Ազրպէյճանական «Ազերիկազ» ընկերութիւնը կը յայտարարէ. «Պաքուն կապ չունի ռուս խաղաղապահներու կողմէ ժամանակաւորապէս վերահսկուող տարածքներուն մէջ կազի մատակարարման դադրեցման հետ»:
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով ընկերութեան յայտարարութիւնը, կը նշէ, որ հայկական մամուլին մէջ տարածուող տեղեկութիւնները, թէ Ազրպէյճան դադրեցուցած է կապոյտ վառելանիւթի մատակարարումը, «սադրիչ բնոյթ ունին»:
Ընդգծելով, որ այդ հատուածը ընդգրկուած չէ Ազրպէյճանի կազամատակարարման համակարգին մէջ, «Ազերիկազ»-ը միեւնոյն ժամանակ նշած է. «Ներկայիս Ազրպէյճանի այլ լեռնային եւ նախալեռնային շրջաններու մէջ ցուրտ եղանակային պայմաններու պատճառով կազի խողովակաշարերու շահագործման խափանումներ կ՛ըլլան»: