուն կապ ստեղծել հեռաւոր ափերուն մէջ գտնուող մեր գաղութներուն հետ: Այս կարեւոր առաքելութիւնը պէտք է շարունակէ, մասնաւորաբար լիբանանահայութեան հեղինակութիւնը, վարկը եւ առաքելութիւնը պահպանելու գնով», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը: Ան ըսաւ, որ Իրաքի հետ «Ազդակ»-ի այս գործակցութիւնը նաեւ պատիւ կը բերէ լիբանանահայութեան` մաղթելով, որ «Տոքթ. Վեհունի Մինասեան» խմբագրասենեակը մեղուաջան աշխատանքի բոյն հանդիսանայ, եւ հայ մամուլի գործիչները` վաղեմի թէ ներկայ, խրախուսուին ի տես այս գեղեցիկ շարժոյթին:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Իրաքի հայոց թեմի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեան` նշելով, որ իրենց այս նախաձեռնութիւնը ազգային մղումէ բխող քայլ է հանդէպ հայկական մամուլին, յատկապէս` «Ազդակ»-ին: Ան շեշտեց, որ մեծ է թիւը «Ազդակ»-ին հետեւողներուն, որոնց համար թերթը հայ գիրի ու գրականութեան հարուստ աղբիւր է` աւելցնելով, որ Իրաքի մէջ դժուար թէ մեծ ըլլայ թիւը հայկական բարձրագոյն ուսում ստացած անձերուն, սակայն անոնք իրենց հիմնական հայկական կրթութիւնը զարգացնելով, թերթին հետեւելով, ընթերցելով կրցած են բարելաւել իրենց լեզուն եւ հայկական իմացութիւնը: Իր յուշերուն ճամբով Մելքոն Մելքոնեան անդրադարձաւ իրաքահայ կեանքին մէջ տոքթ. Վեհունի Մինասեանի դերակատարութեան եւ ներդրումին, յատկապէս սերունդներու դաստիարակութեան ու զանոնք հայկական արժէքներուն իրազեկ դարձնելու առումով: Անդրադառնալով մամուլի դերակատարութեան եւ կարեւորութեան` ան ըսաւ, որ կարելի չէ գոյատեւել առանց հայ մամուլին, կարելի չէ ազգային շունչով հաղորդուիլ, հայկական լուրեր քաղել ճիշդ աղբիւրէ, այս առումով հիմնական նկատելով «Ազդակ»-ի առաքելութիւնը: Մ. Մելքոնեան յայտնեց, որ «Ազդակ»-ի հետ գործակցութեան հիմնաքարը դրաւ Պարոյր Յակոբեան եւ հաստատեց, որ այս կապը մնայուն պիտի ըլլայ եւ պիտի շարունակուի նաեւ ապագային:
Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ան դիտել տուաւ, թէ Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը միշտ զօրակից հանդիսացած է ոչ միայն «Ազդակ»-ին, այլ նաեւ Լիբանանի հայութեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի պատուիրակութեան` «Ազդակ»-ի հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար: «Ես բախտը եւ առիթը չեմ ունեցած տոքթ. Վեհունի Մինասեանը անձամբ ճանչնալու, բայց առիթը ունեցած եմ կարդալու իր թղթակցութիւնները: Անկախ իր ոճէն, ան արխիւ էր յատկապէս իրաքահայ գաղութի անցեալին, ներկային ու առօրեային մասին: «Ազդակ»-ը այսօր Լիբանանի մէջ հրատարակուող օրաթերթերուն ամէնէն հինն է եւ 1927-էն մինչեւ օրս անխափան հրատարակուած է, մինչ հսկայական թերթեր, որոնց ետին կանգնած են մեծ կուսակցութիւններ, դեսպանատուներ, փակուած են արդէն: Մենք շարունակեցինք «Ազդակ»-ը ունենալ իբրեւ հանապազօրեայ հաց եւ մեր ընթերցողներուն շարունակեցինք փոխանցել զայն, իսկ մեծ թիւով հայորդիներ հայերէնը «Ազդակ»-էն սորվեցան», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ապագային պատմաբանները պիտի վճռեն, թէ «Ազդակ»-ը ի՛նչ գանձ է, որովհետեւ ան ո՛չ միայն լիբանանահայութեան պատմութեան, այլ նաեւ սփիւռքահայութեան եւ տարբեր գաղութներու պատմութեան, Հայաստանի ազգային, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ մարզերու շտեմարանն է: «Այս շրջագիծին մէջ կը մտնէ նաեւ իրաքահայ գաղութի պատմութիւնը, որ մէկ կամ երկու հատորի մէջ տպագրելն ու ցրուելը անբաւարար է, որովհետեւ թերթին մէջ կան շատ աւելի մանրամասնութիւններ այդ գաղութին մասին, որոնք ապագային նորահաս սերունդներուն համար կրնան հետաքրքրական ըլլալ: «Ազդակ»-ի հանդէպ այս վերաբերումը առաջինը չէ, եւ վստահ ենք, որ վերջինը պիտի չըլլայ: Այս վերաբերումը մեզի համար գօտեպնդող երեւոյթ մը ըլլալէ անդին նաեւ հիմնական նպաստ է գէթ մեր ժողովուրդի հայապահպանման գործին, արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման, մեզմէ փոքր եւ գալիք սերունդներու դաստիարակութեան: Աստուած ձեր բոլորին երկար կեանք տայ, հող բռնէք` ոսկի դառնայ», եզրափակեց ան:
Աւարտին «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդին յանձնեց «Ազդակ»-ի յուշանուէրը` իբրեւ երախտագիտութիւն այս գործակցութեան:
Թեհլիրեանի Անգլերէնի Թարգմանուած
Յուշագրութիւններու Ներկայացում
Երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2022-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշերու անգլերէն թարգմանուած գիրքին ներկայացումը:
Թեհլիրեանի յուշագրութիւնները անգլերէնի թարգմանուած են լիբանանահայ Պետօ Տեմիրճեանին կողմէ, իսկ գիրքի հրատարակութեան աշխատանքը ստանձանած էր «Կոմիտաս» հիմնարկը` Արա Սարաֆեանի տնօրինութեամբ:
Օրուան հանդիսավարն էր Քրիստ Խրոյեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց. «Մեր պատմութեան մէջ հազուագիւտ է զէնք ու միաժամանակ գրիչ բռնող ձեռքը. Այդ ձեռքն ունէր նաեւ Թեհլիրեան: Անոր յուշագրութիւնները ոչ միայն ականատեսի, այլ ի գործ լծուող մարտիկի վկայութիւններ են, որոնց վրայ պէտք է գուրգուրալ, մեկնաբանել եւ անոնց ընդմէջէն հասկնալ ու տրամաբանել ամբողջ ազգի մը ցաւն ու տառապանքը, այն ժամանակ, երբ անտարբերութիւնը ամենադիւրին միջոցն էր զանոնք թօթափելու, ինչպէս` այսօր նաեւ»:
Սկիզբը հեռակայ կապով հանդէս եկաւ «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեան, որ անդրադարձ մը կատարեց աշխատանքի մասին, լուսարձակի տակ առաւ գիրքին եւ զայն ակադեմական ու գիտական շրջանակներու յանձնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` փոխյարաբերական կապը հեղինակին հետ:
«Այսօր արդէն կը մտածուի յուշագրութիւնները ռուսերէնի, թրքերէնի եւ քրտերէնի թարգմանելու մասին: Սակայն աշխատանքի ամէնէն էական բաժինը գիրքին տարածումն է, անոր ցրւումը, եւ այս իմաստով հայկական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները մեծապէս կրնան նպաստել», նշեց Սարաֆեան:
Ապա գիրքի հեղինակ Պետօ Տեմիրճեան խօսեցաւ իր անձնական փորձառութեան եւ գիրքին մասին` անդրադառնալով իր ընտրութեան դրդապատճառներուն, ինչպէս նաեւ դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ան շեշտեց, որ այս ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու առումով օգտակար եղողը չպակսեցան, եւ կարելի եղաւ գիրքը լոյս աշխարհ բերել:
Ապա խօսք առաւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան` փոխանցելով հետաքրքրական որոշ տեղեկութիւններ «Նեմեսիս»-ի եւ անոր դերակատարներուն հետ կապուած: Խօսեցաւ անոնց մարդու տեսակին, տարած աշխատանքին եւ յետգործունէութեան իրենց վարած կեանքին մասին: Ապա ողջունեց աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց «Կոմիտաս» հիմնարկին ու հեղինակին: Յիշենք, որ Փամպուքեան եւս իր ներդրումը ունէր այս աշխատանքի կատարելագործման մէջ:
Սփիւռքահայ Բանաստեղծ Նիկողայոս Սարաֆեանի
Ծննդեան 120-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Համագործակցութեամբ Համազգայինի «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին եւ «Ազդակ» օրաթերթին, հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ բանաստեղծ Նիկողայոս Սարաֆեանի ծննդեան 120-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Համազգայինի «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղի ատենապետ Ժագ Յակոբեան իր արտասանած բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ կը խօսուի հայոց լեզուի արեւմտահայ ճիւղի նահանջին մասին, ակնարկութիւններ կը կատարուին անոր` մեռնող լեզուներու ճամբուն վրայ գտնուելու երեւոյթին, տարուէ-տարի աւելի կը նուազի արեւմտահայերէնով գեղարուեստական գրականութիւն մշակողներուն թիւը, մեր սփիւռքեան կրթական համակարգին մէջ եւ ընդհանրապէս հետզհետէ աւելի եւս կը զգացուին այս նահանջին աւերները: Յակոբեան յայտնեց, որ սոյն հանդիսութեան ընթացքին պիտի խօսուի արուեստի, մշակոյթի, իրաւ գրականութեան մասին, գեղեցիկին մասին, որոնք կը չէզոքացնեն քաղաքականութեան առթած ժխտական մթնոլորտը` մեր հաւաքական կեանքին մէջ, նաեւ կը վերանորոգեն ազգի ոգին: «Նահանջի մթնոլորտը կրնանք կասեցնել այն ժամանակ միայն, երբ կը վերակենդանացնենք մեր մշակութային եւ գրական արժէքները, երբ այդ արժէքները կը վերակերտենք մեր գիտակցութեան մէջ», հաստատեց Ժաք Յակոբեան` շեշտելով, որ մենք կրնանք վերակերտել, վերակենդանացնել հոգեւոր, մտաւոր, մշակութային մեր բնօրրանը մեր հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ:
Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Տաւիղ» կիթառահարներու համոյթը` գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Մկրտիչ Միքայէլեանի առաջնորդութեամբ:
Օրուան բանախօս դոկտ. Արթուր Անդրանիկեան նկատել տուաւ, որ Նիկողայոս Սարաֆեանի նուիրուած իր հատորը արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութենէն իր աշխատասիրութիւններէն հրատարակած 55-րդ հատորն է: Ան ըսաւ, որ այս նիւթով սկսած է հետաքրքրուիլ 1992 թուականէն, եւ մատենաշարին այս հատորը շարքին 10-րդն է ու պիտի ունենայ շարունակութիւն: Ան յայտնեց, թէ ինք նկատի ունի այն գրողները, որոնք Հայաստանի մէջ են, եւ թէ իր հատորները, յառաջաբանները, վերջաբանները եւ ծանօթագրութիւնները բնագրային ուղղագրութեամբ կը հրատարակէ: «Ես ինքզինքս շատոնց հռչակած եմ արեւմտահայերէնի ջերմ պաշտպանը եւ խորապէս համոզուած եմ, որ սահման մը կայ, եւ արեւմտահայերէնը նոյնպէս ազգային սահման է, որ կը կարօտի պաշտպանութեան, ինչպէս հայաստանեան բոլոր սահմանները», հաստատեց բանախօսը: Անդրանիկեան յատկանշական համարեց, որ այս մեծ բանաստեղծին յոբելեանը կը նշուի Պէյրութի մէջ` բացատրելով, որ Սարաֆեանի մահէն մէկ տարի առաջ հատորը հրատարակուած է Պէյրութի մէջ, յետ մահու առաջին հատորը` Յարութիւն Քիւրքճեանի յետ գրութիւն վերջաբանով, դարձեալ հրատարակուած է Անթիլիաս, Պէյրութ 1980 թուականին, իսկ ինք 1994 թուականէն սկսեալ հրատարակած է շարք մը ժողովածուներ Նիկողայոս Սարաֆեանէն:
Ապա ան խօսեցաւ Նիկողայոս Սարաֆեանի կենսագրական հիմնական գիծերուն մասին, որոնք իրենց դրոշմը ձգած են անոր գրականութեան վրայ` դիտել տալով, որ Սարաֆեանի բանաստեղծութեան կենսաիմաստասիրութիւնը այն է, որ ան ճանչցած է սփիւռքը իր իրողութիւններով: Սարաֆեան պատահականօրէն «Միջերկրական» չէ վերնագրած իր վերջին հատորը: Բանախօսին համաձայն, միջերկրայնութեան խնդիր կը շօշափէ, նաեւ` լայնատարած Միջերկրական ծովը բնականաբար: Սարաֆեանի լման կեանքը անցած է Միջերկրականի, միջերկրայինի, Հայաստանի եւ սփիւռքի միացեալ կազմաւորումի, ոգեփնտռումի ներքոյ: Ան դէմ եղած է արտագաղթի: Սարաֆեան բնական կրթութիւն չէ ստացած, եղած է հայ գրականութեան փառքի տիտաններէն Յակոբ Օշականի աշակերտը Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ, նաեւ աշակերտած է հայ բանաստեղծութեան հնչեակի իշխան` Վահան Թէքէեանի: Ամբողջ կեանքը աշխատած է ֆրանսական տպարաններէն մէկուն մէջ` իբրեւ գրաշար: Սարաֆեան տարբերակներ բերած է ազգ-քաղաքակրթութեան միջեւ, որովհետեւ քաղաքակրթութիւնը ազգին հիմն է, եւ Նիկողայոս Սարաֆեան կ՛ուզէր հիմնովին փոխել հայու մտածողական քաղաքականութիւնը:
Յայտնենք, որ դասախօսութեան ընկերացաւ տեսանիւթի ցուցադրութիւն, որուն մէջ ասմունքող Այտա Ասատուրեան ներկայացուց Նիկողոս Սարաֆեանի եւ Նշան Պեշիկթաշլեանի գործերէն:
Կազմակերպութեամբ ՋԱՀ Յանձնախումբի Եւ
«Ազդակ»-ի «Ջաւախքը Այսօր» Նիւթով Լսարան
Երկուշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2022-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին եւ «Ազդակ» օրաթերթին կազմակերպութեամբ, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ջաւախքը այսօր» խորագիրով լսարանը, որուն զեկուցաբերն էր ՀՕՄ-ի Ջաւախք հիմնադրամի ներկայացուցիչ Իվան Արտհալճեան:
Լսարանին բացումը կատարեց ՋԱՀ-ի անդամ Ծովիկ Գալեմքէրեան:
Ապա խօսք առաւ ՀՕՄ-ի «Ջաւախք հիմնադրամ»-ի ներկայացուցիչ Իվան Արտալճեան, որ նշեց, թէ օրուան հիմնական պատգամը այն է, որ եթէ պիտի պահենք Ջաւախքը, Հայաստանը եւ Արցախը, հայը պէտք է հողին վրայ մնայ, իսկ եթէ այնտեղ ներկայութիւն չըլլանք, այդ տարածքները պատմութիւն կը դառնան:
Ջաւախքի տնտեսական-ընկերային պայմաններուն անդրադառնալով` Արտալճեան ըսաւ, որ պատկերը այնքան փայլուն չէ. ներդրումները քիչ են եւ կը կազմեն երկրին մէջ կատարուող ներդրումներուն միայն 4 տոկոսը: Ան դիտել տուաւ, որ վրացական այլ մարզեր եւս նոյն դժուար տնտեսական պայմանները կը դիմագրաւեն:
Արտալճեան խոչընդոտ համարեց ջաւախահայութեան միայն հայոց լեզուի իմացութիւնը, բացատրեց, որ դպրոցներուն մէջ գրեթէ բոլոր նիւթերը հայերէնով կը դասաւանդուին, մանրամասնելով, որ վերջին 5 տարիներուն Վրաստանի կառավարութիւնը պարտադրած է, որ տնօրէնները եւ ուսուցիչները վկայագիր ունենան, եւ ատոր համար պէտք էր վրացերէն իմանալ, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ շատերը գործէ արձակուին:
Ան յայտնեց, որ ՀՕՄ-ը վերջին տարիներուն կը քաջալերէ վրացերէնի իմացութիւնը, քանի որ հայերուն առիթ կ՛ընծայէ աշխատանք գտնել պետական կառոյցներու մէջ: Արդէն իսկ կրթական ծրագիրները փոխուած են, եւ վրացերէնը այժմ մաս կը կազմէ անոնց:
Ինչ կը վերաբերի ժողովրդագրական տուեալներուն, բանախօսը տեղեկացուց, որ վերջին 25 տարուան ընթացքին ջաւախահայութիւնը 60 տոկոսով արտագաղթած է կլիմայական եւ անգործութեան պատճառներով, ինչ որ մտահոգիչ թիւ է եւ կրնայ ազդել ապագային հայերու ֆիզիքական ներկայութիւնը այդ շրջանին մէջ ապահովելու համար: Ըստ բանախօսին, երիտասարդներու արտագաղթը` Հայաստան եւ Ռուսիա, այժմ քիչ մը նուազած է վրացերէնի իմացութեան շնորհիւ, նշելով, որ անոնք այժմ Թիֆլիս կ՛երթան ուսանելու եւ չեն լքեր երկիրը, եւ ասիկա հնարաւորութիւն կը ստեղծէ, որ այդ ուսանողը կրկին ներգրաւուի Ջաւախքի շրջանին մէջ:
Արտալճեան նշեց, որ խորհրդարանին մէջ կայ 2 հայ պատգամաւոր, կայ մէկ հայ քաղաքապետ եւ տարբեր շրջաններու մէջ` աւագանիի հայ անդամներ: Հայերու քաղաքական ներկայութիւնը բաւական սահմանափակ է, եւ ատիկա բարդութիւններ կը ստեղծէ հայերուն իրաւունքները պաշտպանելու տեսակէտով:
Բանախօսը ընդգծեց, որ ՀՕՄ-ի հիմնական նպատակը հայը Ջաւախքի մէջ պահելն է, միութիւնը իր աշխատանքները կը տանի թափանցիկ, օրինական ձեւով եւ ջանք կը թափէ խուսափիլ որեէ լարուածութենէ` տեղեկացնելով, որ ՀՕՄ-ը ունի երեք կեդրոններ` Ախալքալաքի, Նինոծմինտայի, Ախալցխայի մէջ, ուր կան աշակերտներ, եւ կը գործեն տարբեր ծրագիրներ, ինչպէս` երգ, պատմութիւն, լեզուներու ուսուցում` հայերէն, վրացերէն, անգլերէն, համակարգչային հմտութիւններ («Թումօ» կեդրոնի հետ համագործակցութեամբ) եւ գորգագործութիւն: Ախալքալաքի մէջ արդէն իսկ սկսած է գործել Թումոյի դասարանը, եւ շուտով Ախալցխայի մէջ նոր կառուցուղ կեդրոնին մէջ նաեւ պիտի գործէ Թումոյի դասարանը: Անդրադառնալով ապագայ ծրագիրներուն` Արտալճեան նշեց, որ Նինոծմինտայի մէջ ՀՕՄ-ը ունի գորգագործութեան ծրագիր, որ պիտի ըլլայ այլ կազմակերպութեան մը հետ, եւ ատիկա կիներուն գործի առիթ պիտի ստեղծէ: Ան նաեւ անդրարձաւ հայկական կարգ մը գաղութներու կողմէ հովանաւորուած ծրագիրներուն:
Զեկոյցի աւարտին Արտալճեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Սարգիս Զէյթլեանի Կիսանդրին`
«Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ
Քանատաբնակ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ժիւլիէթ Ճանպազեանները սեպտեմբերի սկիզբը այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տնօրէնութեան յանձնեցին Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրին:
Հայ մամուլի հետ անքակտելիօրէն կապուած է Սարգիս Զէյթլեան հրապարակագիրին անունը, որ մեծ հմտութեամբ վարած է «Յուսաբեր»-ի, «Ազդակ»-ի եւ ապա «Ազդակ» շաբաթօրեակ «Դրօշակ»-ի խմբագիրի պաշտօնները:
Յակոբ Ճանպազեան քանդակագործութեան մարզին մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է Արամ Մանուկեանի, Լեւոն Շանթի, Կոմիտասի, ինչպէս նաեւ հայկական խաչքարերու ստեղագործութիւններով, որոնք թէ՛ հայրենիքի, եւ թէ Քանատայի մէջ տեղադրուած են պետական ու հասարակական կեդրոններու մէջ:
Կուսակցական ղեկավար, հասարակական գործիչ եւ հայ մամուլի ու հրապարակագրութեան մէջ անվիճելի հեղինակութիւն եղած Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրին իր արժանի եւ մնայուն տեղի պիտի գտնէ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ:
(Շար. 1)