Եւրոպական Միութիւնը դեկտեմբերի սկիզբէն լուրջ մտահոգութեամբ կը հետեւի Լաչինի միջանցքին շուրջ տեղի ունեցող տարբեր զարգացումներուն: Այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` ապահովելու միջանցքի ճամբով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը` համաձայն 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան: Նման ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները զգալի մտահոգութիւն կը պատճառեն տեղւոյն բնակչութեան եւ մարդասիրական մտահոգութիւններ կը յառաջացնեն:
Այլ մտահոգութիւնները կրնան եւ պէտք է լուծուին առնչակից կողմերու հետ երկխօսութեան եւ խորհրդակցութիւններու միջոցով:
Եւրոպական Միութիւնը կը կրկնէ զսպուածութեան իր կոչը եւ պատրաստ է նպաստելու վերոնշեալ ջանքերուն:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Փիթըր Սթանօ իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ աւելցուցած է, որ Եւրոպական Միութեան մէջ մտահոգուած են նաեւ Ղարաբաղի կազամատակարարումը դադրեցնելու մասին հաղորդագրութիւններով:
Ուաշինկթըն. «Ազրպէյճանի Կառավարութեան
Կոչ Կ՛ուղղենք` Վերականգնելու
Լաչինի Միջանցքի Ճամբով Ազատ Տեղաշարժը»
Լաչինի միջանցքի փակումը լուրջ մարդասիրական հետեւանքներ ունի եւ խաղաղութեան հոլովոյթը ետ կը մղէ: «Թուիթըր»-ի վրայ այս մասին գրառում կատարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:
«Մենք Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` վերականգնելու միջանցքի ճամբով ազատ տեղաշարժը: Յառաջ երթալու ճամբան բանակցութիւններու միջոցով է», գրած է Փրայս:
«Ուժանիւթի ենթակառոյցի որեւէ խափանում կրնայ յանգեցնել մարդասիրական ճգնաժամի, յատկապէս ձմրան ամիսներուն: Եթէ ատիկա դիտումնաւոր է, ապա անընդունելի է թիրախաւորել Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութիւնը», աւելցուցած է ան:
Փարիզ. «Ֆրանսան Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ`
Առանց Նախապայմաններու Վերականգնելու
Լաչինի Ճամբով Երթեւեկը»
Ֆրանսան կոչ կ՛ուղղէ` առանց նախապայմաններու վերականգնելու Լաչինի միջանցքին ճամբով երթեւեկը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
«Ֆրանսան կոչ կ՛ուղղէ` առանց որեւէ նախապայմանի վերականգնելու Լաչինի միջանցքին ճամբով Լեռնային Ղարաբաղի մատակարարումը` յարգելով այնտեղի բնակչութեան իրաւունքները», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Փարիզ նաեւ կը յիշեցնէ «9 նոյեմբեր 2020-ին որդեգրուած կրակոցի դադրեցման մասին եռակողմ յայտարարութեան կէտերու պահպանման անհրաժեշտութիւնը»:
«Ազրպէյճան պարտաւորուած է երաշխաւորել Լաչինի միջանցքին ճամբով երկու ուղղութիւններով մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ ապրանքներու տեղաշարժի անվտանգութիւնը», նշուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն.
«Ազրպէյճան Փակած Է Ստեփանակերտ–Գորիս Ճամբան,
Բանակցութիւններ Տեղի Կ՛ունենան»
Ազրպէյճանական կողմը 12 դեկտեմբերին փակած է Ստեփանակերտ-Գորիս ճամբան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաստատէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ` վերականգնելու համար քաղաքային մեքենաներու անխոչընդոտ երթեւեկը:
Տեղեկագիրին մէջ ոչինչ նշուած է ազրպէյճանական կողմի պահանջներուն կամ բանակցութիւններու հաւանական արդիւնքներուն մասին:
Ամերիկացի Քոնկրեսականներ. «Ազրպէյճանցիներու Կողմէ
Լաչինի Միջանցքի Փակումը Համակարգուած Բնոյթ Կը Կրէ»
Ազրպէյճանցիներու կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումը համակարգուած բնոյթ կը կրէ եւ նպատակ ունի փակել Արցախի մատակարարման միակ ուղին: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Ճեքի Սայըր, Տէյվիտ Վալտաօ եւ Էտըմ Շիֆ:
«Մենք կը դատապարտենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած յարձակողական գործողութիւնները: Շատ մտահոգիչ է, որ ազրպէյճանցիներուն կ՛արտօնուի ազատ կերպով բողոքի ցոյց կատարել միայն այն ժամանակ, երբ ատիկա կը սպառնայ հայերու կեանքին: Անոնց կողմէ Լաչինի միջանցքի փակումը համակարգուած բնոյթ կը կրէ եւ նպատակ ունի փակել փոխադրամիջոցներու տեղաշարժը, դէպի Արցախ սնունդի, բժշկական պարագաներու եւ այլ կենսական նշանակութեան ապրանքներու մատակարարման միակ ուղին, ինչպէս նաեւ սահմանափակել Արցախի ժողովուրդի ազատ տեղաշարժը», նշուած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներու յայտարարութեան մէջ:
Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահները նաեւ անդրադարձած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի կազամատակարարման դադրեցման:
«Ըստ լրացուցիչ տեղեկութիւններու, Ազրպէյճանը նաեւ փակած է տարածքի բնակիչներուն համար բնական կազի մատակարարման գլխաւոր աղբիւրներէն մէկը` ջերմաստիճանի անկման պայմաններուն մէջ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ձգելով առանց ջեռուցման, ինչպէս ըրած էր այս տարուան մարտին: Ազրպէյճանի կողմէ այս կենսական նշանակութեան գիծերու փակումը կամ փակման սպառնալիքը անգամ մը եւս անոնց ձեռքին մէջ զէնք կը դարձնէ կարեւոր ենթակառոյցները եւ մարդասիրական ճգնաժամ կը ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն համար: Ասոր նախորդած է ոտնձգութիւններու շարքը հայ ժողովուրդին դէմ: Այդ ոտնձգութիւնները կը քաջալերուին Ալիեւի վարչակարգի ճոռոմ հռետորաբանութեամբ: Այդ ոտնձգութիւնները փաստագրուած են», նշած են քոնկրեսականները:
Անոնք նաեւ Միացեալ Նահանգներուն եւ անոնց եւրոպացի գործընկերներուն կոչ ուղղած են օգտագործելու իրենց տրամադրութեան տակ եղած դիւանագիտական բոլոր գործիքները` Ազրպէյճանի կողմէ ստեղծուած այս ճգնաժամը դադրեցնելու համար: Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահները նաեւ կոչ ուղղած են` Ալիեւը բերելու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ Մինսքի խմբակի ու խաղաղութեան այլ բազմակողմ հոլովոյթներու միջոցով եւ «ապահովելու Արցախի ժողովուրդի այդ քննարկումներուն մէջ ներգրաւուածութիւնը»: