Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. Աշխարհի Ամենավատ Յիշողութիւն Ունեցող 10 Անասունները

December 20, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Անասուններու յիշողութիւնը կը տարբերի ըստ անոնց տեսակներուն: Այնուամենայնիւ, միայն շատ քիչ թիւով անասուններ լաւ արդիւնքներ կ՛ունենան կարճաժամկէտ յիշողութեան իրենց քննութեան առումով:

Անասուններու կարճաժամկէտ յիշողութեան մէջ ամէն ինչ կարելի է պահել, բայց այդ մէկը արագ կը մոռցուի: Անասուններն ունին նաեւ մասնագիտացուած յիշողութիւններու լայն շրջանակ: Անոնք կրնան յիշել միայն որոշակի տեսակի գիտելիք, բայց` պահել զայն շատ երկար ժամանակ: Ստորեւ ներկայացուած աշխարհի ամենավատ յիշողութիւն ունեցող 10 անասուններուն պարագան այդպէս չէ:

  1. Շեմփանզէները

Շեմփանզէները մեծ մարդակապիկներ են, որոնց կարելի է հանդիպիլ կեդրոնական եւ արեւմտեան Ափրիկէի մէջ: Անոնց եւ պապուններուն (Baboon) Տի. Էն. Էյ.-ները նման են մեր Տի. Էն. Էյ.-ի 98,7 տոկոսին. բան մը, որ զիրենք կը դարձնէ մեր ամենամօտ ապրող ազգականը: Մարդն ու շեմփանզէն թերեւս նոյն նախնիքը ունեցած են եօթէն տասներեք միլիոն տարի առաջ:

Խոցելի յիշողութիւն ունեցող արարածներու այս ցանկին մէջ շեմփանզէն տեսնելը կրնայ զարմացնել շատերը: Մենք շեմփանզէները կը նկատենք մոլորակի ամենախելացի արարածներէն մէկը, եթէ ոչ ամենախելացին, գոնէ` լաւագոյններէն մէկը:

Անոնք ի վիճակի են լուծելու բազմաթիւ բարդ խնդիրներ: Շեմփանզէներու ուղեղի այն հատուածը, որ պատասխանատու է սորվելու եւ զարգացման, երբեք չի դադրիր աճելէ, ահա թէ ինչո՛ւ անոնք այդքան փայլուն են, եւ այս մէկը յար ու նման է մարդոց պարագային:

Շեմփանզէները մեր ամենամօտ կենդանի ազգականներն են, որոնք կը կիսեն մեր քրոմոսոմներուն 98 տոկոսը: Բայց ինչո՞ւ շեմփանզէն այդքան մեծ ուղեղ, բայց թոյլ ու կարճատեւ յիշողութիւն ունի:

Ըստ Նեշընըլ Ժէոկրաֆիք-ի, շեմփանզէները կը մոռնան իրենց փորձառութիւնը 20 երկվայրկեանէն: Որովհետեւ անոնք մեր ամենամօտ նախնիներն են, անոնց գտածոները զարմացուցած են կենսաբանները:

Կ՛ենթադրուի, որ մարդը իր յիշելու կարողութիւնը զարգացուցած է իր նախնիներէն բաժնուելէ բաւական ժամանակ անց:

Յիշեցնենք, որ կարճաժամկէտ յիշողութիւնը կը տարբերի երկարաժամկէտէն, եւ եթէ անասունին համար տեղեկատուութիւն մը կարեւոր չէ, կը մոռցուի 20 երկվայրկեան անց: Եւ այս մէկը պատճառ կը հանդիսանայ, որ շեմփանզէները տեղ գրաւեն աշխարհի ամենավատ յիշողություն ունեցող անասուններուն ցանկին մէջ:

  1. Մեղուները (Bees)

Մեղուները թեւերով միջատներ են. բացի բեղմնափոշի փոխադրելէն` անոնք նաեւ ծանօթ են իրենց մեղրի արտադրութեամբ: Մեղուները ունին եօթը տարբեր ընտանիքներու դասակարգեր, որոնց մէջ կան մօտ 16.000-էն աւելի տեսակներ ամբողջ աշխարհին մէջ:

Նեկտարը եւ բեղմնափոշին մեղուներու համար ներուժի հիմնական աղբիւրներն են: Բեղմնափոշին յատկապէս մեղուներուն համար սպիտակուցի եւ այլ սննդանիւթերու հիմնական աղբիւրն է:

Անոնց թրթուրներուն համար բեղմնափոշիի մեծ մասը սնուցման աղբիւր կ՛ապահովէ: Միջատներու գիշատիչները, ինչպիսիք են գայլամեղուները (beewolf) եւ վիշապաճանճերը (dragonfly), ինչպէս նաեւ` կարգ մը թռչուններ,  կ՛որսան մեղուները: Մեղուներու կարճաժամկէտ յիշողութիւնը բաւական տկար է` հակառակ անոնց զարմանալի ունակութիւններուն:

Շեմփանզէներու հետ կատարուած բաղդատական հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ մեղուները ամենավատ յիշողութիւնը ունին: Յիշելու իրենց տեւողութիւնը ընդամէնը 2,5 երկվայրկեան է:

  1. Պապունները (Baboons)

Պապուններուն մեծամասնութիւնը կ՛ապրի գետինը եւ կ՛ուտէ տարբեր կերակուրներ, ինչպիսիք են` պտուղները, արմատները, կոճղերը եւ այլ միջատները: Հինգէն մինչեւ 200 կամ աւելի պապուն կարելի է գտնել անոնց մէկ խումբին մէջ, որ ընդհանրապէս կազմուած կ՛ըլլայ էգերէ ու երեխաներէ եւ քանի մը «անցողակի» արուներէ:

Սեռական հասունացման շրջանին արու պապունները կը հեռանան իրենց ծննդեան խումբէն: Ի հակադրութիւն` էգերը կը մնան իրենց ծննդեան խումբին հետ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին: Անոնք սովորաբար կ՛ապրին 20-30 տարի, բայց կրնան նոյնիսկ գոյատեւել մինչեւ 40 տարի:

Պապունները մեծապէս խելացի կապիկներ են, որոնք արժէքաւոր կը նկատեն իրենց յարաբերութիւնը իրենց ընտանիքին հետ, բայց ունին վատ յիշողութիւն: Կենսաբանները պարզած են, որ պապունները կրնան տրամաբանօրէն հասկնալ բառ ու լեզու:

  1. Համսթըրները (Արջամուկ) (Hamsters)

Վերջին տարիներուն համսթըրները որպէս ընտանի կենդանի ունեցողներուն թիւը մեծապէս աճած է: Համսթըրները իսկապէս մոռացկոտ են: Անոնց տէրերը կ՛ըսեն, որ անոնք կը մոռնան իրենց կատարելիքը` տակաւին զայն ըրած ընթացքին:

Համսթըրները ծանօթ են սնունդի կուտակման իրենց պահուածքով: Անոնք սնունդը կը տեղափոխեն իրենց ստորին որջերը` այտերու մեծ տոպրակներուն մէջ: Երբ անոնց այտերը լեցուած կ՛ըլլան, կը թուի անոնց գլուխները  աճած են երկու կամ երեք անգամ:

Համսթըրները ձմրան նախապատրաստուելով` իրենց ամառային ծանրութիւնը կը կորսնցնեն: Այն համսթըրները, որոնք կը պահուին որպէս ընտանի անասուններ, նոյնպէս կրնան ունենալ այս կողմնակի ազդեցութիւնը, եւ այդ մէկը կախում ունի իրենց վարած վարժութիւններէն:

Համսթըրի կարճաժամկէտ յիշողութիւնը կը նկատուի ոչ աւելի, քան երեք երկվայրկեան: Ահա թէ ինչո՛ւ այս տնային անասունները յայտնուած են աշխարհի ամենավատ յիշողութիւն ունեցող 10 անասուններու ցանկին վրայ: Ինչ կը վերաբերի համսթըրներու բանականութեան, ապա այդ մէկը պարզելու համար շատ հետազօտութիւններ չեն կատարուած: Այնուամենայնիւ, կան որոշակի կրծողներ, որոնք կրնան ճանչնալ ձեզ եւ նոյնիսկ հակազդել, երբ անուն տրուի, եթէ անոնց երկար ժամանակ վարժեցնէք:

  1. Փոկերը (Seals)

Որովհետեւ անոնք երկար ժամանակ կ՛անցընեն ջուրին մէջ, փոկերը ունին երկկենցաղ ապրելակերպ: Փոկերը ջուրէն կը հեռանան միայն բազմանալու, ձագեր ծնելու, հին մաշկը թափելու, հանգստանալու, մարմնի ջերմաստիճանը կարգաւորելու կամ ջուրի մէջի գիշատիչներէն փախչելու համար:

Իբրեւ արձագանգ շրջակայ միջավայրի ծայրայեղ պայմաններուն, ինչպիսիք են սառոյցէ ծածկոյթի փոփոխութիւնները, պարզ է, որ շարք մը կենդանիներ կը տեղափոխուին եւ կ՛երթան հեռաւոր տեղեր:

Պաղ ջուրերուն մէջ իրենք զիրենք տաք պահելու համար փոկերը իրենց մաշկին տակ ունին ճարպի շերտ մը, որ կը կոչուի blubber: Իրենց ջրակայուն մորթին առկայութիւնը կը դիւրացնէ ալիքներուն մէջ երթեւեկելը: Փոկերուն դէմքին մազերը կ՛օգնեն իրենց մութ ու պղտոր ջուրերուն մէջ որսը յայտնաբերելու: Ընդհանուր առմամբ, փոկերը կ՛ապրին 25-30 տարի: Էգերը հակուած են աւելի երկար ապրելու:

Փոկերը անասուններու ամենախելացի տեսակներէն են: Անոնք կրնան հասկնալ բառերն ու հրամանները, ինչպէս նաեւ` նշաններն ու մարդկային ծիծաղը, բայց դժբախտաբար անոնք վատ յիշողութիւն ունին:

  1. Ընձուղտները (Giraffes)

Աշխարհի ամենաերկար կաթնասունն է ընձուղտը իր երկար վիզին եւ ոտքերուն պատճառով: Նոյնիսկ ընձուղտին ոտքերը աւելի բարձր են, քան շատերունը, որովհետեւ անոնք կանգնած կ՛ըլլան գրեթէ 6 ոտնաչափ բարձրութեան վրայ:

Իրենց երկար ոտքերուն պատճառով ընձուղտները կրնան վազել մինչեւ 35 մղոն/ժ արագութեամբ կարճ հեռաւորութիւններու վրայ եւ 10 մղոն/ժ արագութեամբ աւելի երկար հեռաւորութիւններու վրայ: Այս անասունները սովորաբար կը ճանապարհորդեն մօտաւորապէս վեց կամ եօթը հոգինոց պզտիկ խումբերով, լայն ու խոտածածկ տարածքներու վրայ:

Ընձուղտները կրնան կռուիլ` իրենց երկար վիզով ու գլուխով զիրար հարուածելով: Շատ մը պարագաներու, մրցոյթները խաղաղ աւարտ կ՛ունենան, երբ կենդանիներէն մէկը յանձնուի եւ հեռանայ:

Անոնք կարծէք իսկապէս խելացի արարածներ են: Սակայն անոնց կարճաժամկէտ յիշողութիւնը կը տեւէ ընդամէնը քանի մը երկվայրկեան: Ընձուղտին կարճատեւ յիշողութիւնը նոյնիսկ բաւարար չէ յիշելու երկվայրկեաններ առաջ իր ըրածը:

  1. Յամրուկները (Sloths)

Դանդաղ, մեթոտական շարժումներն են, որ յամրուկին կու տան այս անունը: Այդպէս է նաեւ պարագան այլ լեզուներով, օրինակ` ֆրանսերէնով paresseux, անգլերէնով sloth, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «ծուլութիւն»:

Դանդաղութիւնը թոյլ կու տայ անոնց սնանիլ տերեւներով, որոնք քիչ ջերմուժ կը պարունակեն, եւ այդ մէկը զիրենք կը պահէ գիշատիչ բազէներէ, ինչպէս նաեւ` տեսողութեամբ որսացող կատուներէ: Հակառակ քալելու իրենց անկարողութեան` յամրուկները կրնան լողալ:

Զարմանալի չէ, որ յամրուկները հիանալի յիշողութիւն մը չունին: Այս Էյճ ժապաւէնին մէջ Սիտ յամրուկը պէտք էր լաւ պատկերացում տար, թէ որքա՛ն միամիտ են այս կենդանիները:

Հազուադէպ չէ, որ անոնք ունենան այնպիսի վատ տեսողական յիշողութիւն, որ իրենց ձեռքերը շփոթեն ծառի ճիւղերուն հետ, մէկ ձեռքով կը բռնեն միւսը, կ՛իյնան ծառէն ու կը սատկին: Աւելի վատը, որ կարճաժամկէտ յիշողութիւնը եւ մոռացկոտութիւնը այս արարածին հիմնական մարտահրաւէրներն են: Զարմանալի չէ, որ յամրուկը աշխարհի ամենավատ յիշողութիւն ունեցող 10 կենդանիներու կարգին է:

  1. Հնդկահաւերը

Հնդկահաւը ընդհանուր տոհմ ունի ցախաքլորներու (grouse), փասիաններու (pheasant) եւ այլ թռչուններու հետ, որոնք կարելի էր գտնել նոյնիսկ աւելի քան 20 միլիոն տարի առաջ` Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:

Նորածին հնդկահաւերը ամբողջ տարուան ընթացքին կը մնան մօր մօտ: Հակառակ անոր որ վայրի հնդկահաւերը կը նախընտրեն բնակիլ ծառերու վրայ, մայրը, սակայն, կը պահէ իր ձագերը գետնի մակարդակի վրայ, որպէսզի պաշտպանէ զանոնք գիշատիչներէ` մինչեւ անոնց չափահաս դառնալը:

Հակառակ անոնց մեծ արագութեան` վայրի հնդկահաւերը կրնան թռչիլ միայն ցած բարձրութեան վրայ, նախքան անոնց կրկին գետին իջնելը: Միւս կողմէ` ընտանի հնդկահաւերու մեծ մասը ի վիճակի չէ թռչելու, որովհետեւ անոնք բուծուած են այնպէս, որ շատ աւելի մեծ ըլլան, քան` վայրի բնութեան իրենց վիճակին մէջ:

Հնդկահաւերը ընդհանրապէս բանականութիւն չունին, եւ կը թուի, թէ անոնք նաեւ խնդիր ունին յիշողութեան հետ, որ ամենավատերէն մէկն է:

  1. Ջայլամները

Ջայլամը մեծ, չթռչող թռչնազգի է, որ յայտնաբերուած է բացառապէս Ափրիկէի մէջ: Արուները հիմնականապէս սեւ են` թեւերուն եւ պոչերուն վրայ սպիտակ փետուրներով օժտուած, մինչդեռ էգերը ընդհանրապէս շագանակագոյն են: Կարմրաւուն եւ կապտաւուն գոյներով պատուած է իրենց գլխուն եւ վիզին մեծ մասը: Ոտքերը, յատկապէս` մկանոտ ազդրները, մերկ են: Գլուխը փոքր է, կտուցը` կարճ ու լայն, իսկ մեծ շագանակագոյն աչքերը շրջանակուած են խիտ ու սեւ թարթիչներով:

Իրականութիւնը այն է, որ ջայլամները չեն կրնար յիշել, թէ որքա՛ն յիմար են: Անոնց ընդամէնը 10 երկվայրկեան տեւողութեամբ կարճաժամկէտ յիշողութիւնը կը նշանակէ, որ անոնք կրնան որեւէ մէկ բանի հետեւիլ, նոյնիսկ` առանց գիտնալու, թէ ինչո՛ւ:

Անոնց լայնածաւալ աչքերը եւ յիմար տեսք ունեցող գլուխները միայն կը ծառայեն ամրապնդելու ընդհանուր այն համոզմունքը, որ այս կենդանիները գոնէ խելացի չեն:

  1. Օձերը

Օձերուն մեծ մասը շատ վատ յիշողութիւն ունի կամ ընդհանրապէս չունի: Սա կրնայ անակնկալ ըլլալ շատերուն համար` հաշուի առնելով առատութիւնը օձերու սարսափելի այն պատկերներուն, զորս մենք տեսած ենք ժապաւէններու մէջ տարիներու ընթացքին: Որովհետեւ անոնք կրնան չյիշել մանրամասնութիւններ, հաւանական է, որ անոնց ուղեղը կառուցուած չէ զգացմունքային կապեր հաստատելու իրենց դէմ յանդիման գտնուած իրադարձութիւններուն հետ:

Որովհետեւ անոնք կրնան սորվիլ տարբերել գիշատիչի եւ որսի միջեւ, ընտանի օձերը կրնան տեղեակ ըլլալ կամ չըլլալ ձեր գոյութենէն:

Այն անասուններն ու իրերը, որոնց անոնք նախապէս հանդիպած են, ունին բոյրեր, զորս անոնք կրնան ճանչնալ եւ յիշել, բայց անոնց հետ կապուած յիշողութիւններ չունին: Նոյնիսկ եթէ անոնք չեն կրնար յիշել, թէ ինչո՛ւ պէտք է որեւէ մէկ բան ընեն, օձերուն մեծ մասը բնածին զգացողութիւն մը ունի, որ կ՛ըսէ, թէ իրենց ըրածը ճիշդն է:

Հակառակ տարածուած այն կարծիքին` օձերը ընտանի անասուններ ըլլալու ատակ չեն եւ նոյնիսկ չեն կրնար ճանչնալ իրենց տէրերը: Անոնք նաեւ հնարաւորութիւն չունին մարդոց հետ յարաբերութիւններ ստեղծելու:

Աղբիւր`
Animals around the globe

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 19 Դեկտեմբեր 2022)

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Խմբապետութեան Եւ Միջմասնաճիւղերու Սկաուտական Խորհուրդներու Դիւաններու Աշխատաժողովներ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.