Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուն Անհիմն Կ՛որակէ Լաչինի Միջանցքը Փակելու Եւ Մարդասիրական Աղէտ Ստեղծելու Վերաբերեալ Երեւանի Մեղադրանքները

December 15, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուն անհիմն կ՛որակէ Լաչինի միջանցքը փակելու եւ մարդասիրական աղէտ ստեղծելու վերաբերեալ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մեղադրանքները եւ Երեւանէն կը պահանջէ «վերջ տալ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան դէմ յայտարարութիւններուն եւ գործողութիւններուն»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Հակադարձելով 13 դեկտեմբերին Երեւանի հրապարակած յայտարարութեան` Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէ, թէ Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման համար միջազգային մեքանիզմ ստեղծելու կոչերը անընդունելի են, որովհետեւ «Ազրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանին մէջ ապրող հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը Ազրպէյճանի ներքին գործն է»:

«Ղարաբաղը Ազրպէյճանի անքակտելի մասն է, եւ այնտեղ ապրող բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պիտի երաշխաւորուին Ազրպէյճանի օրէնքներով ու սահմանադրութեամբ», յայտարարած է Պաքու:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կտրուկ կերպով հերքած է այն մեղադրանքները, թէ Ազրպէյճան կապ ունի Հայաստանն ու Ղարաբաղը կապող միակ ճամբան փակելու հետ: Որեւէ տեղ չօգտագործելով «Լաչինի միջանցք» եզրը` ազրպէյճանական կողմը կը պնդէ. «Շուշի-Լաչին ճամբան փակուած է ոչ թէ ազրպէյճանցի ցուցարարներու, այլ` Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան կողմէ, որ ժամանակաւորապէս տեղակայուած է Ազրպէյճանի տարածքին մէջ»:

 

Նախորդը

«Պաքուն Կապ Չունի Կազի Մատակարարման Դադրեցման Հետ» Կ՛ըսէ «Ազերիկազ»-ը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքի Փակման Միջազգային Արձագանգներ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.