Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. 26 Տարեկան Ֆլոսի` Աշխարհի Ամէնէն Տարիքոտ Կատուն

Դեկտեմբեր 17, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 

Գրեթէ 27 տարեկան Ֆլոսի չի նմանիր ուրիշ կատուներու: Ան աշխարհի տակաւին կենդանի ամէնէն տարիքոտ կատուի տիտղոսին արժանացած է: Երկար կեանք մը, որուն ընթացքին ան ունեցած է չորս տարբեր տէրեր:

* * *

Անոր 26 տարիները կը համապատասխանեն մարդկային 120 տարիներու: Ֆլոսի` անգլիացի կատուն, 24 նոյեմբերին կ՛արձանագրէր մրցանիշ, երբ ան հասաւ 26 տարեկան եւ 329 օր տարիքին: Այդ օրը ան պաշտօնապէս արձանագրուեցաւ մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ` իբրեւ կենդանի աշխարհի ամէնէն տարիքոտ կատուն:

Մօտ օրէն 27 տարեկան այս սրճագոյն եւ սեւ էգ կատուն կը ներկայացուի իբրեւ առողջ` հակառակ իր խուլութեան եւ տկար տեսողութեան: Շատ մրցանիշներու «Կինես» գիրքին, Ֆլոսին ունի մեղմ բնաւորութիւն եւ շատ կը սիրէ փաղաքշանքներն ու ուտելիքը: Եւ հակառակ իր մեծ տարիքին` վերջին հաշուով ան ուրիշ կատուներու նման կատու մըն է…

* * *

Իր երկար կեանքին ընթացքին Ֆլոսի ունեցած է բազմաթիւ տէրեր: Երբ քանի մը ամսական էր, ան կ՛ապրէր փողոցը, հիւանդանոցի մը մօտ, ուրիշ կատուներու հետ: Ապա, 1995-ին զայն որդեգրեց հիւանդանոցի պաշտօնեաներէն մէկը: Այս ձեւով ան ապրեցաւ իր առաջին տիրոջ հետ 10 տարի` մինչեւ այս վերջինին մահը:

Ապա Ֆլոսի փոխադրուեցաւ պաշտօնեային քրոջ տունը: Այս վերջինը կատուով զբաղեցաւ 14 տարի, մինչեւ որ ան ալ իր կարգին մահացաւ: Ապա կատուն «կարճ» կեցութիւն մը ունեցաւ այս երկու անձերուն եղբօր մօտ: Սակայն իր տկար առողջութեան պատճառով այս երրորդ «տէրը» ստիպուեցաւ կատուն յանձնելու «Քաթզ փրոթեքսիոն» կազմակերպութեան, որ կը զբաղի դուրս մնացած կատուներով:

* * *

«Քաթզ փրոթեքսիոն» կազմակերպութեան կեդրոն այցելութեան մը ընթացքին է, որ Վիքի Կրին` Ֆլոսիի ներկայ տէրը, զայն կ՛որդեգրէ անցեալ օգոստոսին: Այդ ժամանակ ան չէր գիտեր, որ ծանօթացած է շատ յատուկ կատուի մը: Ան չէր երեւակայեր, որ իր տան մաս պիտի կազմէր մրցանիշ արձանագրող մը:

* * *

Ճիշդ է, որ Ֆլոսի աշխարհի ամէնէն տարիքոտ կենդանի կատուն է, սակայն ան տակաւին շատ հեռու է ամէնէն երկար ապրած կատուի տիտղոսէն: Այս մրցանիշը կը պատկանի Քրիմ Փաֆի` ամերիկացի կատու մը, որ ծնած է 1967-ին եւ մեռած` 2005-ին: Ան իր մահուան օրը աւելի քան 38 տարեկան էր:

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ…

– Բեւեռային արջերը կրնան առանց դադարի մինչեւ 161 քմ լողալ:

– Կաղանդ Պապային աշխարհի ամէնէն երկար նուէրներու ցանկը 3979 մեթր երկարութիւն ունէր:  Զայն գետինը փռելը պահանջեց 1 ժամ եւ 40 վայրկեան աշխատանք:

– Հարաւային Ափրիկէի կարգ մը շրջաններու մէջ սովորութիւն է Կաղանդին ուտել տապկուած որդեր:

– Ձիւնի իւրաքանչիւր փաթիլ ունի 6 կողմեր:

– 10 յունուար 1915-ին Պերլինի մէջ, Գերմանիա, 10 սանթիմեթր մեծութեամբ փաթիլներ տեղացած են:

– Գիտէի՞ր, թէ գոյութիւն ունի ձիւնէ փաթիլ կոչուած ձուկի տեսակ մը, որ երկու ծնօտներ ունի իր որսերը լաւ կարենալ բանելու համար:

– Ամերիկացի կին մը մրցանիշ մը արձանագրեց, երբ կրցաւ 27 Կաղանդի ծառ կտրել 2 վայրկեանի մէջ:

– Մարդիկ ընդհանրապէս նուազ ապրանք կը գնեն, երբ խանութի մը մէջ երաժշտութիւնը շատ բարձր է:

– Ձիւնը երբեմն կապոյտ կ՛երեւի:

– Եթէ դուն Կաղանդ պապային հետ իր սահնակին մէջ թռչէիր Կաղանդի գիշերը, պէտք է մէկ վայրկեանի մէջ 2060 քմ կէտեր, որպէսզի կարենայիր ժամանակին բոլոր նուէրները հասցնել:

– Չինաստանի Շիճիաօ շրջանին գործարանները կը վերամշակեն չծախուած Կաղանդի լոյսերը եւ անոնցմով մուճակներու ներբաններ կը շինեն:

– Քանատացի մը ունի յատուկ հաւաքածոյ մը, որ կազմուած է աւելի քան 25.000 Կաղանդ պապան ներկայացնող առարկաներէ:

– Գիտէի՞ր, թէ Միացեալ Նահանգներու Ճիորճիա նահանգին մէջ գոյութիւն ունի Սանթա Քլոզ կոչուած քաղաք մը, իսկ Միչիկընի մէջ` Քրիսմաս կոչուած քաղաք մը:

– Երկրագունդին մակերեսին 12 առ հարիւրը ծածկուած է յաւերժական ձիւնով եւ սառոյցով:

Ձեռային Աշխատանք

 Կաղանդի Պատրաստութիւն

Այս ձեռայիններուն համար պէտք պիտի ունենաս պարզապէս թուղթերու եւ ներկերու:

Ա – Թուղթէ փաթիլներ

Աշխատանքի սկզբունքը նոյնն է բոլոր փաթիլներուն համար. ճերմակ քառակուսի թուղթ մը:

Այդ քառակուսին պէտք է ծալել նախ երկուքի` եռանկիւն մը ստանալու համար: Ապա այդ եռանկիւնը դարձեալ պէտք է ծալել 2 անգամ, ինչպէս նշուած է նկարին վրայ, եւ վերջապէս կտրել վերի աւելորդ բաժինը:

Այս էջին մէջի օրինակներէն ներշնչուելով` գծէ փաթիլի տարբեր օրինակներ եւ կտրէ: Երբ ծալուած եռանկիւնը բանաս, պիտի ստանաս ձիւնի փաթիլ մը:

Բ – Տարբեր կերպարներ

Այս նոյն սկզբունքին հետեւելով, սակայն թուղթդ մէկ անգամ ծալելով քառանկիւն ձեւով, կրնաս տարբեր կերպարներ ստեղծել:

Ծալուած բաժինին վրայ գծէ ընտրած օրինակիդ կէսը եւ ապա զայն կտրէ: Երբ թուղթը բանաս, պիտի ստանաս լման պատկերը:

Գ – Կաղանդի ծառեր

Պատին, դրան կամ պատուհանին վրայ կախուող այս ծառերը կրնաս շինել ճերմակ թուղթերով եւ ապա գունաւոր ներկերով ներկել կամ զարդարել:

Այս պարագային պէտք ունիս կէս կլորի մը, որ կտրելէ ետք պիտի ծալես այնպէս, ինչպէս նկարին մէջ նշուած է:

Ժամանց

Կրնա՞ս օգնել ձիւնեմարդուն` գտնելու պաղպաղակին ճամբան:
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 98` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Նախորդը

Հանդիպում` ՀՅԴ Հայ Դատի Համաշխարհային Ցանցի Եւ Արցախի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Ցեղասպանութիւն Գործելու Ազրպէյճանական Ծրագիրը Թափ Կը Ստանայ

RelatedPosts

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է
Մանկապատանեկան

Ինչո՞ւ Մարտ 8-ը Կիներու Իրաւունքներու Միջազգային Օր Նշանակուած Է

Մարտ 11, 2023
Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը
Մանկապատանեկան

Ինչպէ՞ս Գիտնալ Երկրագունդին Կլիմային Պատմութիւնը

Մարտ 4, 2023
Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին
Մանկապատանեկան

Ձմեռնային Մարզաձեւերը Երբէ՞ն Ի Վեր Գոյութիւն Ունին

Փետրուար 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In