Կա՛մ, ուրեմն` կա՛մ:
Չկամ, ուրեմն` չկա՞մ:
Կամ կամ չկամ` յաւիտենութեան մէջ ԿԱ՛Մ:
Կա՛նք, բոլորս ԿԱ՛ՆՔ:
Կա՛նք` հոս կեանքով:
Կա՛նք հոն` երանաւէտ անանց կեանքին համար…
Ա՛յս ըլլալ-չըլլալով կ՛անցնի մեր կեանքը.
կա՛նք կամ չկա՛նք` որու հոգը,
քանի կա՛յ կեանքը հոս եւ հոն`
ինձմով, քեզմով, բոլորով,
երէկ, այսօր եւ վաղը…
Կա՛մ, կա՛նք եւ կեա՛նք`
եռոտանի խորհո՞ւրդ,
տարեվերջի բարբանջա՞նք,
խոտորեալ մտորո՞ւմ,
ընտրեալ ժողովո՞ւրդ,
բեկեալ բեկորնե՞ր,
լաց եւ ծիծա՞ղ,
մագլցում եւ անկո՞ւմ,
մեղք եւ ներո՞ւմ,
եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր…
Ո՞վ կրնայ, թող սահմանէ:
Ես մէկ բան գիտեմ եւ մի՛շտ պիտի ըսեմ.
«ՄԱՐԴԿՕՐԷՆ ԿԱ՛Մ ու ԿԱ՛ՆՔ` ԿԵՆՍԱՍԷՐ»:
31 դեկտեմբեր 2022



